ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Յայտնի յօդուածագիր եւ մտաւորական, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը իրականացուցած երիտթուրքերու ղեկավարներէն՝ Ճեմալ փաշայի թոռնիկը՝ Հասան Ճեմալը, 3 Ապրիլին դատապարտուեցաւ 1,5 տարուան բանտարկութեան՝ «ահաբեկչական կազմակերպութեան օգտին քարոզչութիւն կատարելու» ամբաստանութեամբ, որ Անգարայի կողմէ յաճախ կը շահագործուի այլախոհները լռութեան մատնելու նպատակով։
Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ այդ մասին հատորի մը հեղինակ Հասան Ճամալ հետապնդուելու սկսած է 2013-ին, իր հեղինակած «Նահանջի Օրագրութիւն» վերնագիրով յօդուածներու շարքին համար, ուր ան անդրադարձած էր Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական համարուող Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան մղած պայքարին։
Հասան Ճեմալ անցեալ տարի իսկ այս հարցով դատուեցաւ, բայց դատավարութեան աւարտին դատարանը որոշած էր յետաձգել պատիժի գործադրութիւնը: Սակայն 2 Ապրիլին, Պոլսոյ դատարանը որոշեց կիրառել այդ պատիժը: