Անահիտ Ղազարեան
Տէր եւ տիկին Շահան եւ Գոհար Գանտահարեան եւ դուստրը` Ալիք
Տէր եւ տիկին Ռաֆֆի եւ Շաղիկ Խիւտավերտեան եւ զաւակները` Կալի եւ Կարէն
Տէր եւ տիկին Արէն եւ Սանան Քերթէշեան եւ զաւակը` Արամ
Գանտահարեան եւ Աբովեան ընտանիքներ
Խիւտավերտեան եւ Քերթէշեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց քրոջ, մօր, մեծ մօր եւ հարազատին`
ՄԱՐՕ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 21 յունիս 2020-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` երկուշաբթի, 22 յունիսին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Անթիլիասի մայր տաճարին մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Ճիւնիի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութեան համար գրել` [email protected] ե-նամակի հասցէին:
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել «Ազդակ»-ի ֆոնտին:
————————————-
ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐ
«yerepouni-news.com»-ի խմբագրութիւնը ցաւակցութիւն կը յայտնէ «Ազդակ»-ի տնօրէնին ու խմբագրապետին` Շահան Գանտահարեանին ու անոր ընտանիքին` իրենց մօր, վաստակաւոր կրթական մշակ եւ երկար տարիներ սերունդներու դաստիարակութեան սատար հանդիսացած ՄԱՐՕ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆի մահուան առիթով: