ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»․- Հոլանտայի խորհրդարանը բանաձեւով է մը կոչ ուղղեց կառավարութեան, որ Եւրոպական Միութեան միջոցաւ ճնշում բանեցնէ Ատրպէյճանի վրայ եւ անկէ պահանջէ՝ անմիջապէս իր ուժերը հեռացնել Հայաստանի հողերէն, կը հաղորդէ Հոլանտայի մէջ Հայաստանի դեսպանատունը:
Բանաձեւը ընդունուեցաւ ձայներու գերակշիռ մեծամասնութեամբ:
«Խորհրդարանը, լսելով քննարկումները, արձանագրելով, որ Ատրպէյճանի զօրքերը ներխուժած են Հայաստանի սահմանէն ներս, նպատակ ունենալով կանխել հակամարտութեան հնարաւոր սրումը, կոչ կ՛ուղղէ կառավարութեան, որ ձայնը միացնէ անմիջապէս զօրքերը դուրս բերելու Ատրպէյճանին ուղղուած Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնի պահանջին», կ՛ըսուի բանաձեւին մէջ: