ՆՈՒԱՐԴ ՏԱՐԱԳՃԵԱՆ-ՄԱՏՈՅԵԱՆ
Երբ Կը Բացակայի Պետական Մտածողութիւնը՝
Երկիրը Կը Յայտնուի Անկայուն Վիճակի Մէջ
Այսօր ճշմարտութեան աղաղակող ձայնն է, որ կը
պահանջէ բացայայտել քօղարկուած ճշմարտութիւնը:
Հանրութիւնը պէտք է իրազեկ դառնայ կատարուած
իրողութիւններուն:
Ո՞վ է երկիրը ցնցումներու տանողը: Ո՞վ է երկիրը լարուած,
անկայուն վիճակի մէջ պահողը:
Ի՞նչու այսօր դրամապաշտ մարդիկ, ամէն միջոց ի գործ դնելով,
կը փորձեն իրենց յանցագործութիւնները արդարացնել, ուրանալով
իրենց գործադրած անիրաւութիւններն ու դաւադրութիւնները,
ժողովուրդին հարստահարումն ու կեղեքումը:
Մարդիկ, որոնք իրենց յանցագործութիւնները չեն ընդունիր,
ինչպէս որ թուրքը չ՜ուզեր ընդունիլ Հայոց Ցեղասպանութիւնը :
Եթէ չենք ուզեր այս զուգահեռները տեսնել, բայց պատմական
իրադարձութիւնները՝ Հոկտեմբեր 27 -ը, Մարտ 1- ը, անցնող
տասնամեակներու տխուր եղելութիւններուն բուն էութիւնը,
չենք կրնար վերացնել ժողովուրդին հաւաքական յիշողութենէն,
չենք կրնար ջնջել ժամանաշրջանի մը պատմութեան էջերէն:
Ճշմարտութեան տենչացող միտքը չի կրնար հանդուրժել,
երբ մտահոգիչ հարցեր կան, որոնց պատասխանները
անպայման պէտք է տրուին:
Իսկ եթէ հանդուրժենք, անխուսափելիօրէն պիտի բերեն աւելի
վատ արդիւնքներ, մեծ կորուստներ:
Ուստի պէտք չէ հանդուրժել , այլ քաղաքակիրթ ձեւով պէտք է
առաջքը առնել:
Ո՞ւր է նախագահական կառոյցի հաւասարակշռող դերը, այս
իրավիճակին խաղաղ լոււծումներ գտնելու:
Մինչ նենգամիտ թշնամին պատրաստ է նոր ծուղակներ
ու սադրանքներ նիւթելու, յագուրդ տալու իր
ծաւալապաշտական նկրտումներուն:
Այսօր երկրին առջեւ ծառացած են նոր մարտահրաւէրներ:
Երկրին ներքաղաքական անկայուն վիճակը աղէտալի է ու կործանարար:
Այն ինչ յարմար առիթ մը կ՜ընծայէ թշնամիին, իրականացնելու
իր հետապնդած նպատակները:
Միթէ մեր ազգին ողբերգութիւնը չէ՞:
Ժողովուրդ մը, որ անցած է կեանքի դժուար ու դաժան
ճանապարհներով, տեսած է չարիք ու դաւեր, ջարդ ու կոտորած,
բայց միշտ մնացած է մարտնչող հոգի, իմաստնացած երկար
դարերու փորձով:
Այսօր մեր ներքին լարուածութեամբ երկիր կը քանդենք ,
առանց մտածելու թէ կառուցողական ինչ կարելի է ընել,
որն է ելքը:
Այսօր կանգնած ենք անդունդի եզրին, երկիր մը ամբողջ զոհ
կը դառնայ խմբակային շահերու:
Պէտք է կրկնել ու մտաբերել անհերքելի այս ճշմարտութիւնը՝
մարդոց մէջ երբ կը բացակայի պետական մտածողութիւնը,
չեն կրնար ըմբռնել պետութեան եւ պետականութեան արժէքը:
Չեն կրնար գործել պետական մտածողութեան բարձր
գիտակցութեամբ ու պատասխանատուութեամբ:
Փառասիրութենէն մղուած մարդոց անխոհեմ քայլերը,
երկիրը կը տանին կործանման:
Եւ պիտի կրկնենք նաեւ այս խօսքերը ՝ երկիրը մե՜րն է,
ժողովուրդը մե՜րն է, եւ պետութիւնը մե՜րն է:
Պետութիւն՝ որ պիտի փոխանցենք գալիք սերունդներուն:
Պետութիւն, որուն գոյութիւնն ու կայունութիւնը ամրապնդելու
համար, իւրաքանչիւր հայ առաւել կամ նուազ չափով ազգային
պարտաւորութիւն մը ունի կատարելիք:
Մեր միակ փրկութիւնը մեր միասնականութեան մէջ է:
Միաբանիլ՝ մէկ կողմ դնելով մեր տարակարծութիւնները,
ոխն ու վրէժը:
Հայրենիքին փրկութիւնը մեր համագործակցութեան մէջ է,
ազգային նպատակներու իրագործումին մէջ է, եւ մեր
ծրագիրներուն ճշգրիտ կանխատեսումներու մէջ է:
Ճակատագրական ու բախտորոշ այս օրերուն ըլլանք սթափ,
չենթարկուելու սադրանքներու, չխախտելու
երկրին հիմքերը:
Ամէն ինչ կորսուած չէ,՜ երկրին կայունութիւնը խանգարելով ,
հայրենիք չենք փրկեր:
Հայրենիքի փրկութիւնը մեր հաւաքական ոյժի մէջ է…