Հակառակ քաղաքական վերնախաւին ցուցաբերած անտարբերութեան,Լիբանան կ’ապրի վարչակարգի փոփոխութեան լուրջ տագնապ: Յաջորդաբար երկրորդ օրը ըլլալով, ներքին ապահովութեան ուժեր պատերազմի դաշտի վերածած են Ռիատ Սոլհի հրապարակը՝ կրակ բանալով, արցունքաբեր կազ օգտագործելով նուազագոյն իրաւունքներու պահանջով բողոքի ձայն բարձրացնող քաղաքացիներուն դէմ: Անկախութեան կերտիչներէն՝ Ռիատ Սոլհի հարազատ աչքերուն առջեւ ապահովութեան ուժեր կրակ բացին, բռնութիւն բանեցուցին փտածութեան եւ նեխած վարչակարգին հեռացումը պահանջող երիտասարդութեան դէմ…:
Վերնախաւը կը մոռնայ, թէ հացի յեղափոխութիւնը չի ճանչնար կուսակցական պատկանելիութիւն, համայնքային պատկանելիութիւն, փտածութիւն, կաշառք…: Ան կը նմանի, օրէ օր, ընդլայնող ձիւնագնդակի մը, որ ի վերջոյ, իր կամքը պիտի պարտադրէ երկրին բռնատէրերուն վրայ:
Լիբանան կ’ապրի վարչակարգի սուր տագնապ: Վերնախաւ մը, որ երկիրը մխրճած է աւելի քան 70 միլիառ տոլար պարտքերու տակ: Վերնախաւ՝ զբաղած սակարկութիւններու, առուծախի, կաշառքի եւ փտածութեան գործառքներով, ին՞չ բոյթ եթէ ժողովուրդը կը մնայ հացի կարօտ, զրկուած ընկերային եւ մարդկային նուազագոյն իրաւունքներէն, առանց ելեկտրականութեան եւ ջուրի, թաղուած աղբակոյտերու տակ…: Ին՞չ բոյթ,եթէ երիտասարդութիւնը կը գաղթէ, գործազրկութիւնը ընկերային աւերներ կը գործէ ամէնուրէք: Ին՞չ բոյթ, եթէ սղաճին դիմաց կ’անտեսուի համեստ օրապահիկով ապրող քաղաքացիներուն աշխատավարձին վերանայումը: Ին՞չ բոյթ, եթէ մեծ աղբանոցի վերածուած է Լիբանանը:
Եւ ինչպիսի հեգնանք, ի տես այս բոլորին, ինքզինք վերընտրած խորհրդարանին եւ անդամալոյծ կառավարութեան անդամներուն կարեւոր մէկ մասը կը գտնուի երկրէն դուրս՝ զբօսնելու: Իշխանութիւնը դարձած է վայրագութեան եւ բռնութեան խորհրդանիշ: Ո՞ր իշխանութեան մասին է խօսքը, երբ կառավարութիւնը լուծում չի կրնար գտնել աղբի տագնապին, որովհետեւ վարչապետին հաստատումով իսկ՝ աղբի տագնապը ունի քաղաքական բնոյթ: Քաղաքական որոշ կողմեր մեծղի գումարներ կ’ապահովեն աղբի գործառքներէն…: Ո՞ր իշխանութեան մասին է խօսքը, երբ փայտոջիլներու պահարանի մը վերածուած է անոր խորհրդարանը:
Այս բոլորէն ետք, տակաւին ապահովութեան ուժեր բրտութեան կը դիմեն քաղաքացիներու դէմ…
Ամօթ, հազար ամօթ: Հոտերնիդ ելաւ, հեռացէք այլեւս եւ խնայեցէք Լիբանանը:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ