Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

ՀՐԱՇԱՊԱՏՈՒՄ ԶՐՈՅՑՆԵՐ-1 Ո՞Վ ԿՈՒՐՑՈՒՑ, Ո՞Վ ԲԺՇԿԵՑ

September 18, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
ՀՐԱՇԱՊԱՏՈՒՄ ԶՐՈՅՑՆԵՐ-1      Ո՞Վ ԿՈՒՐՑՈՒՑ, Ո՞Վ ԲԺՇԿԵՑ
ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Սամասը Քեսապի մուտքին գտնուող բլուր մըն է։ Հոն կը գտնուի Ս․ Մարուքէի ուխտատեղին։ Հին ժամանակներէն մնացած բնակութեան հետքեր կան։ Մօտիկ արտին մէջ կար նաեւ ձիթհանք մը (պաթոս)` խոշոր ճմլիչով: Ատկէ` այդ վայրը կը կոչուի Պաթուսէն Ուօրտը (Պաթոսին Արտը): Անհատ ուխտաւորներ Ս․ Մարուքէ կ՛ելլեն մոմ կը վառեն, աղօթք մը կ՛ընեն, մանրադրամ մը կը դնեն պնակին մէջ, ադդուօր (ճերմակ ներքնազգեստէն կտրուած երիզ մը) մը կը կապեն խորանի վանդակաձողին․ կ՛անցնին։ Ժողովուրդը կը հաւատայ, որ Սամասի փշակաղնիի պուրակէն փայտ հատելը, պնակէն դրամ իւրացնելը ծանր մեղքեր են ու կը պատժուին ի վերուստ։
Շատ զրոյցներ կը պատմուին այստեղ պատահած դէպքերու մասին, «հեքիա՞թ թէ իրականութիւն» կ՛ըսես ու կը մտածես, որ երանելի էին անոնք, որ կը հաւատային։ Անոնցէ մէկը կը պատմէ Յովհաննէս Գարաեագուպեանը, ծնեալ 1935-ին: Կը պատմէ հայերէնով՝ տեղ-տեղ բարբառն ալ գործածելով։
Ահաւասիկ․
-Մեծ մայրիկս՝ Աշգար նանարը, անունը` Զարուֆ, բարեպաշտ ու աշխատասէր կին մըն էր: Կը սիրէր կովը արածել: Օր մը կովը կը տանի մեր տունէն քիչ անդին, Պաթոսին Արտը: Ս․ Մարուքէի բլուրէն անցնելու պահուն կը մտնէ Ս. Մարուքէ ու աղօթք մը կ’ընէ: Կը տեսնէ պնակը լեցուն է մանր մետաղադրամներով: Վերադարձին մետաղադրամները գոգը կը պարպէ, տուն կու գայ: Առտուն եկեղեցի կ՛երթայ ու բոլոր դրամները եկեղեցւոյ պնակին մէջ կը դնէ:
Այդ օր մեծ մայրս իր տեսողութիւնը կորսնցուց, երկու աչքերով կուրցաւ: Բժիշկի տարինք, Տոքթոր ամմոյին՝ Ինճեճիկեան, ի զուր: Մեր Աշգար նանարը կուրցած էր: Հալէպցի բժիշկ մը կար․Տոքթոր Ճեպեճեան, Քեսապ կու գար ամառանոց: Տարինք․ նայեցաւ: Կաթիլ տուաւ, բայց գործողութիւն չթելադրեց:
– Ծեր է,- ըսաւ,- կը պատահի:
Պառաւը զիս շատ կը սիրէր:
– Հաննիէս,- ըսաւ,- միտքս պղտոր է, սիրտս՝ անհանգիստ:
Ու պատմեց, թէ ինչպէս Ս. Մարուքէի մետաղադրամները վերցուցեր ու տարեր դրեր է եկեղեցւոյ պնակին մէջ:
Ես այն ատեն եկեղեցւոյ ժամկոչն էի: Երեք պնակ կը պտտցնէին եկեղեցւոյ մէջ, երկուքը եկեղեցւոյ, մէկը ժամկոչին` ինծի համար: Խաչահամբոյրը հաւաքելէ ետք խնդրեցի Սողոմոնեան Վահանէն, թաղականութեան մեծն էր, որ պնակս եղածին պէս պահեն, չձեռնեն, ուխտ ունիմ: Պատարագէն ետք այդ մետաղադամները լեցուցի տոպրակի մը մէջ․այդ ատեն շուկայի մէջ թուղթէ տոպրակներ կային, նանարիս աջ ձեռքն ալ մուտցուցի ներս ու տոպրակը դաստակէն կապեցի;
-Հայտը հէմու, ուրթունք Ս. Մարուքէ,-ըսի ու թեւը մտնելով գացինք դէպի տուն: Ճամբան, մտանք Ս. Մարուքէ, ձեռքը դրի պնակին մէջ, քակեցի տոպրակին կապը ու մետաղադրամները պարպեցի պնակին մէջ: Աղօթեցինք, խաչ հանեցինք ու գացինք դէպի տուն:
Մտանք բակը․ կովը կապեր էինք ծառին տակ:
– Օղլում, Հաննիէս,- ըսաւ,- կովուն տեղը արեւ դպեր է, տար միւս անկիւնը կապէ, մեղք է:
Աշգար նանարս կը տեսնէր:
Լաւ կը յիշեմ, ասեղը այսպէս կը բռնէր աչքերուն դէմ, դերձանին ծայրը կը սրէր շրթունքներուն մէջ ու, հը,՛ մէկ շարժումով կ’անցընէր ծակէն:
Էվտուղէն-հէվէտուղէն,- կ՛ըսեն քեսապցիները։
Previous Post

ԳԱՍՊԱՐ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆԻ ԿԱՅԾԸ

Next Post

«Մարդասիրական Օժանդակութիւններ Տրամադրելով Հանդերձ Միացեալ Նահանգներու Քաղաքականութեան Մէջ Զինուորական Օժանդակութեան Օրակարգ Չկար» Կը Հաստատէ Դոկտ. Արմենուհի Ղամբարեան

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.