ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն»․- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Մոսկուայի մէջ ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերու գերագոյն յանձնակատար Ֆիլիփօ Կրանտիի հետ քննարկեց Արցախի գաղթականներու վերադարձի կարելիութիւնները:
«Հանդիպման ընթացքին կատարուեցաւ կարծիքներու փոխանակում՝ գաղթականներու, ներքին տեղահանուած անձերու եւ քաղաքացիութիւն չունեցող անձերու հարցերուն վերաբերեալ: Քննարկուեցաւ հրադադարի մասին 9 Նոյեմբեր 2020-ի Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու եռակողմ յայտարարութեան համաձայն` Լեռնային Ղարաբաղի եւ յարակից շրջաններու գաղթականներու եւ ժամանակաւոր տեղահանուածներու վերադարձի հարցերը», կ՛ըսուի Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Լաւրով եւ Կրանտի քննեցին նաեւ Սուրիոյ գաղթականներու տագնապը, ընդունելով, որ անոր լուծումը կրնայ նպաստել այդ երկրի վերականգնումին: