«Լիբանանի հիմնական տագնապը քաղաքական, ապա ընկերային եւ տնտեսական է», ընդգծեց մարոնիներու Ռայի պատրիարքը երէկ, Նիկոսիոյ մէջ Ուղղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդարան կատարած իր այցելութեան ընթացքին: Պատրիարքը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը դիմաւորուեցան Կիպրոսի եկեղեցւոյ պետ Խրիսոսթոմոս Բ. արքեպիսկոպոսի կողմէ: Այս այցելութիւնը առիթ մը եղաւ քննարկելու Կիպրոսի մարոնիներու իրավիճակը եւ յատկապէս Կիպրոսի հիւսիսը, թրքական գրաւեալ բաժինին մէջ գտնուող մարոնի եւ ուղղափառ կառոյցներու եւ բնակչութեան իրավիճակն ու ցցուող մարտահրաւէրները: Ապա երկու հոգեւոր պետերը կղերականներուն հետ շրջեցան առաջնորդարանի զանազան բաժանմունքները: Այս առիթով անոնք յուշանուէրներ փոխանակեցին: Ռայի պատրիարքը նաեւ այցելեց Կիպրոսի կարգ մը մարոնիական կառոյցներ եւ մօտէն ծանօթացաւ շրջանին մէջ մարոնիներու իրավիճակին:
Հռոմի պապին Կիպրոս, ապա Յունաստան պատմական այցելութեան առիթով Կիպրոս մեկնած Պշարա Ռայի պատրիարքը աւելի ուշ երէկ երեկոյեան հիւրընկալուեցաւ Կիպրոսի խորհրդարանի անդամ մէկ երեսփոխանին կողմէ: Արդարեւ, ծագումով լիբանանցի երեսփոխան Ճոն Մուսա երեկոյթ մը կազմակերպեց ի պատիւ Ռայի պատրիարքին եւ անոր յանձնեց յատուկ յուշանուէր մը: Փոխադարձաբար, Ռայի պատրիարքը յուշանուէրով պատուեց երեսփոխան Մուսան` շեշտելով շրջանի մարոնիներու իրենց սեփական բնակավայրերուն եւ կալուածներուն կառչած մնալու կարեւորութիւնը: