Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Հ.Բ.Ը.Մ.       ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ԲՆՈՐՈՇԷ ԻԲՐԵՒ  ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌՈՂՋԱՑՄԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՔԱՅԼ  

June 22, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Հայերէն Լուրեր
0
AGBU Characterizes Armenia’s Election Outcome as First Step to National Healing

21 Յունիս 2021

Յունիս 2021-ի խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններուն մէջ իր արձանագրած  յաղթանակով Նիկոլ Փաշինեան դարձաւ Հայաստանի

Հանրապետութեան օրինականօրէն ընտրեալ վարչապետը: Հ.Բ.Ը.Մ. այս առթիւ իր շնորհաւորանքը կը փոխանցէ Պր. Փաշինեանին: Ընտրողներու վճռական մեծամասնութիւնը իր քուէն տուաւ ի նպաստ՝ իր խոստումներու իրականացման երկրորդ պատեհութեան մը, կրկին անդրադարձ կատարելու 2020-ի Արցախեան պատերազմի ողբերգական կորուստներու պատճառներուն:

 Ժամանակները անկասկածօրէն  ճակատագրական հետեւանքներ կրնան ունենալ մեր անկախ պետականութեան գոյատեւման տեսակէտէն: Մեր հաւատամքն է, որ յաջողութեան հասնելու առաջին քայլը ազգային առողջացման գործնականապէս նպաստելն է: Այս գործընթացը կը ներառէ հաշտութեան ու գործակցութեան ոգիով պատշաճ յարաբերութիւններու հաստատում խորհրդարանական ընդդիմադիր ոյժերու հետ, հիմնուելով այն իրողութեան վրայ, որ տարածաշրջանային փխրուն իրադրութեան մէջ գործունէութիւն ծաւալող բայց ինքնիր մէջ բաժանեալ կառավարութիւն մը յաւելեալ վտանգներ կ՛առաջադրէ մեր երկրին:

Այժմ ժամանակն է  սատար կանգնելու Հայաստանի ապագային հանդէպ միասնական մէկ տեսլականի, անմիջական առաջնահերթութիւն համարելով հայրենիքի ինքնիշխանութիւնը եւ անվտանգութիւնը:

Ամենայն յարգանքով ներկայ ղեկավարութեան հանդէպ, մեր առաջարկն է, որ գործուն կերպով ամէն ջանք գործադրուի արդիւնաւէտ ժողովրդավարութեան կազմաւորման ապահովումին ուղղութեամբ. թափանցիկութիւն, ներառականութիւն, քաղաքացիական հանրութեան հետ համագործակցութիւն՝ ընդգրկելով նաեւ հայկական համատարած սփիւռքը:

Մեր երիտասարդ ժողովրդավարութիւնը պէտք է իր կարողութիւնները սեւեռէ անհրաժեշտ հաստատութիւններու ճիշդ կերպով կառուցման եւ կայացումին վրայ:  Մեր անցնելիք ուղին մեր առջեւ համատեղ գործունէութեան  պահանջ կը դնէ, ակնկալելով, որ հայրենի կառավարութիւնը ընդառաջ երթայ թէ՛ հայրենաբնակ, թէ՛ սփիւռքաբնակ մասնագէտներու եւ տաղանդ ու ձիրք ունեցող անհատներու ներգրաւման անհրաժեշտութեան, ի խնդիր առաւել պայծառ ապագայի հասնելու ճանապարհային քարտէսի ստեղծման:

Իւրաքանչիւր հայ դերակատարութիւն ունի առողջացման ու վերաշինութեան այս գործընթացին մէջ: Որպէս աշխարհի ամենամեծ ոչ շահամէտ հայկական կազմակերպութիւնը եւ որպէս հայրենիքի մէջ 115-ամեայ ներկայութիւն ունեցող հաստատութիւն, մենք կը գիտակցինք ազգովին խոցուած ըլլալու մեր իրողութեան յաղթահարման դժուարութիւնները: Գիտակից ենք նաեւ, մեր քաղաքացիներուն կրկին յոյս եւ ամրութիւն ներշնչելու անհրաժեշտութեան, արձագանգելով անոնց ամէնօրեայ, իրական, ընկերային-տնտեսական հեռանկարին առընչուող մտահոգութիւնները դիմագրաւելու, անոնց առողջ եւ ապահով կեանք ունենալու մարտահրաւէրներուն ու մերօրեայ անորոշ աշխարհի մէջ իրենց զաւակներուն ապագան կերտելու մտավախութիւններուն եւ  դժուարութիւններուն:

Անցնող երեսուն տարիներուն ընթացքին մենք բազմիցս կրցած ենք ապացուցել հայկական սփիւռքի անկեղծ ու մեծարժէք սատարումը հայրենի պետականութեան: Վստահ ենք, որ այդ նուիրումը շարունակական պիտի ըլլայ, որովհետեւ Հայաստանը եղած է եւ կը մնայ մեր հպարտութիւնը եւ մեր ինքնութեան երաշխաւորը:

Եկէ՛ք վերակերտենք մեր ազգը՝ ճանչնալով եւ յարգելով բոլորիս տաղանդները եւ կարողունակութիւնները, զանոնք արդիւնաւէտօրէն ի գործ դնելով: Մենք պարտական ենք յաջորդ սերունդին եւ անոնց, որոնք գերագոյն զոհողութեան յանձնառու եղան յանուն մեր ժողովուրդի ազատութեան եւ անոր հանդէպ արդարութեան:

Միութիւնը Զօրութիւնը է:

 

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (Հ.Բ.Ը.Մ.) աշխարհի մեծագոյն ոչշահամէտ հայկական կազմակերպութիւնն է, նուիրուած հայեցի ինքնութեան եւ ժառանգութեան պահպանումին եւ մշակումին՝ կրթական, մշակութային եւ մարդասիրական ծրագիրներով: Միութեան գործունէութիւնները բարերար ազդեցութիւն կը բերեն տարեկան 500,000-է աւելի անձերու կեանքերէն ներս,  Հայաստանի ու Արցախի մէջ եւ Սփիւռքի տարածքին: Իր հիմնադրութենէն ի վեր, Հ.Բ.Ը.Մ.ը հաւատարիմ մնացած է համայն հայութեան բարօրութեան ապահովումին ուղղուած իր գլխաւոր առաքելութեան:    Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝ այցելեցէք www.agbu.org կայքէջը:  

  

  Յաւելեալ տեղեկութեանց համար

AGBU Press Office  

55 East 59th Street  

New York, NY 10022-1112  

Phone: 212.319.6383  

Email: [email protected]

 

Previous Post

AGBU Characterizes Armenia’s Election Outcome as First Step to National Healing

Next Post

“Dictatorship of law” will be established in Armenia – Nikol Pashinyan

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.