ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Ատենը մէյ մը հաճելի ժամանց է դիմատետրային էջի մը վրայ իյնալը․ մէկը բան մը կը գրէ, իսկ ուրիշներ՝ դիմատետրի ընկերներ, կը մեկնաբանեն։ Միտքէ-խելքէ չանցածը հոն կը սորվիս։ Ատիկա աւելի հետաքրքրական կ՛ըլլայ, երբ օգտատէրն ու դիմատետրային ընկերները ծանօթ մարդիկ կ՛ելլեն, ըսել կ՛ուզեմ՝ հանգամանք մը կը ներկայացնեն՝ լրագրող են, մանկավարժ, գործարար, ազգային գործիչ եւ․․․
Ահա․ օգտատէր մը իր էջին վրայ գրած է․
— Երեւանը սարքենք Պուրճ Համմուտ – շեշտով։
Առաջին բանը, որ ուշադրութիւնս գրաւեց, սա «շեշտով» բառն է, որ ժպիտ մը քաղեց ինձմէ։ Մարդը «դուխով» բառին համարժէք մը փնտռել ուզած է։ Խօսք չունիմ։ Քալեց։
Բայց կը մտորեմ․ գրածը հեգնա՞նք է, թէ լուրջ առաջադրանք։ Շատ անգամ այսպիսի բաներ գրողները «Հասկցողաց բարեւներ»ով կը վերջաջնեն, բայց եկուր տես, որ ինչպէս շատերը, բայց գոնէ ես դժուարութիւն կ՛ունենամ բարեւները ընդունելու, որովհետեւ կամայ-ակամայ «անհասկցողաց» խումբին մէջ կ՛իյնամ։
Հեգնա՞նք է, թէ լուրջ առաջադրանք։
Ես 70-ականներուն ապրած եմ Պուրճ Համմուտ։ Այնտեղէն անհատներ եւ ընտանիքներ կը փախչէին Պէյրութի նորակառոյց թաղամասերը կամ կ՛անցնէին ծովերէն ու ովկիանոսներէն անդին։ Ամէն պուրճհամմուտցի, իր տան սեմին նստած, այդ թաղէն ազատելու երազ մը ունէր ։ Պարպուող տուները շատ էին․ վարձքը կը յարմարէր ուսանողի եւ ուսուցիչի համար։ Քիւրտ մը տունը չվարձած՝ ես կը վարձէի, խորհելով Պուրճ Համմուտը Քիւրտիստան ըլլալէ փրկելու մասին․․․։ Պուրտ Համմուտը մեզի համար «ակա»ներու եւ «զաիմ»ներու թաղամաս էր, էժանագին սինեմաներու եւ նման ֆիլմերու թաղամաս էր, պատուհանէ պատուհան իրարու լուտանք թափող կիներու թաղամաս էր․․․ բայց նաեւ համեստ պայմաններով ապրող հայ ընտանիքներու, կրթական մեծ օճախներու՝ Սոֆիա Յակոբեան, Շամլեան-Թաթիկեան, Մեսրոպեան ու դեռ շարք մը նախակրթարաններ, գրավաճառներ, թատերասրահ, դաշնակցական ակումբ, հայկական թաղը պաշտպանող զինեալ տղաք․․․
— Երեւանը սարքենք Պուրճ Համմուտ – շեշտով։— Հեգնա՞նք է, թէ լուրջ առաջադրանք։
Ընկեր մը լուրջ-լուրջ կը գրէ․
— Սարքեցէք, բնաւ դէմ չեմ, անշուշտ պայմանով, որ չկրկնօրինակուին երեւանցիներու թերությունները։
Չեմ հասկնար, այսինքն՝ ի՞նչ, ներմուծենք միայն պուրճհամմուտեա՞նը՝ «ակա»ներն ու «զաիմ»ները, թրքերէն հայհոյանքները, հաշիւներ մաքրելու պուրճհամմուտեան եղանակները, վայրկեան առաջ դուրս ելլելու մեր երազանքները․․․
Բայց ուրիշ ընկեր մը օգնութեան կը հասնի ինծի․
— Լաւ կ’ըլլայ արևմտահայերէնով արտայայտուող եւ դասական ուղղագրութեամբ գրող դպրոց մը հիմնելով սկսիլ։ Օրինակի համար Համազգայինի Ճեմարան։
— Շատ հետաքրքական գաղափար, իրագործելի եւ իրապաշտ,- կ՛աւելցնէ ուրիշ մը։
Բայց ես կը ցաւիմ։ Սփիւռքի այդ դպրոցները նախ արեւմտահայերէնի եւ հայեցի կրթութեան կեդրոններ էին ու կը մնան, բայց կ՛արժէ հարցնել, թէ ներկայիս իրենց առաքելութեան հարազա՞տ են ու արդիւնաւէ՞տ՝ Մարսէյլի Համազգային ճեմարանը եւ Ամերիկաներու մէջ բացուած մեր բազում երկրորդական վարժարանները։ Կը գուրգուրա՞նք անոնց վրայ, ինչպէս ժամանակին՝ Նշան Փալանճեանի, Պէյրութի Հայ Սքուլի, Կիպրոսի Մելքոնեանի եւ միւսերուն վրայ։ Հարցուցէք դուք ձեզի։ Երկրորդ՝ ինչի՞ պիտի ծառայեն հայրենիքի մէջ մեր բացած Համազգայինի կամ ոչ՝ անհատական, յարանուանական ու կուսակցական դպրոցները։ Ամեն տարի աշակերտ կորսնցնող Հայրենիքի հանրակրթարանները, միջնակարգ ու բարձրագոյն դպրոցները չե՞ն գոհացներ ձեզ․․․ Պայքարեցէք անոնց համար․ ըսէք որ արեւմտահայերէնը համազգային արժէք է ու անոր ներկայութիւնը, պարտ ու պատշաճ տարողութեամբ, պէտք է ներկայ ըլլայ բոլոր դասագիրքերուն մէջ եւ բոլորին համար, ինչպէս արեւելահայերէնն է մեր սփիւռքեան դասագիրքերուն եւ դպրոցներուն մէջ։ Յետոյ՝ նման հաստատութեան հիմնումը նիւթական հսկայ մսխում կ՛ենթադրէ, այնքան որ անոր հաշւոյն՝ մեր Սփիւռքեան հաստատութիւններու նպաստի աղբիւրները կը սմքին, հաստատութիւնները կը փակուին․․․ Փա՞ստ կ՛ուզէք․․․։ Յետոյ, եղբայր, Սփիւռքի մէջ կան շատ տեղեր, ուր եկեղեցի եւ դպրոցական հսկայ շէնքեր կառուցեցինք, բայց ամենօրեայ դպրոց չբացինք․․․ Ինչո՞ւ չէք պահանջեր․․․
— Երեւանը սարքենք Պուրճ Համմուտ – շեշտով։
Ու բարեկամներէն մէկը կրթականի եւ խոհանոցի միջեւ զուգահեռ մը անցընելով կը գրէ
— Այնպէս ինչպէս ճաշերու եւ ճաշարաններու, ինչպէս նաեւ տնային ուտելիքներու ճաշակը նուաճեցին` մեր մշակոյթով , կրնան այս մարզին մէջ ալ նոր նուաճումներ Արձանագրել ։
Ինչի՞ մասին կը խօսիք, սիրելիներ, խոհանոցային մշակոյթի ի՞նչ նուաճումներու մասին կը խօսինք։ Ես նիւթը կը տեսնեմ, այսինքն՝ ճաշն ու ճաշամանը, բայց ոգին ամբողջապէս թրքական է։ Ո՞ւր մնացին Պուրճ Համմուտի, Նոր գիւղի, առհասարակ մերձաւոր արեւելքցի հայուն հայանուն համերը՝ ծոթրինը, անուխը, պղպեղը, կաղամբը, հազարը, սրճեփը, տապակը, գլորը, կոլոլակը․ մսաշոթը, խճողակը, սեխմուկը, լիցքը․․․ Մենք՝ լիբանահայերս ու սուրիահայերս, մեր երեւանեան խանութներուն ու ճաշարաններուն մէջ, մինչեւ եթեր, սրբագործելով սրբագործեցինք անոնց թրքերէնները՝ զահթարը, նանան, պիպարը, քալամը, մարուլը, ճազվան, թավան, քէօֆթէն, չիքէօֆթէն, տոլման․․․
Սփիւռքահայ մեր խոհագէտները վերջերս ստուգաբանական հրաշք մըն ալ կը տարածեն, որ իբր տոլման հայերէն բառ է, արմատը տոլի՝ որթատունկ․ կայ տոլիի տերեւով փաթաթուկ։ Տոլին ի՞նչ կապ ունի տոլմային հետ, որ զտարիւն թրքերէն է, բառացի կը նշանակէ լեցուած, անցեալ դերբայի մա ածանցով, ինչպէս թրքերէն շատ ճաշատեսակներ՝ սարմա, չըթմա, գավուրմա, խաշլամա, չավուրմա․․․
Չէ, դիմատետրն ալ լուրջ ըլլալու պարտաւորութիւն ունի։ Քիչ մը։
Այլապէս մեր ամէն մէկ խօսքը կ՛օգնէ, որ հայրենիքն ալ ըլլայ, նոյն տեղը մէկ ընկերոջ ըսածին պէս, ըլլայ ՄԱԽԼՈՒԹԱ՜․․․, այլ բառով՝ քաոս։