ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ տիրող կացութեան վերաբերեալ տակաւին հանդիպում չէ նախատեսած, սակայն Ապահովութեան խորհուրդի անդամները կրնան այդ հարցը քննարկել: «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի համաձայն, այս մասին լրագրողներուն ըսած է ՄԱԿ-ի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Նիքոլա տը Ռիվիեր:
«Օրակարգի վրայ ոչինչ կայ: Սակայն տեսնենք: Մենք ատիկա կրնանք քննարկել», ըսած է ան: