Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Կ՛ուղղէ
Պաշտպանելու Ցոյցերուն Խաղաղ Բնոյթը
Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արագացնելու շրջագիծին մէջ երէկ շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ լուր մը, թէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն 24 ժամէն երեսփոխանները պիտի հրաւիրէ վարչապետի նշանակման պարտադիր խորհրդակցութիւններու:
Այս առումով հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի աղբիւրները ոչինչ յայտնեցին` կառչած մնալով իրենց լռութեան:
Միւս կողմէ, Հըզպալլայի պատասխանատուներ ընդգծեցին, որ իրենք կը նախընտրեն քաղաքագէտներ ընդգրկող մասնագէտներու կառավարութիւն մը` աւելցնելով, որ Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութիւնը ամերիկեան նախապայմաններու ենթակայ չի կրնար ըլլալ:
Երէկ երեկոյեան Ռինկի կամուրջը մնաց բաց, Ժալ էլ Տիպի եւ Զուքի մէջ ընդհանրապէս շարժումներ չարձանագրուեցան, Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումի հետեւորդներ հրկիզեցին Սուրի Ալամ հրապարակին վրայ լարուած վրանները, իսկ Քոլայի մէջ լսուեցան հրացանաձգութեան ձայներ` Հըզպալլայի, Ամալ շարժումի եւ Մուսթաքպալ հոսանքի հետեւորդներուն միջեւ:
Բարեբախտաբար սակայն կրակոցներուն պատճառով մարդկային վնասներ չարձանագրուեցան, աւելի ուշ Մուսթաքպալ հոսանքը իր հետեւորդներէն պահանջեց ոչ մէկ բողոքի ցոյցի մասնակցիլ եւ ժողովրդային շարժումի հաւաքներէն հեռանալ:
Կէս գիշերին փակուեցաւ Մասնաայի միջազգային մայրուղին, Պըտտաուիի ճամբան, իսկ Պըհսասի մայրուղին ամբողջ օրուան ընթացքին մնաց փակ:
Նահատակաց հրապարակին վրայ ժողովրդային շարժումի ցուցարարները երեկոյեան բաւական քիչ թիւերով հաւաքուած էին, երբ Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումի հետեւորդները մոթորսիքլեթներով սկսան երթեւեկել այդ հրապարակին վրայ` ներկայութեամբ լիբանանեան բանակի մեծաթիւ զինուորներուն:
Նշենք, որ Հալպայի, Սարպայի, Ֆիատիէի եւ այլ զօրանոցներու մէջ գտնուող երիտասարդներ, որոնք գիշեր մը առաջ ձերբակալուած էին, բոլորը ազատ արձակուեցան:
Իսկ Մարժ Պըսրիի մէջ ջրամբարի կառուցումը մերժող երիտասարդներուն դէմ բողոքի մը իբրեւ հետեւանք երէկ բնապահպան Փոլ Ապի Ռաշետ հարցաքննութեան կանչուեցաւ Մազրաաթ Տահր գիւղաքաղաքի ոստիկանատան կողմէ:
Հարցաքննութենէն ետք Ապի Ռաշետ յայտնեց, որ Պըսրիի ջրամբարին դէմ շարժումին սկսած երիտասարդներուն դէմ բողոքողը այդ ջրամբարի կառուցումը ստանձնող ընկերութիւնն է, որ թրքական ընկերութիւն մըն է:
«Մեզի չի զարմացներ, որ այդ պետութիւնն է ջրամբարի կառուցումը ստանձնողը, որովհետեւ Մարժ Պըսրիի մէջ պիտի իրագործուէր եկեղեցիներու, պատմամշակութային կոթողներու ջարդ մը, որուն վարժ է այդ պետութիւնը», ըսաւ ան:
Երեկոյեան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը լիբանանեան քաղաքական ուժերուն երկխօսութեան կոչ ուղղեց` ընդգծելով ժողովուրդի պահանջներուն ընդառաջելու կարողութիւն ունեցող կառավարութեան մը կազմութեան կարեւորութիւնը:
Ապահովութեան խորհուրդը անհրաժեշտ նկատեց ցոյցերու խաղաղ բնոյթին պահպանումը` յորդորելով կանխարգիլել վայրագութիւնն ու յարգել խաղաղ ցոյց կատարելու իրաւունքը:
Ապահովութեան խորհուրդը դրուատեց լիբանանեան ապահովութեան ուժերուն կողմէ ցուցարարներուն իրաւունքը պաշտպանելու քայլերը:
Միւս կողմէ, Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչ զգուշացուց Լիբանանի բողոքի ցոյցերը համայնքային բախումներու վերածելու հաւանականութենէն:
Իր կարգին, պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Էլիաս Պու Սաապ ընդգծեց, որ ճամբաներու փակումը արգիլուած է` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութեան իմաստով լուրջ աշխատանք ի գործ կը դրուի:
Ուշ գիշերին, Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին հաստատեց, որ Մոսկուայի համար ժողովրդային շարժումի քայլերը ողջունելի չեն` նկատի ունենալով, որ անոնք երկրին մթնոլորտը կ՛առաջնորդեն դէպի լարուածութիւն եւ ճամբաներու փակում:
Ժողովրդային շարժումը երէկ գրեթէ սառած էր, որովհետեւ տիրական մթնոլորտը ճնշող էր եւ կսկիծ պատճառող:
Ցուցարարներուն կողմէ ճամբաներ փակելու իբրեւ հետեւանք երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն Ժիէի մայրուղիին վրայ արձանագրուեցաւ ահաւոր դէպք մը, երբ հարաւէն Պէյրութ եկող ինքնաշարժ մը հրդեհ առաւ` պատճառելով քաղաքացիներ Հիւսէյն Շալհուպի եւ Սանա Ժունտիի մահը:
Ինքնաշարժէն կրցաւ փրկուիլ միայն Հիւսէյն Շալհուպի դուստրը:
Սանա Ժունտիի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը երէկ կատարուեցաւ Սուրի մէջ` վշտի ու ցասումի մթնոլորտին մէջ:
Շիիներու գերագոյն խորհուրդը խստիւ դատապարտեց հարաւէն Պէյրութ փոխադրուող քաղաքացիներուն սպանութիւնը պատճառած դէպքը, որ հետեւանք էր ցուցարարներուն կողմէ ճամբաները փակելու եւ քաղաքացիներուն երթեւեկի իրաւունքին դէմ ոտնձգութիւն գործելու քայլերուն:
Շիիներու գերագոյն խորհուրդը կոչ ուղղեց բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն պաշտպանելու լիբանանցիներուն անվտանգութիւնը եւ ապահովելու անոնց երթեւեկի իրաւունքը:
Շիիներու գերագոյն խորհուրդը պահանջեց հետաքննութիւն բանալ եւ բացայայտել միջադէպին դրդապատճառներն ու դատավարութեան ենթարկել յանցագործները` անոնց համար սահմանելով խստագոյն պատիժները:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շեշտեց, որ Կեդրոնական Պէյրութի եւ Պէյրութ-Հարաւ մայրուղիին վրայ արձանագրուած դէպքերը խստիւ դատապարտելի են:
«Երէկ Ժիէի մայրուղիին վրայ օրուան հացը արիւնաթաթախ դարձաւ` խլելով Հիւսէյն Շալհուպի եւ Սանա Ժունտիի կեանքերը», ըսաւ Պըրրի:
Ան կոչ ուղղեց բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն լիբանանցիներուն դիմաց բոլոր ճամբաները բաց պահելու` կանխարգիլելու համար սադրանքներու նախապատրաստութիւնը:
Պըրրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ զոհերուն ընտանիքներուն հետ եւ ցաւակցութիւն յայտնեց անոնց:
Հըզպալլայի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ խստիւ դատապարտուեցաւ Ժիէի դէպքը` կոչ ուղղելով բացայայտել ահաբեկչական այդ գործողութեան մանրամասնութիւնները եւ պատժելով յանցագործները:
Հըզպալլա նկատել տուաւ, որ լիբանանցի քաղաքացիներուն վրայ գործուած այդ յարձակումը բոլոր լիբանանցիներուն դէմ յարձակումի համազօր է, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական անվտանգութեան եւ ընկերային կայունութեան դէմ սպառնալիք:
Հըզպալլայի ղեկավարութիւնը ցաւակցութիւն յայտնեց զոհերու հարազատներուն:
Երեկոյեան Նապաթիէի եւ Մշարրաֆիէի մէջ կազմակերպուեցաւ հսկում – մոմավառութիւն` երկու զոհերու յիշատակին:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ հաստատեց, որ ճամբաներու փակումը միայն հարցեր եւ լարուածութիւն կը պատճառէ, ու անոր պատճառով զոհեր կ՛արձանագրուին:
Ժոմպլաթ դատապարտեց գիշեր մը առաջ Կեդրոնական Պէյրութի մէջ արձանագրուած բախումները, ինչպէս նաեւ ցաւակցութիւն յայտնեց Ժիէի մայրուղիին վրայ արձանագրուած զոհերու հարազատներուն: «Պէտք է բոլոր ճամբաները բաց պահել` իր օրուան հացին համար աշխատող քաղաքացիին երթեւեկը ապահովելու համար», ըսաւ ան:
Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան դատապարտեց Ժիէի ցաւալի դէպքը` շեշտելով, որ ճամբաները փակելը երկիրը անդունդն ի վար պիտի գլորէ:
Նախանցեալ գիշերուան Ռինկի իրադարձութիւնները իրենց կարգին ամբողջ օրուան ընթացքին իրենք զիրենք պարտադրեցին իբրեւ օրուան տիրական նիւթ:
Վճռաբեկ ատեանի ընդհանուր դատախազ Ղասսան Օուէյտաթ հետաքննութիւն բացաւ կիրակի գիշեր Ռինկի կամուրջին վրայ արձանագրուած դէպքերուն մասին, որոնց պատճառով մեծ թիւով բանակայիններ վիրաւորուած էին, ինչպէս նաեւ արձանագրուած էին նիւթական վնասներ` Մոնոյի եւ Սայֆիի մէջ գտնուող ինքնաշարժներուն, վաճառատուներուն եւ կառոյցներուն դէմ:
Դատախազ Օուէյտաթ պահանջեց նաեւ շրջանին տեսախցիկները ունենալ` ճշդելու համար յարձակում գործող երիտասարդներուն ինքնութիւնը:
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը խստիւ դատապարտեց Ժողովրդային շարժումի ցուցարարներուն եւ ժողովուրդի կալուածներուն դէմ գործուած յարձակումները` զանոնք նկատելով Լիբանանի դէմ գործուած յարձակում: