Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Հռոմի Պապին Հետ Իր Հանդիպումին Մասին Զեկուցելով. «Վատիկան Հայոց Հողային Պահանջները Քաղաքական Սակարկութեան Չի Դներ» Յայտնեց Ներսէս Պետրոս Ժթ. Պատրիարք

June 15, 2013
in Գաղութահայ Կեանք
0
Հռոմի Պապին Հետ Իր Հանդիպումին Մասին Զեկուցելով. «Վատիկան Հայոց Հողային Պահանջները Քաղաքական Սակարկութեան Չի Դներ» Յայտնեց Ներսէս Պետրոս Ժթ. Պատրիարք

Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի լրատուական գրասենեակին  հրաւէրով երէկ` ուրբաթ, 14 յունիս 2013-ին` կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին պատրիարքարանի Էշրեֆիէի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս: Լրատուական գրասենեակի պատասխանատու Վարդան վրդ. Գազանճեան իր բացման խօսքին մէջ դրուատեց հայ մամուլի ներկայացուցիչները, որոնք  «քաջաբար, զոհողութիւններով, մեծ ջանքերով եւ սակայն հայավայել եռանդով յառաջ կը տանին իրենց առաքելութիւնը»:

Ապա խօսք առաւ Հայ կաթողիկէ Ներսէս  Պետրոս ԺԹ. պատրիարքը, որ զեկուցեց  Հռոմի  Ֆրանչիսկոս պապին հետ վերջերս իր ունեցած հանդիպումին մասին, որուն ընթացքին ան նամակով մը պապէն խնդրած է.

1.- Ապրիլ 2015-ին Հայոց ցեղասպանութեան  100-ամեակին առիթով  մասնակցիլ  ու նախագահել հայածէս մեծաշուք Ս. պատարագի արարողութեան, Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ, ներկայութեամբ Վատիկանի մօտ 190 պետութիւններու ներկայացուցիչ դեսպաններու: Առիթ մը, որ համայն աշխարհին կը ծանօթացնէ հայութիւնն ու միջազգային հանգամանք կու տայ Հայոց ցեղասպանութեան:

2.- Այդ առիթով հրապարակել «Առաքելական  յորդոր»  մը, ուր վեր առնուի մեր հայ նահատակներու վսեմութիւնը եւ դատապարտուի Հայոց ցեղասպանութիւնը:

3.- Դարձեալ նոյն առիթով վատիկանեան յատուկ դրոշմաթուղթ հրապարակել` նուիրուած  Հայոց ցեղասպանութեան  100-ամեակին:

Պատրիարքը դիտել տուաւ, թէ նախապէս ալ, մէկէ աւելի առիթներով, այս հարցը արծարծած է  Հռոմի  նախկին`  Պենետիկտոս ԺԶ. պապին եւ  այժմու Ֆրանչիսկոս պապին հետ, ու անոնք միշտ ալ դրական տրամադրութեամբ խոստացած են ընդառաջել: Պատրիարքը  յիշեցուց, թէ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին  նախապատրաստական աշխատանքներուն գծով կազմուած է Կեդրոնական մարմին մը, որ մօտէն կը հետեւի այս հարցին առնչակից բոլոր քայլերուն եւ զարգացումներուն:

Այս առիթով խօսք առաւ նաեւ մամլոյ գործիչ, մտաւորական Սարգիս Նաճարեանը, որ  հանգամանօրէն անդրադարձաւ երկու կղերականներուն միջեւ կայացած հանդիպումին: Ան նշեց, որ այդ հանդիպումը զուգադիպեցաւ Վատիկանի մօտ Հայաստանի դեսպան Միքայէլ Մինասեանի հաւատարմագիրներու յանձնումին,  նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ Ֆրանչիսկոս պապին ուղղուած Հայաստան այցելելու հրաւէրին ու պապին կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը  «20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւն» յայտարարութեան: Այս բոլորը մեծ աղմուկ բարձրացուցին թրքական շրջանակներու մօտ եւ «փոթորիկ ծագեցաւ» Վատիկան-Թուրքիա յարաբերութեանց միջեւ, յիշեցուց ան` անդրադառնալով հետագայ զարգացումներուն:

Նաճարեան այս առիթով խօսեցաւ այն դէպքերուն մասին, որոնց ընթացքին պապը յուսախաբ ըրած էր Թուրքիան` քննադատելով անոր սխալներն ու թերութիւնները:

Ասուլիսի աւարտին պատասխանելով  «Ազդակ»-ի այն հարցումին, թէ` ի՞նչ են Վատիկանի տրամադրութիւնները  Ցեղասպանութեան «ճանաչումէն հատուցում» անցնող հայոց հողային պահանջներուն գծով`  Սարգիս Նաճարեան ըսաւ. «Հայոց հողային պահանջներուն գծով Վատիկան զօրավիգ է ամէն քայլի, որ կ՛առաջադրէ մարդկային ազատութիւն ու արդարութիւն»: Իր կարգին Ներսէս Պետրոս ԺԹ. յայտնեց, թէ` «Վատիկան նախանձախնդիր է միջամուխ չդառնալու քաղաքական հարցերու մէջ, եւ թէ` նման հարց մը քաղաքական սակարկութեան չի դներ»:

 

Previous Post

Թուրքիայում Հայոց ցեղասպանության միջոցով միլիարդատեր դարձածները միլիոններ են ծախսում եկեղեցիներ, վանքեր ու մատուռներ վերականգնելու համար

Next Post

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան Ուղերձը Հայերէն

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.