Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Ղարաբաղի Զօրքը Ինչպէ՞ս Գրաւեց Չինաստանը. Լաչինի Ազատագրման Մասին Ուշագրաւ Պատմութիւն

May 19, 2018
in Newsletter, Զանազանք
0
Ղարաբաղի Զօրքը Ինչպէ՞ս Գրաւեց Չինաստանը. Լաչինի Ազատագրման Մասին Ուշագրաւ Պատմութիւն

1992 Մայիս 17-18-ին հայկական ուժերը ազատագրեցին Լաչինը` Բերձորը: Այդ գործողութիւնը արդարացիօրէն կը համարուի Արցախեան պատերազմի կարեւորագոյններէն մէկը, քանի որ Լաչինի ազատագրումով կը վերականգնուէր Հայաստանի ցամաքային կապը Արցախի հետ: Իզուր չէ, որ անիկա կեանքի ճանապարհ կ՝անուանեն, իսկ գործողութիւնը` Լաչինի մարդասիրական միջանցքի բացում:

Լաչինի ազատագրման հետ կապուած կայ առասպել դարձած պատմութիւն մը, ըստ որուն միջազգային քննարկման մը ժամանակ Լաչինը, որ ֆրանսերէն թարգմանութեան ժամանակ հնչած է «La Chine», շփոթմունքի հետեւանքով ընկալուած է իբրեւ Չինաստան:

Aysor.am-ը պատմութեան մանրամասներով հետաքրքրուած է Քրիստիան Տէր-Ստեփանեանէն, որ 1992-ին ԵԱՀԿ-ի մէջ հայաստանեան պատուիրակութեան ղեկավարն էր ու այս պատմութեան ականատեսը:

«Այո՛, այդ պատմութիւնը իսկապէս իրականութիւն է, բայց խօսքէ խօսք պատմելով քիչ մը փոփոխուած է: Իրականութիւնը այսպէս է. 1992-ի Յուլիսին, այսինքն` Լաչինի ազատագրումէն ամիսներ անց, ԵԱՀԿ ծիրէն ներս բանակցութիւններ կ՝ընթանային Հռոմի մէջ: Դեռ համանախագահներ չկային, իսկ Մինսկի խումբի նախագահը Մարիօ Ռաֆայէլին էր: Ներկայ էին Մինսկի խումբի անդամները, Հայաստանի ու Ատրպէյճանի պատուիրակութիւնները: Ես հայկական պատուիրակութեան ղեկավարն էի»,- պատմած է Քրիստիան Տէր-Ստեփանեան:

«Այդ բանակցութիւններուն ընթացքին Ատրպէյճանի պատուիրակութեան ղեկավարը իր ելոյթին մէջ ըսած է`«Հայաստանը գրաւած է Լաչինը»: Ես հակադարձեցի անոր եւ ֆրանսերէնով պատասխանեցի` «Հայաստանը չէ գրաւած Լաչինը, Լաչինը գրաւած են Ղարաբաղի ուժերը»: Իմ խօսքը միւս ներկաներուն համար կը թարգմանուէր ռուսերէնով: Քանի որ ֆրանսերէնով Լաչինը կը հնչէ նոյն կերպ, ինչպէս Չինաստան պետութեան անուանումը` «La Chine», թարգմանիչը, որ, հաւանաբար չէր գիտէր Ղարաբաղի Լաչինի գոյութեան մասին, խօսքս թարգմանեց այսպէս` «Հայաստանը չէ գրաւած Չինաստանը, Չինաստանը գրաւած են Ղարաբաղի ուժերը»:

Պէտք էր տեսնել ռուսական ու յատկապէս` ատրպէյճանական պատուիրակութեան անդամներուն վիճակը այդ թարգմանութենէն ետք»,- ծիծաղելով յիշած է Քրիստիան Տէր-Ստեփանեան:

Անոր խօսքով` ժամանակին պատմութիւնը շատ հաճելի թուացած էր նաեւ Ղարաբաղի երկրորդ նախագահ Արկադի Ղուկասեանին:

«Կարծեմ 1999-ին էր արդէն, մայիսեան տօներուն, Սարդարապատի մէջ Հայաստան-Սփիւռք համատեղ մեծ ձեռնարկ էր եւ նոյն ծիրէն ներս` ընթրիք: Այդ ժամանակ Արկադի Ղուկասեան այս ուշագրաւ դէպքին մասին պատմեց բոլոր ներկաներուն ու այդպէս ալ անիկա տարածուեցաւ»,- ամփոփած է Քրիստիան Տէր-Ստեփանեան:

Previous Post

Մելքոնեան Վարժարանի Շրջանաւարտներն Այցելեցին Սփիւռքի Նախարարութիւն

Next Post

Պետական Եկամուտներու Կոմիտէի Հարցը Տնտեսավարողները Չխանգարել Է

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.