Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Հրդեհներու Հսկայ Ալիք Մը Հարուածեց Հարաւային Լիբանանի, Աշքութի Եւ Պէյթ Մերի-Մոնթեվերտիի Անտառները

November 15, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
Climate: Removing CO2 from the air no longer optional

Հրդեհներու հսկայ ալիք մը նախանցեալ գիշեր հարուածեց հարաւային Լիբանանի անտառները:

Բռնկած հրդեհներուն պատճառով հրկիզուեցան Մանսուրիի, Արեւմտեան Սիրի, Զրարիէի եւ Թայրֆըլսէի անտառները:

Երէկ առաւօտեան վերոնշեալ շրջաններուն մէջ բռնկած հրդեհները աւելի եւս սաստկացան եւ անոնց բոցերը հասան մինչեւ Նապաթիէի, Շուքինի, Զըպտինի, Անսարի, Քաուսարիեթ Ռըզի, եւ Քֆարսիրի անտառները:

Հրդեհները մարելու համար քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը, ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը, լիբանանեան բանակն ու ապահովութեան ուժերը աշխատանքի լծուեցան` օգտագործելով իրենց հրշէջ ուժերն ու ուղղաթիռները, որոնք ամէն ջանք ի գործ դրին հակակշիռի տակ առնելու հրդեհները:

Երէկ յետմիջօրէին հրդեհներ բռնկեցան նաեւ Պէյթ Մերիի, Մոնթեվերտիի, Պաքաաթայի եւ Աշքութի անտառներուն մէջ:

Պէյթ Մերիի քաղաքապետարանը յետմիջօրէին ահազանգ հնչեցուց` հաստատելով, որ ջուրի իրենց կարիքը շեշտուած է` կոչ ուղղելով բոլորին ջուր հասցնելու շրջան, որպէսզի կարելի ըլլայ հրդեհը հակակշիռի տակ առնել:

Ներքին գործոց նախարար Պասսամ Մաուլաուի հետեւեցաւ եւ ցուցմունքները տուաւ տարբեր շրջաններուն մէջ հրդեհները մարելու աշխատանքին:

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի հրդեհները հակակշիռի տակ առնելու աշխատանքներուն հետեւեցաւ ներքին գործոց նախարարին հետ եւ բանակէն ու ապահովական կառոյցներէն պահանջեց կազմ ու պատրաստ ըլլալ:

Անդրադառնալով հրդեհներուն` խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ըսաւ. «Ամէնէն վտանգաւոր հրդեհները, որոնք կարելի չէ մարել` հոգիներուն մէջ բռնկած համայնքային եւ յարանուանական հրդեհներն են»:

Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան կոչ ուղղեց ձերբակալելու եւ պատժելու այն ոճրագործները, որոնք հրդեհներ կը բռնկեցնեն Լիբանանի անտառներուն մէջ:

Ան զօրակցութիւն յայտնեց հրշէջներուն եւ Քաղաքացիական անվտանգութեան ուժերուն, որոնք կը պայքարին մարելու համար հրդեհները եւ փրկելու համար քաղաքայիններուն կեանքերը:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Իզզէտտին կոչ ուղղեց հարաւային Լիբանանի գիւղաքաղաքներուն մէջ բռնկած հրդեհներուն մասին հետաքննութիւն բանալու:

Իր կարգին, Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ինայա Իզզէտտին անհրաժեշտ նկատեց անմիջապէս հատուցել հրդեհներէն տուժածները, արդար հատուցում կատարել քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն մաս կազմող կամաւորներուն եւ անտառներու պաշտպանութեան պատասխանատուներ նշանակել:

Previous Post

Սէուտական Արաբիա Անհրաժեշտ Կը Նկատէ Լիբանանը Փրկել Հըզպալլայի Իշխանութենէն

Next Post

COP26: Biden Under Fire for ‘Failing to Act on Fossil Fuels’

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.