Կազմակերպութեամբ Հ.Ե.Ը-Անդրանիկ Սեւանի Գործադիր Մարմինին ,Ուրբաթ, 23 Մայիս 2015-ի երեկոյեան, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Զապէլ Մովսէսեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռարուեստային աշխատանքներու եզակի ցուցահանդէսի մը բացումը:
Հ.Ե.Ը-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներու, միութենականներու, մտաւորական եւ արուեստասէր ընտրանիի մը ներկայութեան, Հ.Ե.Ը-ի կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ Համբար Եսայեան կատարեց ցուցահանդէսին պաշտօնական բացումը, հատելով սրահին մուտքին զետեղուած կարմիր ժապաւէնը:
Հ.Ե.Ը Անդրանիկ Սեւանի Գործադիր Մարմինի անունով Օհան Չափրազեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ երախտագիտութեան խօսք ուղղեց Հ.Ե.Ը-ի Կեդրոնական Վարչութեան, ինչպէս նաեւ սկաուտական շարժումի անդամներուն: Ան յայտնեց, թէ ցուցահանդէսը կը ներկայացնէ լիբանանահայ վեց արուեստագէտներու ՝ Մկրտիչ Թահուլաքեան, Վահրամ Աղազարեան, Շահէ Յարութիւնեան, Լենա Մանուկեան- Տաքեսեան, Տիգրան Գալուստեան եւ Հրաչ Գարամանուկեան աշխատանքը, որոնք սիրայօժարօրէն ընդառաջած են սոյն խմբային ցուցահանդէսին մասնակցելու Անդրանիկ Սեւանի Գործադիր Մարմինի հրաւէրը:
Կոկիկ հիւրասիրութեան մը ընթացքին, ներկաները հետաքրքրութեամբ ծանօթացան փայտի, պրոնզի եւ պղինձի վրայ փորագրութիւններու, տարբեր եղանակներով պատրաստուած քանդակներու,պտուտակներով կազմած նկարներու, հմտօրէն մշակուած ձեռային աշխատանքներու, իւղաներկով եւ տեսակաւոր քարերով համադրուած ստեղծագործութիւններու, մանրանկարչական գործերու, սերամիքի եւ ջրաներկի ինքնատիպ պաստառներու:
Ցուցահանդէսը շարունակուեցաւ Շաբաթ, յետմիջօրէի ժամը 4–էն, մինչեւ երեկոյեան ժամը ՝ 8-ը եւ Կիրակի, 24 Մայիս 2015-ի առաւօտեան ժամը 10-էն՝ 1, յետմիջօրէի ժամը՝ 4-էն՝ 8, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Զապէլ Մովսէսեան կեդրոնը, երրորդ յարկ, Սին էլ Ֆիլ, Հըրշ Թեպէթ:
HANDICRAFTS ART EXHIBITION AT AGBU ZABEL MOVSESIAN CENTER
On Friday,22 May 2015, under the patronage of AYA Central Committee, a handicrafts art exhibition was organized by AYA Antranik Sevan Executive Committee, at AGBU Zabel Movsesian Center.
Six distinguished artists participated in the exhibition, showing works of copper wires, bolts, ceramic, glaze and oxide, acrylic and set stones, monuments and sculptures, miniature painting with embroidery.