Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Ճանչնալ Հայասպանութեան Անչափելի Կորուստները

November 19, 2018
in Newsletter, Յօդուածներ
0
Յովսէփ Էսկիճեանի «Յաւերժի Ճամբորդ Հայը»` Հրաւէր Նոր Սերունդին

Յարութիւն Իսկահատեան- BAIKAR 99

Շուէտացի պատմաբան Կէօրան Կունէր ուսումնասիրած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը նախքան 1980-ական թուականներուն իր քանի մը այցելութիւնները բռնագրաւուած Հայաստան եւ ներկայի Թուրքիոյ հարաւային հատուածները: Անոր այցելութիւններու նպատակը եղած է տեսնել թէ ի՞նչ մնացած է երբեմնի շէնշող Հայաստանէն ու անոր քաղաքակրթութենէն, մշակոյթէն ու ճարտարապետական հարստութիւններէն:

Իւրաքանչիւր շրջապտոյտէ ետք Կէօրան Կունէր յուսախափ եղած է տեսնելով թուրքին ձեռքով կատարուած աւերածութեան` հայկական եկեղեցիներու, խաչքարերու եւ ճարտարապետական կառոյցներու: Իր բնութագրումով 2000 հայկական եկեղեցիներէն գրեթէ ոչ մէկ բան մնացած է «Այսօրուան Թուրքիա կոչուած երկրին մէջ», բացի Մարտինի եւ Տիգրանակերտի քանի մը եկեղեցիներէ: Ան Անիի մէջ տեսած է քանի մը կիսականգուն եկեղեցիներ, զորս թուրքերը կը ներկայացնէին իբրեւ ճարտարապետական հնութիւններ եւ ոչ մէկ տեղեկութիւն կու տային անոնց հայկական ըլլալուն մասին: Կանգուն էր նաեւ Վանայ լիճի Աղթամար կղզիին վրայ կառուցուած Ս. Խաչ տաճարը: Մնացեալ բոլորը թուրքերը սրբած էին եւ կամ միայն քարերու կոյտի վերածուած: Կարս քաղաքէն դուրս ան տեսած էր տաշուած քարերու կոյտ մը, որ կը յուշէր թէ անցեալին ան հայկական եկեղեցի մըն էր: Խարբերդէն դուրս՝ դաշտին մէջ տակաւին կանգուն էին հայկական եկեղեցիի մը պատերը: Վանայ լիճի միւս կղզիներուն վրայ՝ Կտուց (թրքացուած անունով՝ Չարփանակ) եւ Լիմ (Ատիր) կ’երաւային միայն հայկական վանքերու մնացորդ քարերը: Ասդին անդին կային քանի մը հայկական խաչքարեր, բծախնդրութեամբ տաշուած իբրեւ հայուն հաւատքին խորհրդանշանը:

Կէօրան Կունէր կ’ըսէ թէ Հայոց Ցեղասպանութենէն եւ ասորական Սուրի Տարիէն (Սէյֆօ) ետք թէեւ չկան հայկական եկեղեցիները, վանքերը, խաչքարերն ու ճարտարապետական կառոյցները, սակայն «գոյութիւն ունին անցեալի կենդանի պատմութիւնները լսուած վերապրողներու եւ ականատեսներու բերնէն ու փոխանցուած սերունդէ սերունդ: Անցեալին պատահած դէպքերուն յուշերը վերապրողներու երեխաներուն, թոռներուն ու ծոռերուն ապրելու իմաստ կը հայթայթեն, ինչպէս նաեւ ամբողջ աշխարհի՝ պատեհութիւն մը քսաներրորդ դարու Առաջին Ցեղասպանութիւնը ընբռնելու»:

Ըստ Կունէրի շուէտական մամուլին մէջ լոյս տեսած «Սարսափելի Կոտորածներ Հայաստանի Մէջ» վերնագրեալ յօդուածով 1915-ի ամառը արդէն շուէտական հանրային կարծիքը իրազեկ դարձած էր թուրքերու ձեռքով Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող ջարդերուն: 1915-1916-ին շուէտական մամուլը յաճախ կը գրէր թէ յարատեւ կոտորածներ տեղի կ’ունենան Հայաստանի մէջ, հակահայկական ջարդերը կը գործադրուէին մանաւանդ Օսմանեան Պետութեան արեւելեան նահանգներու քաղաքներուն մէջ եւ շրջակայքը՝ Կարին, Դերջան, Ակն, Բաղէշ, Մուշ, Սասուն եւ ուրիշ վայրեր:

Կէօրան Կունէր կ’ըսէ թէ Հայասպանութենէն աւելի քան հարիւր տարի անցած է եւ հետեւաբար ոչ մէկ ականատես վերապրող վկայ կ’ապրի այդ դէպքերէն: Սակայն եւ այնպէս, այդ տարիներու հակահայ արինոտ եղելութիւններուն մասին ականատեսի վկայութիւններ գոյութիւն ունին դիւանագիտական արխիւներու, գիրքերու, հարցազրոյցներու եւ թերթերու մէջ: Յուշագրական երկար թէ կարճ պատումներ բաւարար կանոնաւոր ու ներդաշնակ նիւթեր կը հայթայթեն պատմաբաններուն եւ ուսումնասիրողներուն որոնցմով անոնք կրնան հաստատել Հայասպանութեան փաստը, ինչ որ արդէն կը պատահի: Յուշագրական պատումները նոյնպէս կ’օգնեն վերապրածներու սերունդներուն, որպէսզի անոնք կարենան չափել Հայասպանութեան ահաւորութիւնը եւ քաջատեղեակ դառնան պատահած դէպքերուն՝ անոնց մանրամասնութիւններով: Այս պատումները ընդհանրապէս գոյութիւն ունին ընտանիքներու, եկեղեցիներու եւ միութիւններու մէջ եւ յաճախ կը պատմուին նոր սերունդներուն: Կէօրան Կունէր հոս կ’ընդգծէ ուշագրաւ հարց մը թէ Հայասպանութեան մասին այսքան փաստարկներու գոյութեամբ հանդերձ կը մնան պետութիւններ, որոնք մինչեւ հիմա չեն ճանչցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Այս ուրացումը, կ’ըսէ ան, հայոց նոր սերունդներուն մէջ ընդհանրապէս ընդվզում յառաջացուցած է միջազգային կարգերու եւ արդարութիւն ու ազատութիւն քարոզող հաստատութիւններու հանդէպ: Նկատի պէտք է ունենալ, որ այս միտքերը կը ցոլացնեն անցեալ  դարու ութսունականներու մթնոլորտը, երբ հակաթրքական հայկական զինեալ պայքար տեղի կ’ունենար:

Հայոց Ցեղասպանութենէն անմիջապէս ետք Շուէտի մէջ վերլուծողներ եւ հրապարակագիրներ կը գործածէին «հաւաքական ջարդեր», «կոտորած», «արեան բաղնիքներ» եւ այլ արտայայտութիւններ՝ նկարագրելու համար Հայասպանութիւնը: Սակայն շատ չանցած «Ցեղասպանութիւն» արտայայտութիւնը հաստատուեցաւ եւ սկսաւ լայն գործածութեան մէջ մտնել:

Շուէտացի ականատես վկաներու յուշերը գոյութիւն ունին այսօր եւ անոնք ամենէն զօրաւոր փաստարկները կը ներկայացնեն Հայասպանութիւնը հաստատող, հոգ չէ որ հայ թէ օտար վերապրողներն ու ականատես վկաները այլեւս կեանքէն բաժնուած են: Այս ականատես վկաները եղած են դէպքերու շատ մօտիկ իրենց առաքելութեան բերումով եւ գրի առած են իրենց յուշերը: Ասոնցմէ են միսիոնարուհի Օլկա Մոպերկ եւ մանկավարժ Նաթանայէլ Պեսքով:

Միսիոնարուհի Օլկա Մոպերկ շուէտական բարեսիրական կազմակերպութեան մը մէջ աշխատած է Պարսկաստանի հիւսիսն ու Հայաստանի արեւելեան հատուածին մէջ 1915-ին: Ան ականատես վկայ Մ. Փիրանեանի յուշերը շուէտերէնի թարգմանած եւ  հրատարակած է Շուէտի մէջ 1917-ին «Արիւն Ու Արցունք» խորագրով (Blod oh Tarar. Armeniernas Lidanden i Turkiet// Blood and Tears): Սոյն գիրքին նախաբանը գրուած է ուրիշ շուէտացի ականատես վկայի մը կողմէ Լ. Ի. Հէօկպերկ անունով: Հէօկպերկ կ’ըսէ «1915-1917 Հայաստանի մէջ ինչ որ տեղի կ’ունենար թուրքերու կողմէ՝ ճիգ մըն էր ամբողջ ազգ մը բնաջնջելու… Այս միջոցին հայերը կ’ենթարկուին անպատմելի տառապանքներու եւ սարսափելի վայրագութիւններու»: Սթոքհոլմի քաղաքապետը՝ Քարլ Լինտհակէն, որ միեւնոյն ատեն Շուէտի Խորհրդարանի անդամ էր, յուշագիրքը կը ներկայացնէ Խորհրդարանի առջեւ եւ պատգամաւորներուն հետ կը զրուցէ անոր մասին: Լինտհակէն կ’ըսէ. «Երբ մենք կը խօսինք, անդին հայ մանուկներ, կիներ, ծերեր եւ աղջիկներ մահուան ճիրաններուն մէջ կը տառապին իրենց սեփական արիւնին մէջ խեղդուելով: Բազմաթիւ անկողմնակալ տեղեկագրութիւններ գոյութիւն ունին այս մասին եւ այսօր շուէտի հանրային կարծիքը իրազէկ կը դառանյ հայոց տառապանքներուն «Արիւն Ու Արցունք» վերնագրեալ յուշագիրքին միջոցաւ: Կատարուածը հայ Ազգի բնաջնջումն է, որ վերջերս տեղի կ’ունենայ»:

Վերոյիշեալ զեկուցումը շուէտացի պատմաբան Կէօրան Կունէր ներկայացուցած է  2015-ին Սթոքհոլմի Սէոտըրթէորն Համալսարանի մէկ գիտաժողովին, որուն ընթացքին արծարծուած են Հայասպանութեան վերաբերեալ զանազան նիւթեր՝ «Ցեղասպանութեան Ժամանակէն 1915-2015, Զեկուցում Հայոց Ցեղասպանութեան Եւ Ասորական (1915-Սէյֆօ  կամ Սուրի Տարին) Կոտորածներու Մասին- 2015, Սթուտիոֆորպունտէթ Պիլտա Հրատ., Սթոքհոլմ, Շուէտ» (In Times of Genocide 1915-2015: Report from a conference on the Armenian Genocide and Syriac Seyfo- publisher: Studieförbundet Bilda, 2015, Stolkholm, Sweden) խորագրին տակ:

Երբ թուրքը կ’ուրանայ եւ ուրիշներ ելլելով իրենց շահերէն հաշուենկատօրէն նենգաբար կը մերժեն ճանչնալ Հայասպանութեան փաստը, անոր մանաւանդ օտար ականատես վկաներու յուշագրութիւնները իբր փաստագրութիւն կը մնան նոյնիսկ անոնց մահէն ետք եւ կը ներկայացնեն ամենէն հաւաստի ու պերճախօս վկայութիւնները, որոնք կ’ամրապնդեն Հայասպանութեան փաստը:

Previous Post

The women keeping peace… in the deadliest place

Next Post

Բարսեղ Կանաչեանի, Նիկոլ Աղբալեանի Եւ Լեւոն Շանթի Վերանորոգուած Շիրիմներու Օրհնութիւն Եւ Հոգեհանգիստ` Անոնց Յիշատակին

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.