Ուրբաթ, 12 Յունուարին, գլխաւորութեամբ Միջին Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան (ՄԱՀԱԵՄ) նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի եւ ՄԱՀԱԵՄի Կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեանի՝ Միութեան Կեդրոնական մարմինի անդամները ժամանեցին Հալէպ, գումարելու Կեդրոնական մարմինի լիանիստ ժողովը, առաջին անգամ Հալէպի մէջ Սուրիոյ պատերազմի վեց տարիներու ընդհատումէն ետք:
Վեր. նախագահը եւ Կեդրոնական մարմինի անդամները հանդիպում ունեցան Հալէպի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու ժողովներուն եւ եկեղեցական մարմիններուն հետ:
Հանդիպման աւարտին, միութեան նախագահը ՄԱՀԱԵՄի եւ Կեդրոնական մարմինին անունով բարձր գնահատեց եւ շնորհաւորեց համայնքապետ վեր. Յարութիւն Սելիմեանը՝ Սուրիոյ հայ համայնքին եւ յատկապէս՝ եկեղեցական եւ ընկերային ոլորտներին մէջ իր մատուցած նուիրական ծառայութեան ու նպատակադրուած ձեռքբերումներուն համար, որոնք կը միտէին եկեղեցական միութեան եւ քրիստոնէական ապրող վկայութեան:
Այս պատեհ առիթով, վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան ըսաւ. «Աստուծմէ կը գոհանամ սուրիահայ ժողովուրդին, հայ աւետարանական համայնքին գործօն ներկայութեան եւ ՄԱՀԱԵՄի ողջմիտ առաջնորդութեան համար եւ կը խոստանամ իմ պարտականութեանս գիտակցութեամբ շարունակել հաւատարիմ ծառայութիւն մատուցել սուրիահայութեան ընդհանրապէս եւ Սուրիոյ հայ աւետարանական եկեղեցիներուն ու հաստատութիւններուն մասնաւորապէս, Աստուծոյ հովանիին ու առաջնորդութեան ներքոյ»:
(Թղթակից)