Սփիւռքահայ լրատուական միջոցներու ուղղակի կամ՝ անուղղակի գործակցութիւնը կ’ընձեռէ համազգային կեցուածքները աւելի ազդու դարձնելու կարելիութիւն: Պահանջատիրական մեր պայքարը , հատուածական ամէն տեսակի միտումներէ վեր՝ հաւաքական աշխատանքի մարտահրաւէր մըն է միաժամանակ: Ինչ խօսք, որ այստեղ մեծ դեր վերապահուած է զանգուածային լրատուական միջոցներուն, յատկապէս՝ սփիւռքահայ մամուլին: Բայց պարտինք ըլլալ իրապաշտ: Սփիւռքահայ մամուլը գրեթէ ամենուրէք կը դիմագրաւէ միեւնոյն դժուարութիւնները: Նորութիւն մը չյայտնեցինք, սակայն պահանջատիրական մեր պայքարը մեծապէս կը տուժէ սփիւքահայ մամուլին ոչ արհեստավարժ կամ՝ սահմանափակ կարելիութիւններուն հետեւանքով :
Շնորհիւ հայրենական զանգուածային լրատուական միջոցներուն, սփիւռքահայ ընթերցողը բազմատեսակ եւ անսահման տեղեկութիւններ կը քաղէ հայրենիքի եւ տարածաշրջանային զարգացումներուն վերաբերեալ: Բայց երբ փորձենք կեդրոնանալ Թուրքիոյ առօրեային եւ թրքահայութեան իրավիճակին, այստեղ կ’աղաղակէ մեր խեղճութիւնը: Պատիւ անոնց՝ «Մարմարա» եւ «Ակօս» դարձած են մեր քաղած հիմնական տեղեկութիւններուն մեկնաղբիւրը: Այն ալ յայտնենք, ոչ բոլոր սփիւռքահայ մամուլը կը հետեւի «Մարմարա»յի եւ «Ակօս»ի լուրերուն: Սակայն հարցը չաւարտիր այստեղ: Հասկնալի պատճառներով, վերոյիշեալ երկու թերթերը չունին թրքական առօրեան լիարժէք ներկայացնելու կարելիութիւն: Ինքնաբերաբար ստեղծուած է լրատուական եւ քարոզչական մտահոգիչ բաց մը: Մտահոգիչ այս իրողութիւնը ունի տասնամեակներու հնութիւն…: Մինչդեռ մեր թշնամիին դէմ ապաքարոզչական պայքարը կ’ենթադրէ աւելի խորաթափանց եւ նպատակասլաց աշխատանք: Չենք գիտեր, թէ հայրենիքի մէջ ուսումնասիրական քանի կառոյցներ կը հետեւին թրքական մամուլին, սակայն առանց որեւէ մէկուն դոյզն վիրաւորանք հասցնելու, կրնամ ըսել, թէ Սփիւռքի մէջ դժուար պիտի ըլլայ հանդիպիլ նման հասատութեան:
Սակաւաթիւ աղբիւրներու առկայութեան պատճառով, հայրենական եւ սփիւռքահայ մամուլին մէջ լոյս կը տեսնեն թրքական մամուլէն պատահական թարգմանութիւններ, քաղուած լուրեր, մեկնաբանութիւններ, հարցազրոյցներ, որոնց անգիտակցաբար կու տանք «հայանպաստ» բնորոշումը: Խորաթափանց ուսումնասիրութիւն մը, անմիջապէս պիտի բացայայտէ տողատակերու տակ լարուած թակարդը: Չենք անդրադառնար՝ ոմանք լարուած ծուղակներ են պարզապէս, իրենց երկիմաստ բովանդակութեամբ: Պատմական ճշմարտութիւնները աղաւաղող, ժխտումն ու ուրացումը ուռճացնող յայտարարութիւններ: Ոմանք միտումնաւոր բազկերակ շօշափելու նպատակով արձակուած «լուրեր» են: Այդպիսի երկիմաստ լուրերու լաւագոյն մասնագէտը ծանօթ «Սապահ» օրաթերթն է:
Ապատեղեկատուական այս արշաւը հակազդող ուսումնասիրական կեդրոններու բացակայութիւնը, նմանօրինակ յօդուածներն ու յայտարարութիւնները իւրովի մեկնաբանելու վիճակ մը ստեղծած է հայ մամուլին մէջ:
Վերոյիշեալը տակաւին քարոզչական պայքարին մէկ երեսն է: Սփիւռքահայ քաղաքական միտքը եւ մամուլը գրեթէ անտեղեակ կը մնան թրքահայութեան առօրեայէն եւ յայտնապէս հայկական հարցերու վերաբերեալ թրքական մամուլի արձագանգէն: Օր չանցնիր առանց միտումնաւոր ապատեղեկութեան, զրպարտութիւններու եւ ուրացումի նորանոր արդարացումներով: Մեր անկազմակերպ եւ ոչ հետեւողական ընթացքը, նուազագոյնի հասցուցած է թրքական ապատեղեկատուութեան դէմ պայքարը:
Այդպիսի ապատեղեկութեան մը հանդիպեցանք «Հիւրիյէթ» օրաթերթի 4 Փետրուարի համարին մէջ, ուր լրագրողուհի Պարսն Յինանս ցաւ կը յայտնէ, թէ Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի ընթացքին Գանատա մեկնած թուրքեր, որոնք մաս կազմած են հռչակաւոր Պանֆ Ազգային զբօսայգիին շինարարութեան, այսօր, երբ համայն աշխարհ կ’ոգեկոչէ Առաջին Համաշխարհային պատերազմին հարիւրամեակը, Գանատայի հայերը կ’արգիլեն զբօսայգիին շինարարութեան մասնակցած թուրքերուն յիշատակը յաւերժացնող հանդիսութիւն մը: Լրագրողուհին կասկած տակ կ’առնէ Հայոց Ցեղասպանուիւնը, աւելցնելով որ թրքական կառավարութիւնը երկխօսութեան մնայուն ցանկութիւն յայտնած է սփիւռքահայութեան հետ: Այս առիթով, ան կը մէջբերէ սփիւքահայութեան մասին արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւուտօղլուի «Անատոլիայի Սփիւռք» արտայայտութիւնը:
Մենք անգլերէն լեզուով նամակ մը յղեցինք ազնուափայլ լրագրողուհիին բացատրելով , թէ այնքան ժամանակ որ թրքական իշխանութիւնները կ’ուրանան Ցեղասպանութիւնը եւ կը խուսափին հատուցման պատասխանատուութենէն, հայ ժողովուրդը պիտի մնայ պահանջատէր: Փափաքեցանք իմանալ՝ Տաւուտօղլու ինչո՞ւ «Անատոլիայի Սփիւռք» որակումը կու տայ Սփիւռքահայութեան… Մեր նամակը աւարտեցինք, ընդգծելով թէ բազմաթիւ թուրքեր համոզուած են ցեղասպանութեան իրողութեան եւ բազմաթիւ թուրքեր համոզուած են, թէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը պիտի դառնայ ժռողովորդավար Թուրքիոյ առաջին քայլը:
Պատասխան նամակի մը մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած հինգ գիրքերու հեղինակ գանատացի պատմաբան Մարշա Սքրիփուչ, տող առ տող մերկացուց թուրք լրագրողին ստախօսութիւնները: Լռութիւնը ապացոյց՝ լրագրողուհին ստացաւ իր արժանի պատասխանը:
Մամուլը, հայ մամուլը ուր ալ գտնուի ան, հաւատարիմ կը մնայ իր ազգային նուիրական պարտականութեան: Գիտական, հետեւողական հսկայ աշխատանք մը կը սպասէ մեզ: Տեղեկատուական կեդրոնական կառոյցի մը անհրաժեշտութիւնը հաւաքական եւ համազգային մտահոգութիւն է: Պատահական հակադարձութիւնները որքան ալ ըլլան դիպուկ, հետեւողական եւ ուղընթաց աշխատանքը անկասկած պիտի ըլլայ աւելի արդիւնաւէտ եւ վճռական:
Պետութիւններ շատ տեսած են բռնակալներ, աշխարհակալներ, սակայն օսմանեան կայսրութեան մէջ գործուածը պետական մակարդակով հայերու, յոյներու, ասորիներու, եզիտիներու ցեղասպանութիւն էր: Երիտասարդ Թուրքերը առանց երկնելու պատմութեան դատաստանէն, բռնած են ցեղասպանութեան անժխտելի իրողութիւնը ժխտելու ճանապարհը: Տակաւին անմեղ ձեւանալով կը փորձեն մեղքը բեռցնել հայ ժողովուրդի ուսերուն վրայ…:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ