Հայ Օգնութեան Միութեան գլխաւոր մարտահրաւէրը դժուար կացութեան դէմ յանդիման գտնուող սուրիահայերուն օգնելն է: 2013ին 102ամեայ կենսագրութիւն ունեցող բարեսիրական այս կազմակերպութիւնը Սուրիոյ մէջ գործադրեց օժանդակութեան չորս տարբեր ծրագիր:
«Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի Վիքի Մարաշլեան յայտնեց, որ այդ ծրագիրները պիտի շարունակուին նաեւ 2014ին:
«Պատերազմի առաջին օրէն սկսեալ մեր կազմակերպութիւնը եղաւ առաջիններէն, որ օժանդակութիւն ուղարկեց Սուրիա: Մեր առաջին ծրագիրը դպրոցականներուն կրթաթոշակներուն օժանդակելն է: Երկրորդը՝ «Տաք ճաշ»ի ծրագիրն է՝ կարիքաւոր ընտանիքներուն համար», յայտնեց Մարաշլեան: Անոր համաձայն՝ սկզբնական շրջանին «Տաք ճաշ»ի ծրագիրը նախատեսուած էր իրականացնել շաբաթական միայն մէկ անգամ, սակայն այժմ անիկա կը գործադրուի շաբաթական երեք անգամ՝ սուրիահայերուն կարելիութիւն տալով «Փեթակ» ճաշարանին մէջ օգտուելու տաք եւ համեղ սնունդէն:
«Մեր միւս ծրագիրը կը վերաբերի նորածին երեխաներ ունեցող ընտանիքներուն օգնութեան. ՀՕՄի Արեւելեան Շրջանային վարչութիւնը արդէն օգնութիւն տրամադրած է 25 ընտանիքի, իսկ Միջին Արեւելքի կառոյցներուն միջոցով՝ նկատի առնելով ցուրտ եղանակային պայմանները, գործադրուած է չորրորդ ծրագիրը՝ Սուրիոյ մէջ ապրող հայ ընտանիքներուն վառելանիւթով ապահովելը: Վերջին ծրագիրին օժանդակութիւն ցուցաբերած են 27 երկիրներէ», յայտնեց Մարաշլեան։
Նկատի ունենալով, որ Սուրիոյ մէջ ամէն օր վիճակը կը փոխուի, միութիւնը կը սերտէ սուրիահայերուն կարիքները եւ անոր համաձայն կը ճշդէ օժանդակութիւնը: Մարաշլեան հաստատեց, որ սուրիահայութեան օգնութեան ծրագիրներ պիտի գործադրուին նաեւ յառաջիկայ տարի:
Ընդհանուր առմամբ, 2013ին ՀՕՄը սուրիահայութեան յատկացուցած է շուրջ 300 հազար տոլար: Օժանդակութիւն յատկացուած է նաեւ Լիբանանի մէջ բնակութիւն հաստատած սուրիահայերուն՝ մասնաւորապէս բնակարան ձեռք բերելու եւ առողջապահական ծառայութիւններէ օգտուելու նպատակին:
Միութիւնը ընկերային, առողջապահական, կրթական բնագաւառներուն մէջ աշխոյժ աշխատանք կը տանի Սփիւռքի, Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի մէջ: Միայն æաւախքի մէջ ՀՕՄը կեանքի կոչած է քանի մը ընկերային–կրթական ծրագիրներ։
«Օգնիր եղբօրդ» նախաձեռնութեան մէջ ՀՕՄը մնայուն աջակցութիւն ցուցաբերած է: «Այժմ մեր սիրիահայ ընկերուհիները, ովքեր գտնւում են Հայաստանում, անդամակցում են մեր մասնաճիւղերին: Այս Կիրակի օրը տեղի ունեցաւ մեր ցուցահանդէս-տօնավաճառը: Սիրիահայ մեր ՀՕՄուհիների ձեռքի աշխատանքների վաճառքից ստացուած հասոյթը ուղղուելու է Հայաստանի երկկողմանի ծնողազուրկ երեխաներին, որոշ մասն էլ Սիրիայի մեր հայրենակիցներին աջակցելուն», բացատրեց ՀՕՄի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Նարինէ Գալստեանը:
Անոր համաձայն՝ իրենք, առանց վայրկեան մը վարանելու, ՄԱԿի Պարէնի համաշխարհային ծրագիրներու ղեկավարին առաջարկով իրենց Չարենցի 20 հասցէին վրայ գտնուող տարածքը վեց ամսուան համար անվճար կերպով տրամադրած են սուրիահայերուն օգնելու նպատակով:
Ինչ կը վերաբերի Արցախին, ՀՕՄը հոն ունի եօթը մանկապարտէզ: Միութիւնը կը նախատեսէ Ստեփանակերտի մանկապարտէզին օժանդակել եւ նոր ծրագիր իրականացնել երիտասարդ եւ աշխատող մայրերուն օգնելու համար: ՀՕՄը նպատակ ունի նաեւ ճամբար-երիտասարդական կեդրոն բանալ Արցախի մէջ: ՀՕՄը աշխոյժ կերպով մասնակցած է նաեւ «Դէպի Արցախ» խորագիրով «Հեռուստամարաթոն 2013»ին՝ տրամադրելով 40 հազար տոլար: