Ս. Զատկուան տօնին առիթով, ճարտարարուեստի նախարար Ճորճ Պուչիքեան շնորհաւորեց լիբանանցիները` մաղթելով, որ Քրիստոսի յարութեամբ Լիբանան եւս վերականգնի:
Նախարար Պուչիքեան շեշտեց, որ բարիքի, սրբութեան եւ օրհնութեան Լիբանանը իր զաւակները յուսախաբ չէ ըրած` աւելցնելով, որ Լիբանանին կառչածութիւնը զիրենք կը մղէ աշխատելու անոր ապաքինման ու բարգաւաճման ի խնդիր:
«Լիբանան արժանի է զոհողութեան, ինչքան ալ խիստ ըլլան դժուարութիւնները, որպէսզի ան վերահաստատէ քաղաքակրթութեան, մշակոյթի, երկխօսութեան եւ չափաւորականութեան փարոսի իր դերակատարութիւնը», ըսաւ ան: