Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

ՄԱԿ-ի Մէջ Տարածուած է Արցախի Հանրապետութեան ԱԳՆ Փաստաթուղթը

May 26, 2018
in Newsletter, Զանազանք
0
German Foreign Minister Heiko Maas at UN to lobby for Security Council seat

Միաւորուած Ազգերու կազմակերպութեան մէջ (ՄԱԿ) տարածուած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ պատրաստուած յուշագիրը, որ կը ներկայացնէ ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման առնչուող հարցերու լայն շրջանակի վերաբերեալ Արցախի Հանրապետութեան դիրքորոշումը:

ԱԳՆ մամլոյ ծառայութեան փոխանցմամբ`  18 Մայիսին փաստաթուղթը հրապարակուած է ՄԱԿ պաշտօնական կայքէջին մէջ եւ հասանելի է հետեւեալ յղումով`  http://undocs.org/en/A/72/858 :

Փաստաթուղթին մէջ կը ներկայացուի փաստարկներ, որոնք կը ցուցադրեն ատրպէյճանական կողմի ինչպէս պատմական, այնպէս ալ իրաւական  փաստարկներու սնանկութիւնը, որոնք` իրենց ամբողջութեամբ, իւրայատուկ դրսեւորումն են Ատրպէյճանի մտադրութեան` յետագային եւս խոչընդոտել Արցախի ժողովուրդի կողմէ իր անկապտելի իրաւունքի` մարդու անհատական եւ հաւաքական իրաւունքի իրացումը:

Յուշագրի մէջ կ՛ընդգծուի, որ աղաւաղուած կերպով մեկնաբանելով  միջազգային իրաւունքի օրէնքներրը` Ատրպէյճան անյաջող փորձեր կ՛ընէ արդարացնելու Արցախի մեկուսացման եւ ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը խոչընդոտելուն ուղղուած իր ապակառուցողական քաղաքականութիւնը: «Տապալելով որեւէ նախաձեռնութիւն, թշնամական կերպով պարտադրելով առճակատման տրամաբանութիւն, փորձելով սանձազերծել նոր պատերազմ` ատրպէյճանական իշխանութիւնները յոյս ունին փոխել ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման ընթացքը, ուր յստակ կ՛երեւի Արցախի ժողովուրդի` իր ապագան որոշելու վճռական դերակատարութեան աճող ընկալման միտում»:

«Ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութիւնը, որ սկսած է Արցախի եւ Ատրպէյճանի հայ բնակչութեան իրաւունքներու զանգուածային խախտումներով, կը շարունակուի առ այսօր` նոյն ատրպէյճանական կողմի` Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացիներու անհատական եւ հաւաքական իրաւունքները ժխտելու իր քաղաքականութենէն հրաժարելու ցանկութեան բացակայութեան պատճառով: Այս քաղաքականութիւնը, որ կ՛արտայայտուի, մասնաւորապէս, ատրպէյճանական կողմէ շարունակուող ռազմական սադրանքներուն զուգահեռ Արցախը մեկուսացնելուն ուղղուած ջանքերու գործադրմամբ, ոչ միայն Ատրպէյճանի կողմէ իր իսկ միջազգային պարտաւորութիւններու ոտնահարում է, այլեւ լուրջ սպառնալիք` Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան ու անվտանգութեան»,- նշուած է յուշագիրին մէջ:

Previous Post

Արա Վարդանեան «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Պիտի Ըլլայ Եւս 3 Տարի

Next Post

111- ամեայ Ամերիկահայէն Կենդանութեան Ապացոյց Պահանջած Են

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.