Բախումները տարբեր մակարդակով կը շարունակուին Լեռնային Ղարաբաղի սահմանագիծերուն վրայ: Թշնամին կը փորձէ հրետանիով ռմբակոծել հայկական դիրքերը: Արցախի պաշտպանութեան ուժերը ծանր հարուածներ կու տան թշնամիին յարձակումներուն: Անոնք չէզոքացուցած են ռազմական կեդրոն մը:
Հայաստանի հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Շուշան Ստեփանեան յայտարարեց, թէ հայկական ուժերը յետ մղած են թշնամիին հերթական յարձակումը, պատճառելով ֆիզիքական եւ արհեստագիտական զգալի կորուստներ:
Այսօր՝ երեքշաբթի երեկոյեան, ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդը դռնփակ նիստի մը ընթացքին պիտի քննարկէ Լեռնային Ղարաբաղի զարգացումները:
Այս ծիրին մէջ, ՄԱԿ-ը ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կիւթերեշ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հետ:
Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հրապարակեց Ազրպէյճանի օդային կորուստներուն նկարները: Հայկական կողմը խոցած է 4 ուղղաթիռ, 1 ինքնաթիռ եւ 49 անմարդ օդաչուով սարք:
Արեւմտեան մամուլը հաստատեց՝ Թուրքիա վարձկաններ կը ղրկէ Ազրպէյճան: