Չորեքշաբթի, 26 յունուար 2022-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան:
ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչը վեհափառ հայրապետին նամակ մը յանձնեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին կողմէ: Նամակին մէջ ընդհանուր քարտուղարը իր գնահատանքը կը յայտնէր վեհափառ հայրապետին ընդհանրապէս Լիբանանի տագնապը դիմագրաւելու գծով իր կատարած ճիգերուն, միջհամայնքային երկխօսութեան բերած իր կարեւոր ներդրումին, ինչպէս նաեւ 20 դեկտեմբեր 2021-ին Լիբանանի վեց գլխաւոր համայնքներու հոգեւոր պետերուն հետ իր ունեցած հանդիպման ընթացքին վեհափառ հայրապետին բերած կարեւոր նպաստին համար:
Վեհափառ հայրապետը շնորհակալութիւն յայտնեց ընդհանուր քարտուղարին` նամակի ճամբով իր պարզած մտածումներուն ու մօտեցումներուն համար: Ապա հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ ընդհանուր ակնարկ մը նետելու աշխարհը յուզող ներկայ հարցերուն եւ յատկապէս Լիբանանի այժմու կացութեան վրայ: Այս ծիրին մէջ վեհափառ հայրապետը շեշտեց խորհրդարանական ընտրութիւն կատարելու, Միջազգային դրամատան եւ միջազգային ֆինանսական կազմակերպութիւններուն հետ գործակցաբար Լիբանանի տնտեսական տագնապը բարելաւելու ու ժողովուրդին ընկերային կարիքներուն շուտափոյթ դարման գտնելու անհրաժեշտութիւնը:
ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչը, բաժնելով վեհափառ հայրապետին տեսակէտները, իր կարգին յիշեցուց, թէ ՄԱԿ-ը կարեւորութեամբ կը շեշտէ ընտրութիւն կատարելու հրամայականը եւ իր կարգին կը քաջալերէ միջազգային դրամատնային ու տնտեսական կազմակերպութիւնները` աջակցելու Լիբանանի տնտեսութեան շուտափոյթ վերականգնման աշխատանքներուն:
Հանդիպումէն ետք ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչը ճաշի հիւրը եղաւ վեհափառ հայրապետին: