ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- ՄԱԿի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 49րդ նստաշրջանին՝ 31 Մարտին, համախոհութեամբ ընդունուեցաւ Հայաստանի կողմէ առաջադրուած «Ցեղասպանութեան կանխարգելում» բանաձեւը: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեկացուց, թէ բանաձեւը, որ աւանդաբար կը ներկայացուի Հայաստանի կողմէ, գնահատելով ներկայի վտանգները եւ մարտահրաւէրները, կը նախանշէ այն քայլերը, որոնք պէտք է միասնականօրէն իրականացուին ՄԱԿի անդամ երկիրներուն կողմէ՝ ցեղասպանութեան արհաւիրքը կանխելու, անոր ճանաչման, արդարութեան վերականգման, փոխհատուցման, մեղաւորները պատժելու եւ հաշուետուողականութիւն ապահովելու ուղղութեամբ:
Բանաձեւը լայն աջակցութիւն կը վայելէ, անոր վկայութիւնն է բոլոր հինգ տարածաշրջանային խումբերը ներկայացնող երկիրներուն կողմէ անոր համահեղինակութիւնը:
Այս տարի բանաձեւը կը բարձրացնէ տարբեր հարցեր, ինչպէս՝ հակամարտութեան վտանգներու գնահատման եւ անոնց կանխարգիլման վերաբերող քայլերու ձեռնարկումը, նոր արհեստագիտութիւններու չարաշահումը, որոնց կարգին՝ ընկերային հարթակներու միջոցով ապատեղեկատուութեան տարածման վտանգները, կը վերահաստատէ ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգիլելու եւ պատժելու մասին համագումարի համընդհանուր վաւերացումը ապահովելու անհրաժեշտութիւնը:
Բանաձեւը կ՛առաջարկէ ՄԱԿի ծիրին մէջ կազմակերպել համաժողով մը, որ նուիրուած պիտի ըլլայ համագումարի 75ամեակին: Համաժողովին ընթացքին կը նախատեսուի նաեւ քննարկել ընկերային հարթակներու եւ զանոնք իբրեւ ատելութեան գործիք օգտագործելու անթոյլատրելիութիւնը: