ՀԵՂԻՆԱԿ՝ ՍԱՐԳԻՍ Ն Գ ՍԷՖԷՐԵԱՆ
Կը լսեմ տրտում ձայնը հայրենիքիս, ինչպէս՝ սրտաճմլիկ տնքոցը անկողնոյն գամուած ընկերոջս, ու սիրտս ճմլուած՝ կը ձգտի հո՛ն, հորիզոններէն անդին՝ դէպի խեղճուկ հայ գեղջուկը՝ իր հոգոցովն աղիողորմ։
Բայց ինչո՞ւ… Ի՞նչ կը կատարուի հո՛ն, ուր իմ նախնիները կերտեցին եկեղեցի, խրճիդ ու այգի, իրենց քրտինքն ու արիւնը խառնելով՝ շաղախին, քարին ու հողին, սեփականութիւն սեպելով զանոնք…Մի՛այն իրենցը։
Վա՜յ անոնց, որ ձեռք կ’երկարեն և կը փորձեն խլել զանոնք իրենցմէ։ Այդ աւազակներուն ձեռքերը վկա՛յ. անո՛նք, հաշմանդամուած, ետ մղուած են՝ ցաւի, զարհուրանքի ու զայրոյդի դողով, իմանալով իրենց տկարութիւնը՝ հայու տոկուն , աննկուն ու աններող կամքին դիմաց։ Սակայն, յաճախ մոռնալով, թէ որո՛ւ հետ է իրենց գործը և , ունակութենէ մղուած, ունայն յոյսերով և ագահութեամբ արբշիռ՝ դարցեալ ու դարցեալ կը յանդգնին, երբ պատեհ առիթ մը կ’ընծայուի իրենց, բախելու հայու անհանդուրժող ոգիին հետ, անգամ մը եւս ճաշակելու անոր բազկին պատժարառ հարուածը…
Արդ, արտագին թշնամին զսպելն ու անոր անկուշտ ախորժակը մարելու ձեւը քաջ ծանօթ է հայ զինուորին։ թշնամւոյն յափշտակելու իղձը կասեցնելը, թէեւ ոչ շատ հեշտ, սակայն եւ այնպէս, անհնարին չէ՛ եղած. երբե՛ք… Ան միշտ ալ զգաստութեան եկած է… և հաշուի առած՝ Հայը։ Մէ՛յ մը, որ զինք ճանչնաս, ըստ այնմ կը տնօրինես պէտք եղածը. սակայն, ինչպէ՞ս կարելի է պայքարիլ ոսոխի մը դէմ, որ թագուն է որդի նման և, տակա՜ւ առ տակա՜ւ, կը չանայ քեզ ոչնչացնել՝ առանց քու գիտակցութեանդ։
Անցեալները, «ԱՅԲԷՏԻ»—ս վրայ հանդիպեցայ երեւոյթի մը, որ ուշադրութիւնս գրաւեց, որովհետեւ յար ու նման էր ա՛յն կացութեան, որուն մատնուած է մեր երկիրը։ Նկարը, զոր կը ներկայացնէր մանրամասնութիւնները, հսկայ ծառի մը մասին էր, զոր սաստիկ հողմ մը անողորմաբար տապալած էր։ Այդ ծառը հաստաբուն էր և զօրաւոր արմատներ ունէր, որոնք տարիներով հողին կարչած պահած էին զինք։ Այս անգամ, սակայն, ան գետնին հաւասար էր, զուրկ կեանքէ և, հետեւաբար, վեհութիւնէ։ Ի՞նչ էր պատճառը այս աղետին։ Ոչ այլ բան, եթէ ոչ թագուն ոսոխը… Անհագ ո՛րդը, որ օրն ի բուն կրծելով զինք՝ ներսէն, պարպած էր զինք կեանքէ, յոշոտելով անոր կեանքի աւիշը։
Հայաստան Աշխարհ, մեր Հինաւուրց Ծառ, ոչինչով կը տարբերիս վերոյիշեալ այդ ծառէն։ Քո՛ւ ալ փլուզումդ անխուսափելի է, որովհետեւ քեզ «խնամող» ձեռքերը օտառամուտ սովորութիւններու գերի դարցած են և, ամենազզուելի՛ն, անոնք չեն փորձեր ձերբազատուիլ անոնցմէ։
Ո՛չ, կարելի չէ՛ որ հայը հանդուրժէ կաշառակերներու, զեղծարարներու, շորթողներու, պնակալէզներու, կամակատարներու, բռնութիւններու և օտար տիրապետութիւններու բանեցուցած ճնշումներուն ու անոնց ծառայող անձերուն առաջ։ Հայը չի՛ խոնարհիր անոնց ստեղծած պայմաններուն առջեւ, որքա՜ն ալ դիւթիչ դուին անոնք՝ որոշ անձնաւորութիւններու, որոնք կը ցանկան դիւրին ելք մը գտնելու՝ անել կացութիւններէ խուսափելու դիտումով։
Ո՛չ, և մի՛շտ ո՛չ, հեզասահ ու հապճեպ համաձայնութիւններով վտանքը վանելու միջոցներուն և զանոնք արդիւնաւորել ուզող միջնորդներուն։ խաղաղութիւն չենք ցանկար ի գին մեր հայրենիքի կտրատումին և յանուն համայնական խաղաղութեան, որ մեր հաշւոյն պիտի իրագործուի։ Թող թշնամւոյն ախորժակը նուազի՛ և օտարներուն «սիրաբանութիւնները» աւելի զուսպ և արդար ըլլան։
Հայը լուռ է. աւելի ճիշտը՝ լռութեան դատապարտուած։ Մօտիկ ապագային, մեր դարաւանդ երկիրը «զբօսաշրջիկներու» երկիր պիտի դարնայ։ Անոնք, որոնք հայրենիք կ’այցելեն իբրեւ զբօսաշրջիկներ, քաջալեր կը հանդիսանան բոլոր անոնց, որոնք զբօսասէրներ են և քիչ մըն ալ հայրենասէր։ Զարմանալի չէ, որ այդպէ՛ս է. մեր երկիրը շա՜տ գեղեցիկ է և ո՞վ չի փափաքիր զայն տեսնել՝ ըմբոշխնելու համար անոր ընձեռած բարիքները՝ օդն ու ջուրը, արեւահամ պտուղներն ու համեղ միրգերը, կաթն ու կարագը, պանիրն ու մեղրը և, ամենքէ՛ն աւելին, հայ գեղջուկին անուշ, ազնիւ և հիւրասէր ժպիտը։ Այս հաշուով, մեր հայրենիքը պիտի ողողուի զբօսաշրջիկիերով, որովհետեւ ոչ միայն համեցած այցելուները, այլ նաեւ հայրենիքէն հեռացած մեր ժողովուրդը չատագովներն են այդ դրութեան։ Անոնք յաճախ կը կրկնեն նոյն յանկերգը՝. «Գացէ՛ք հայրենիք ու տեսէ՛ք, թէ որքա՜ն գեղեցիիկ է ան։ Որքա՜ն ուրախ պիտի զգաք հոն…» և յար ու նման խօսքեր։ Բայց, անոնք, որոնք խորաթաբանց աջքերով կը դիտեն այս բոլորը, անոնք չեն կրնար զսպել իրենց ընդվզումը և ըսել՝. « Բայց դո՛ւք, սիրելի հայրենակիցներ, ինչո՞ւ հո՛ս էք, հեռո՜ւ հայրենիքէն։ Ինչո՞ւ չէք վերադառնար ձեր գոված երկիրը։ Միթէ այդ ձերը չէ՞։ Դո՛ւք, որ համտեսած էք անոր բարիքները, ինչպէ՞ս կրնաք դիմադրել անոր հմայքներուն։ Միթէ փթացե՞ր է ձեր հայրենասիրութինը, որ տակաւին կը հանդուրժեք մնալ օտար երկրի մը մէջ, օտար արժէքներու գերի…
Սակայն որքանո՞վ իրաւացի է այս քննադատութիւնը… Ի վերջոյ, ո՞վ չի ցանկար մօր մը տաքուկ գիրկը…
Մեր Հինաւուրց Ծառը՝ ներսէ՛ն փտած է և դո՛ւք բոլորդ լաւատեղեակ էք այդ իրողութեան։ Հէ՜ք հայրենակիցներ. հետզհետէ, մեր երկիրը կը պարպուի իր ժիր ու կայտառ երիտասարդ ուժերէն. այնքա՛ն , որ, ի վերջոյ, «զբօսաշրջիկներու» թիւը պիտի գերազանցէ տեղացի ժողովուրդի թիւին, իշխող տարրը վերածելով վասալներու խմբակի մը, որոնք այլեւս չունենալով կեղեքումի հարմար հպատակներ, նոր պարապումներ պիտի բնտռեն։ Աւելի ճիշտը, եթէ կ’ուզե՛ք իմանալ, անո՛նք զբօսաշրջիկութեան յատուկ գործեր պիտի որոնեն և, ի վերջոյ, դարնան պանդոկապետներ, գինեպաններ և կամ ուղեցոյցներ, որովհետեւ, բնիկ ժողովուրդի չգոյութեան պարագային, անոնք այլեւս երկիր կառավարելու «զզուելի» գործէն ձերբազատուած ըլլալով, իւրաքանչիր «հիւրի» հետ, հայրենիքի կենացը պիտի խմեն ու հարբին… Հաճելի չէ՞ միթէ այս անզուգական կացութիւնը…
Արթո՛ւն կա՛ց, ո՛վ հայորդի։ Յիշէ՛, որ անո՛նք քիչ են, իսկ մե՛նք՝ շատ…