«Անատոլու» լրատուական գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ Թուրքիոյ Ազգային պաշտպանութեան համալսարանին մէջ ծովուժի եւ օդուժի ակադեմիայի շրջանաւարտներուն աւարտական հանդիսութեան առիթով իր խօսքին մէջ, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յիշեցուցած է Արցախի դէմ պատերազմին ընացքին Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ թրքական անօդաչու թռչող սարքերու յաջող կիրարկումը:
«Թրքական հարուածային անօդաչու թռչող սարքերու յաջող կիրարկումը` Սուրիայէն մինչեւ Ղարաբաղի տագնապի բազմաթիւ գօտիներ, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ, այսօր ամբողջ աշխարհի շուրթերուն վրայ է», ըսած է Թուրքիոյ նախագահը: