ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ
ՊԸՐՊԵՆՔ, «Նոր Օր».- Խուռներամ ընտրանիի մը ժամադրավայրն էր Հայց. եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանի «Զօրայեան» թանգարանը, Երեքշաբթի, Յունիս 2ի երեկոյեան։ Գրասէր ու մշակութասէր մեծ թիւով բարեկամներ ու ծանօթ ազգայիններ հաւաքուած էին ներկայ գտնուելու Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի նախաձեռնած հրապարակային ներկայացումին, որ կը վայելէր առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի բարձր հովանաւորութիւնը։ Ներկայ էր նաեւ թեմի նախկին առաջնորդ Վաչէ արք. Յովսէփեան։
Լիբանանահայ ծանօթ գրող ու հրապարակագիր Արամ Սեփեթճեանի լոյս ընծայած վերջին երկու՝ «Գրական Հանդիպումներ» եւ «Ձայներ Լռութեան Մէջ» հատորներուն հրապարակային ներկայացումը կը զուգադիպէր հեղինակի ծննդեան 80ամեակին ու գրական ստեղծագործական առաջին երկի ծնունդի 50ամեակին։
Ձեռնարկին բազմերանգ յայտագիրը ընթացք առաւ մասնաճիւղի ատենապետ Վաչէ Սեմերճեանի բացման խօսքով, որուն ընթացքին ատենապետը յիշեց Սեփեթճեանի անխոնջ ճիգերը՝ ստեղծագործելու եւ պահպանելու գեղարուեստական բարձր մակարդակ մը։ Ապա ան հրաւիրեց հայերէնի ու հայոց պատմութեան դասախօս, միութեան անդամ Հրաչ Սեփեթճեանը, ստանձնելու հանդիսավարի պարտականութիւնը։
«Մասիս» շաբաթաթերթի խմբագիրը՝ տոքթ. Արշակ Գազանճեան, ողջոյնի խօսքին մէջ յուզումով յիշեց Արամ Սեփեթճեանի հետ տարիներու վաղեմութիւն մը ապրած բարեկամութիւնը, զարգացած լիբանանեան մամուլի մթնոլորտին մէջ։
Ապա, «Գրական Հանդիպումներ» հատորին մասին խօսելու հրաւիրուեցաւ ծանօթ մտաւորական, կրթական մշակ ու գրական վերլուծող դոկտ. Մարզպետ Մարկոսեան։ Ան անդրադարձաւ Սեփեթճեանի տածած սիրոյն եւ հետաքրքրութեան, հանդէպ՝ արեւմտահայ գրական միտքի զարգացման ու շեշտեց հատորին մէջ տեղ գտած գրախօսականներուն խորքին, նորարարութիւններուն եւ մեկնաբանութեանց գեղեցկութիւնները։
Յայտագիրի գեղարուեստական բաժինին առաջին ելոյթը վերապահուած էր Լիլիթ Խոճայեանին, որ քանոնի վրայ հրամցուց հայկական երկու կտորներ, արժանանալով ներկաներու անվերապահ գնահատանքին։
Ապա սրտի խօսքով հանդէս եկաւ ծանօթ ակադեմական ու նախկին դաստիարակ, «US Armenia» կայանի մեկնաբան դոկտ. Արտեմ Սարգսեան, որ Միջին Արեւելքի ու Երեւանի մէջ մտերիմը եղած է հեղինակ Սեփեթճեանին։ Ան շեշտեց կարեւորութիւնը Սեփեթճեանի բերած նպաստին՝ արեւմտահայ ժամանակակից հրապարակագրութեան։
Յայտագիրի հաճելի մասերէն մէկն էր ծանօթանալ «Ձայներ Լռութեան Մէջ» գիրքի՝ հեղինակին կողմէ գրուած յառաջաբանին, որուն ընթերցումը կատարեց հայերէնի ուսուցիչ Յովհաննէս սարկաւագ Գումրուեան։ Իսկ համանուն գիրքը ներկայացուց ամերիկահայ հրապարակագիր եւ փնտռուած դասախօս փրոֆ. Օշին Քէշիշեան, որ երկարամեայ բարեկամութիւն մը պահած է Սեփեթճեանի հետ, որուն դասընկերն ալ եղած է Յովակիմեան-Մանուկեան երկրորդական վարժարանին մէջ։ Ան նախ կարդաց իր դասընկերոջ առաջին գիրքին մասին գրած գնահատական իր յօդուածը, գրուած՝ 1965ին, ուր ան կը նախատեսէր Սեփեթճեանի բեղմնաւոր եւ հարուստ վաստակ մը։ Ապա ան հատորին ամբողջական վերլուծումը ներկայացուց։ Քէշիշեան շեշտեց կարեւորութիւնը հատորին այն մասին, որ յատկացուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին հայ գրականութեան կրած ահաւոր վնասներուն։
Հաճելի անակնկալ մըն էր դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանի դրուատանքի կարճ ելոյթը, որուն յաջորդեց Մաշտոց քոլեճի «Ոսկեդար» վկայագիրին յանձնումը՝ Արամ Սեփեթճեանին։
Գեղարուեստական բաժինի վերջին մասին ընթացքին, «Երկնային Տաղեր» զոյգին՝ Սալբի եւ Սօսի Քերքոնեաններու սրինգի ու տաւիղի վրայ շքեղ կատարումը գնահատանքի արժանացաւ ներկաներուն կողմէ։ Սալբին սրինգի վրայ Կոմիտասէն երկու գործեր նուագեց։ Շատ հաճելի կատարում մըն էր Սօսի Քերքոնեանի տաւիղով մեկնաբանութիւնը Ռոտրիկոյի մէկ գործին։
Նաեւ, հետաքրքրական կերպով ներկայացուեցաւ մեծարեալ հեղինակը հանդիսավար Հրաչ Սեփեթճեանի կողմէ, որ զաւակն է մեծարեալին։
Յուզումնախառն, բայց յստակ ձայնով մը խօսք առաւ Արամ Սեփեթճեան, որ այդ երեկոյ առաջնորդարանի սրահին մէջ կը վայելէր սէրը, յարգանքն ու գնահատանքը՝ գաղափարի, միութենական, գրական եւ հասարակական կեանքէն ներս ունեցած բարեկամներուն։ Շնորհակալութիւններ յայտնելէ ետք ձեռնարկին մասնակիցներուն ու կազմակերպիչներուն, Սեփեթճեան իր հաստատակամութիւնը յայտնեց շարունակելու իր գրական առաքելութիւնը։
Փակման իմաստալից ու կարճ սրտի խօսքով եւ աղօթքով փակուեցաւ հանդիսութիւնը՝ առաջնորդ սրբազան հօր կողմէ։ Ան բարձրօրէն գնահատեց Սեփեթճեանի գրական վաստակը, որուն զարգացումին ականատեսը եղած է ան։ Սրբազանը գնահատանքի խօսքեր ուղղեց նաեւ կազմակերպիչ վարչութեան։
Հեղինակին զոյգ հատորները տրամադրելի դարձան ներկաներուն, որոնց մակագրումի պահերուն ներկաները ըմբոշխնեցին հրամցուած հիւրասիրութիւնը։
Թէքէեան Մշակութային Միութեան գրական ձեռնարկներու երկար շարքին մէջ, հեղինակ Արամ Սեփեթճեանի մեծարման այս երեկոն անմոռանալի պիտի մնայ երկար ատեն։