Վեհանոյշ Թէքեան
Նախ առաստաղը ծալլել — մէկ կողմ դնել
Տուփ մը հայելի լաւ մը փշրտել — ան ալ մէկդի դնել
Մեծ աման մը առնել — լուալ յոյսով
մէկ վայրկեան ետք զայն չորցնել խաբկանքով
Մէջը խառնել
Երկու քիլօ դուռ
Հինգ փաունտ պատուհան — տեսարանները կեղուել թափել
շրջանակը փոքր քառակուսիներու վերածել
Աւելցնել առօրեայ դեղեր
Քիչ մը արցունք
Մէկ գլուխ կասկած
Մէկ ափ խնդուք
Առածին չափ՝ յիշատակ
Եթէ խառնուրդը թանձր թուի՝ կամաց կամաց աւելցնել
մէկ ապուրի դգալ ապագայ — աւելին կծու կ՚ըլլայ
Այս բոլորը լաւ մը խառնել եւ ձգել որ ուռի
Փուռ չդրած՝ վրան ցանցնել հայելին
Եփել մինչեւ որ ժամդ հասնի
***
ԺԱՄԱՑՈՅՑ
Ծնած օրդ աշխարհի մէջ
ժամացոյց մը կը ստեղծուի։
Կը լսես զայն բայց չես տեսներ,
մանկան ձայնով, խռպոտ ձայնով կը բանի։
Երբեմն ալ դադրիլ կ՚ուզէ – երկինք-երկիր
իրար կ՚անցընես, չես ձգեր.
Երբեմն դո՛ւն կ՚ուզես լռէ – քեզ անկիւնէդ դուրս կը հանէ
ու չի լռեր։
Տանդ պատերը տխուր-մխուր կախուեր են,
Մայրդ կու լայ մղըլ-մղել – հոգի ունի, կը տանջուի.
Ժամացոյցը Դամոկլեան սուր՝ վախ կը շերտէ,
Յետոյ յանկարծ կ՚անասնանայ կը կաղկանձէ,
Իսկ երբեմն այնքան անոյշ կը կարկաչէ
վտակ-մտակ, սոխակ-մոխակ այնքան քաղցր չեն.
Այս բոլորը, այո՛, այդ նոյն ժամացոյցն է։
Թաք-թաք թաք-թաք։
Փա՛ռք տուր որ կայ,
Միակ բանն է՝ տարիքիդ հետ կը լաւանայ –
Ականջդ որքան ծանր ըլլայ՝ անոր ձայնը
կը զօրանայ։
Եւ օր մը ալ – դեռ չկուրցած
կը տեսնես որ արեգակը մար կը մտնէ,
Ժամացոյցը կը փալփլի լռատարած խաւարէն
Սլաքները հրեշտակի թեւեր կ՚առնեն
Եւ թեթեւոտն ստուերներ թիւերուն վրայ
պատանք կ՚ածեն
Ու ճեփ-ճերմակ աղաւնիներ դուրս կը թռին
մեղմատոտիկ մօտդ կուգան
Կը գրկեն քեզ մահագորով,
առանց ետին նայելու։
***