Կազմակերպութեամբ Հ.Ե.Ը-Անդրանիկ Սեւանի Գործադիր Մարմինին,Ուրբաթ, 23 Մայիս 2015-ի երեկոյեան, Հ.Բ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Ը.-ի Զապէլ Մովսէսեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռարուեստի աշխատանքներու եզակի ցուցահանդէսի մը բացումը: Հ.Ե.Ը-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներու, միութենականներու, մտաւորական եւ արուեստասէր ընտրանիի մը ներկայութեան, Հ.Ե.Ը-ի Կեդրոնական Վարչութեան փոխատենապետ Համբար Եսայեան կատարեց ցուցահանդէսին պաշտօնական բացումը, հատելով սրահին մուտքին զետեղուած կարմիր ժապաւէնը: Հ.Ե.Ը Անդրանիկ Սեւանի Գործադիր Մարմինի ատենադպիր Օհան Չափրազեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ երախտագիտութեան խօսք ուղղեց Հ.Ե.Ը-ի Կեդրոնական Վարչութեան, ինչպէս նաեւ սկաուտական շարժումի անդամներուն: Ան յայտնեց, թէ ցուցահանդէսը կը ներկայացնէ լիբանանահայ վեց արուեստագէտներու ՝ Մկրտիչ Թահուլաքեան, Վահրամ Աղազարեան, Շահէ Յարութիւնեան, Լենա Մանուկեան- Տաքեսեան, Տիգրան Գալուստեան եւ Հրաչ Գարամանուկեան աշխատանքը, որոնք սիրայօժարօրէն ընդառաջած են սոյն խմբային ցուցահանդէսին մասնակցելու Անդրանիկ Սեւանի Գործադիր Մարմինի հրաւէրը: Կոկիկ հիւրասիրութեան մը ընթացքին, ներկաները հետաքրքրութեամբ ծանօթացան փայտի, պրոնզի եւ պղինձի վրայ փորագրութիւններու, տարբեր եղանակներով պատրաստուած քանդակներու,պտուտակներով կազմած նկարներու, հմտօրէն մշակուած ձեռային աշխատանքներու, իւղաներկով եւ տեսակաւոր քարերով համադրուած ստեղծագործութիւններու, մանրանկարչական գործերու, սերամիքի եւ ջրաներկի ինքնատիպ պաստառներու: Ցուցահանդէսը շարունակուեցաւ՝ Շաբաթ, յետմիջօրէի ժամը 4–էն, մինչեւ երեկոյեան ժամը ՝ 8-ը եւ Կիրակի, 24 Մայիս 2015-ի առաւօտեան ժամը 10-էն՝ 1, յետմիջօրէի ժամը՝ 4-էն՝ 8, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Զապէլ Մովսէսեան կեդրոնը, երրորդ յարկ, Սին էլ Ֆիլ, Հըրշ Թեպէթ: Օգտուելով այս պատեհութենէն, ճեպազրոյց մը ունեցանք ցուցահանդէսին մասնակցող արուեստագէտներուն հետ: Ծանօթ ոսկերիչ, տաղանդաւոր պղնձագործ
ՄԿՐՏԻՉ ԹԱՀՈՒԼԱՔԵԱՆ մահացած ըլլալով, մեր հարցումներուն պատասխանեց անոր դուստրը. « Մկրտիչ Թահուլաքեանը արհեստով ոսկերիչ էր, սակայն յատուկ սէր ունէր մետաղներու հանդէպ: Յատկապէս հմտացած էր պղնձի եւ ձուլուածքներու վրայ աշխատանքներով: Անոր աշխատանքները եթէ նշմարեցիք, մեծամասնութեամբ դիմանկարներ են՝ ազգային եւ միջազգային դէմքեր: Պղնձաթելերու եւ պղնձափոշիի օգնութեամբ պատրաստած է այս դիմանկարները: Անոր վարպետութեան դրսեւորումն է այս ստեղծագործութիւններուն տրուած գունաւորումը եւ ալիքաւորումը, առանց ներկերու օգնութեան, ջերմութեան եւ թթուային նիւթերու միջոցով»:
ԼԵՆԱ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ- ՏԱՔԵՍԵԱՆ .« Ես յաճախած եմ Աշրեֆիէի Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն վարժարանը: Աւետարանական դաստիարակութիւնը մեծ ազդեցութիւն գործած է վրաս: Ստեղծագործութիւններուս մեծամասնութեան խորքը, կրօնքի եւ հաւատքի հանդէպ մարդ արարածին արտայայտութիւնն է: Խաչը տարբեր խորհուրդներ կը պարունակէ ինծի համար: Խաչի հանդէպ հաւատքը լայն հորիզոններ կրնայ բանալ ենթակային առջեւ: Կեանքի որեւէ մէկ պահուն, նեղութիւն կամ՝ ուրախութիւն, խաչին նայելով եւ աղօթելով, վստահ եղէք Ձեր առջեւ պիտի բացուի լոյս, լայն հորիզոն, կանանչ ճանապարհ..: Խաչին ապաւինելով եւ անոր փրկարար խորհուրդին հաւատալով պիտի ստանաք հոգեկան բաւարարութիւն: Այս՝ արդէն հինգերորդ հաւաքական ցուցահանդէսն է, որուն կը մասնակցիմ: Տարբեր փորձառութիւններ ձեռք բերած եմ այդ ժամանակամիջոցին:
ՀՐԱՉ ԳԱՐԱՄԱՆՈՒԿԵԱՆ .« Գծագրութիւնը սիրած եմ շատ վաղուց՝ նախակրթարան յաճախած տարիներուն : Շրջան մը ծաղրանկարներով դրսեւորած եմ գծագրութեան հանդէպ սէրս: Աւելի ուշ՝ տարբեր ներկանիւթերով կտաւներ ստեղծագործած եմ: Այս՝ որ կը տեսնէք ընդամէնը մէկ տարուան փորձառութեան արդիւնք է: Մօրս մահէն ետք, ձեռագործներու տոպրակ մը յայտնաբերեցի անոր անմիջական իրերուն մէջ: Այս ձեռագործները որ կը տեսնէք, ամբողջութեամբ մօրս կը պատկանին: Որոշեցի զանոնք ներդաշնակել հայկական մանրանկարչութեան հետ: Ահաւասիկ այդ համադրութեան արդիւնքը: Յաճախած եմ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Լեւոն Կ. Նազարեան վարժարանը,ապա՝ Յովակիմեան-Մանուկեան մանչերու երկրորդական վարժարան: Մասնագիտութիւնս կատարելագործած եմ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ: Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Յովակիմեան- Մանուկեան երկրորդական վարժարանը յաճախած տարիներուն շահած եմ «Ֆապրիանօ»ի բազմաթիւ մրցանականներ: Ըսեմ նաեւ, որ միայն ազատ ժամանակներուս կը զբաղիմ գծագրութեամբ: Արհեստավարժ մը չեմ եւ կը մնամ սիրողական նկարիչի մը սահմաններուն մէջ:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ.« Այս ցուցահանդէսին առիթով կը փափաքիմ շնորհակալութիւն յայտնել արուեստի այբուբենը ինծի ծանօթացուցած եւ ընտելացուցած, տաղանդաւոր ուսուցիչ պարոն Վազգէն Թիւթիւնճեանին: Իբրեւ ուսուցիչ եւ անձնաւորութիւն, ան մեծ ներգործութիւն ունեցած է մեր սերունդին հոգեմշակութային գիտակցութեան զարգացման վրայ: Անոր շինիչ թելադրութիւնները մեզի մղած է դառնալու պարտաճանաչ մարդ եւ հայ: Պարոն Վազգէն Թիւթիւնճեանը զիս յորդորեց ընտրելու ճարտարագիտութեան ասպարէզը, որուն համար մեկնեցայ Հայաստան: Այնտեղ, ճարտարագիտութեան գաղտնիքներուն տիրապետելու զուգահեռ, Կանազի մշակութային պալատին մէջ հետեւեցայ քանդակագործութեան: Եօթ տարի շարունակ այդ դասընթացքներուն հետեւելէ ետք, վկայուեցայ իբրեւ ժողովրդական քանդակագործ: Միաժամանակ շրջանաւարտ դարձայ Երեւանի Կարլ Մարքսի անուան փոլիթեխնիքական ինստիտուտի ճարտարագիտական ֆակուլթեթէն: Ուսանողական տարիներուն ծանօթացայ տաղանդաւոր քանդակագործ Շաւարշ Վաղարշակեանին, խաչքարի փորագրութեան վարպետ Կարպիս Թաշճեանին: Պարոն Կարպիսը ինծի նաեւ ծանօթացուց տուֆ քարի վրայ քանդակագործութեան գաղտնիքները: Կերպով մը մասնագիտութիւնս կատարելագործուեցաւ: Մէկ կողմէ՝ ճարտարագիտութիւն, միւս կողմէ՝ քանդակագործութիւն: Արդէն քառորդ դար եւ աւելի, վերադարձած եմ Պէյրութ: Հիմնած եմ անձնական գրասենեակս: Ստեղծած եմ զանազան յուշարձաններ, շէնքեր, համալիրներ: Իբրեւ լաւագոյններէն եւ մանաւանդ առաջիններէն կրնամ յիշատակել Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակէն ներս Եղեռնի յուշարձանը, Սուրբ Ստեփանոս Մատուռը: Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանին մէջ Մեսրոպ Մաշտոցի յուշարձանը, ինչպէս նաեւ Արարատ Լեռը: Զըմառի կաթողիկոսական գահը, Զըմառի Ապրիլեան յուշարձանը: Այսօրուան ցուցահանդէսին մէջ ներկայացուցած եմ մեր ժողովուրդին գոյապայքարը խորհրդանշող ստեղծագործութիւններ: Ձեր առջեւը անմիջականօրէն կը տեսնէք Մայր Հայաստանը՝ գրկած ապագայ Հայաստանը, հայկական դրօշը: Մայր Հայաստանը իր հետ կը կրէ Հայկական Դատը, իսկ ոտքերուն փաթթուած օձը մեր թշնամին է: Ահաւասիկ տարբեր ոճի եւ խորհուրդի արձաններ, խաչքարեր տուֆի վրայ, փայտի վրայ,թաւիշի վրայ: Ձեր բոլոր տեսածները կերպով մը իմ բարոյական պարտքն է, այն բոլոր անձնաւորութիւններուն որոնք մեզի ջամբեցին գիտութիւն: Չեմ ուզեր մոռնալ նաեւ ծնողներս, տիկինս, որոնք մեծ ներդրում ունեցած են բոլոր յաջողութիւններուս մէջ:
ՎԱՀՐԱՄ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ.« Մենք պտուտականերու մեծաքանակ վաճառքով կը զբաղինք: Օր մը, պատահականօրէն սեղանին վրայ պտուտակներ շարեցի, անոնց համաչափութիւնը եւ ներդաշնակութիւնը բան մը արթնցուց մէջս: Հետաքրքրութիւնս աճեցաւ,սկսայ պտուտակներով նկարներ կազմել: Կարճ ժամանակ ետք,փորձեցի տախտակի վրայ ամրացնել զանոնք եւ որոշ զարդեր կազմել այդ պտուտակներով: Ժամանակի ընթացքին փորձառութիւն ձեռք բերելով, աւելի մեծ եւ լուրջ կտորներ սկսայ կազմել տարբեր տրամաչափի պտուտակներով: Այսօր, ինչպէս կը նկատէք, գրեթէ ամէն բան կրնամ աշխատիլ կամ գծել պտուտակներու օգնութեամբ: Աշխատանքներուս մեծամասնութիւնը ունին հայկական շունչ: Բնաւ չեմ մոռցած հայկական խաչքարը: Երեք առիթներով անհատական ցուցահանդէս կազմակերպած եմ Լիբանանի եւ արտասահմանի մէջ: Մասնակցած եմ եօթ հաւաքական ցուցահանդէսներու:
ՇԱՀԷ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ՝ Երեւանի, Թերլեմեզեանի անուան Գեղեցիկ Արուեստից պետական գոլէճէն վկայեալ, ապա՝ Երեւանի Գեղեցիկ Արուեստից ակադեմիայէն վկայեալ: Սերամիքի վրայ արհեստագիտութեան հմուտ մասնագէտ մը: Անոր ստեղծագործութիւնները կ’ընդգրկեն մայրենի բնութիւնը, հայկական եկեղեցիներ: Շահէ Յարութիւնեան անհատական երեք ցուցահանդէս կազմակերպած է Պէյրութի մէջ: Մասնակցած է նաեւ հաւաքական ցուցահանդէսներու: