Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

ՀՐԱՇԱՊԱՏՈՒՄ ԶՐՈՅՑՆԵՐ – 2

September 20, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
ՀՐԱՇԱՊԱՏՈՒՄ ԶՐՈՅՑՆԵՐ-1      Ո՞Վ ԿՈՒՐՑՈՒՑ, Ո՞Վ ԲԺՇԿԵՑ
ՅԱԿՈԲ  ՉՈԼԱՔԵԱՆ
ԱՆՈՆՔ ԱԼ ՅԱՐԳԱՆՔ ՈՒ ԵՐԿԻՒՂ ՈՒՆԻՆ
Անտիոքի շրջանի հայոց սրբատեղիները՝ քարայրներ, ծառեր, աղբիւրներ, կիղիցիկներ (փոքրիկ եկեղեցիներու աւերակներ) եւ այլն, միշտ ալ այցելուներ ունեցած են, եղած են անհատական, ընտանեկան եւ հաւաքական ուխտագնացութեան վայրեր։ Տարօրինակ մի նկատէք, որ այլազգիներն ալ յարգանք ունեցած են անոնց նկատմամբ, ուխտի եկած են՝ խնդրակատար այդ վայրերու սուրբերէն խնդրելով բժշկութիւն, յաջողութիւն, զաւկի ծնունդ եւ այլն։ Աւելին՝ անոնց մէջ եւս բոյն դրած է այն հաւատքը, որ սրբատեղին անարգելը, անկէ բան գողնալը, անոր վնաս հասցնելը մեղք ունին, ու մարդ անպատիժ չի մնար իր այդ արարքներուն համար։
ՔԱՊՈՒՍԻԷ Մուսա Լեռան գիւղերէն մէկն էր։ Գիւղին հիւսիսակողմը կը գտնուի Ս․ Սարգիսի քարայրը, որ յայտնի ուխտավայր էր։ Քարայրը կարելի է բարձրանալ երկար սանդուղքի մը սանդղամատերէն մէկիկ-մէկիկ մագլցելով։ Հիմա հոն թուրքեր կ՛ապրին։ Վագըֆէն ինծի ուղեկցող Մուսա Էմլէքեանը ահա թէ ի՛նչ կը պատմէ անոր եւ գիւղի այժմու բնակիչներուն մասին․ կ՛ըսէ․
-Օր մը այնտեղ խաղացող թուրք տղայ մը կ՛ըսէ ընկերներոուն․ «Եկէք այս երկար սանդուղքը հրենք, թող ձորը իյնայ»: Շատ բարձր սանդուղք է: ընկերներով կը հրմշտկեն, ու սանդուղքը կ՛իյնայ ձորը, կը սահի աւելի վարերը: Յետոյ կ՛երթան խաղալու, մէյ մըն ալ ի՛նչ տեսնեն, սաղդուղքը տեղն է. կ՛երթան Քապուսիէ ու կը պատմեն իրենց մեծերուն.
– Աման տղաք,- կ՛ըսեն,- լաւ որ Սուրբ Սարգիսը չպատժեց ձեզ, չըլլայ մէյ մըն ալ փորձէք, Սուրբ Սարգիսը ձեզ ձորը կը նետէ:
ԽՏԸՐՊԷԿ եւս Մուսա լեռան գիւղերէն էր։ Նշանաւոր էր իր հնամենի Սօսիով, որուն փորոքին մէջ կարելի է երկու ձի կապել կամ սեղան դնել ու չորս հոգիով թղթախաղի նստիլ։ Սրբացուած ծառ էր հայոց համար։ Անոր շուքին, յորդ գետակին եզրին տեղի կ՛ունենաային Վարդավառի ժողովրդական տօնակատարութիւնները։ Հիմա Խտրպէկ հաստատուած թուրքերը գիտեն, որ հայերը գացին, բայց կը հաւատան, որ հայերուն սուրբերը Սօսի ծառին մէջ կ՛ապրին, չեն կտրեր ճիւղերը, տակը կը նստին կը զուարճանան: «Անգամ մը Սօսիին տակ հարսանեաց խնճոյք կ՛ըլլայ,- կը պատմէ Մուսա Էմլէքեան:- Հով մը կը փրթի, ծառերը իրար կ՛անցնին, Սօսիէն հսկայ ոստ մը կտրուելով կ՛իյնայ հարսնեւորներուն վրայ: Մարդու վնաս չի հասնիր, բայց չեն համարձակիր ոստերը կտրտելով տակը մնացողները ազատել: Կը վազեն Վագըֆ, կ՛աղաչեն, որ հայերը գան Սօսի ծառին ոստը կտրտեն հանեն, իրենք կը վախնան ծառի սուրբերէն:
ԵԱԳՈՒՊԻԷ գիւղի (Իտլիպ նահանգի) Ս․ Աննա ուխտավայր եկեղեցւոյ մասին եւս զարմանահրաշ պատմութիւններ կը պատմուին։ Գիւղացիները զայն կը կոչեն Արեւմտեան եկեղեցի; «Գիշեր մը,- կը գրէ Ներսէս քհն․ Թաթարեան,- Գայգուն [արաբ սիւննի մօտակայ գիւղ մը] գիւղէն երկու անձեր Եագուպիէի մատռան դուռը հանեցին, անոնցմէ մին իր կռնակը առաւ եւ իրենց գիւղը վերադարձան: Գիւղացիք ինչ որ ըրին՝ չկրցան իջեցնել գողցուած դուռը: Ծերունի մը դիտել տուաւ, թէ դուռը կը պատկանի Արեւմտեան եկեղեցւոյ եւ թելադրեց, որ անմիջապէս դարձնեն զայն, այլապէս կրնայ պատուհաս մը յառաջ գալ գիւղին մէջ: Ծերունիին խրատը լսուեցաւ, դուռը վերադարձուեցաւ եւ ինքնաբերաբար մարդուն կռնակէն իջաւ եւ իր տեղը հանգչեցաւ: Նման դէպք մըն ալ պատահեցաւ, երբ գողեր մատռան քարը վերցուցին»:
ԱՐԱՄԱՅ գիւղին (Լաթաքիոյ նահանգ) մօտիկ հայոց վանքի եռախորան Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ հանդէպ խոր յարգանք ունին նաեւ ալեւիները; Անոնք վանքի եկեղեցւոյ նայելով «Եա խտըր» կը կանչեն, անկէ ուժ եւ ողորմութիւն կը հայցեն։ Խտըրը Ս․ Գէորգն է։ Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ կից կը գտնուի նաեւ Ս․ Գէորգ եկեղեցին։ 20-րդ դարու կէսերուն, հայ բնակչութեան նուազումին հետեւանքով անոնք եկեղեցւոյ ձախակողմեան խորանին մէջ տարիհ (կանաչ սաւանով ծածկուած Սուրբի խորհրդանշական գերեզման) կը զետեղեն։ Վերջերս նկատեցի, որ գաւիթը ծածկած են գորգերով ու բոկոտն ներս կը մտնեն․ յարգանք ունին գլխաւոր խորանին հանդէպ, ուր կան կրկնադիր խաչաքանդակով քար, հայերէն ս․ գրային նիւթեր, խաչելութեան եւ Աստուածամօր նկարներ, պատերուն վրայ բազմաթիւ խաչաքանդակներ, որոնք անձեռնմխելի են անոնց կողմէ։ Անոնք եւս կը հաւատան, որ այդտեղէն որեւէ բան վերցնողը կամ սրբապղծութիւն կատարողը ծանր պատիժի կ՛արժանանայ ի վերուստ։ Եկեղեցւոյ կից կայ Ծակ քարը։ Հայերը անկէ կ՛անցընեն նոր մկրտուած մանուկները՝ հաւատալով որ ատիկա մանուկը զերծ կը պահէ թոքային հիւանդութիւններէ։ Ալիւիներն ալ կը հաւատան Ծակ քարի բժշկական հրաշքներուն։
Previous Post

Spanish Canary Island volcano erupts, sending lava streaming towards villages

Next Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱՆԿԱԽԱՑՄԱՆ 30 ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԳՈՀԱԲԱՆԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.