Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

ՄԱՀԱԽՕՍԱԿԱՆ-Ազնուափայլ Տիկին Լիւսի Կիւլվարդեան

April 1, 2016
in Յօդուածներ
0
ՄԱՀԱԽՕՍԱԿԱՆ-Ազնուափայլ Տիկին Լիւսի Կիւլվարդեան

Խոր ցաւով եւ յուզումով տեղեկացանք ձեր սիրելի ամուսնոյն՝ դոկտ. Վիգէն Կիւլվարդեանի անժամանակ եւ անակնկալ մահուան տխուր լուրը: Մարդկայնօրէն դժուար է հաշտուիլ նման անսպասելի դժբախտութեան մը հետ, որ ընտանիքի սիրելի եւ նուիրեալ հայր մը եւ ազգային ու համայնքային նուիրեալ եւ աշխոյժ գործիչ մը առ յաւէտ կը բաժնէ իր սիրելիներէն ու բարեկամներէն:

Վիգէն Կիւլվարդեանի կենսունակ ոգին եւ խորապէս ազգային նուիրումը դրսեւորուած էին միութենական, մշակութային եւ կրթական աշխոյժ գործունէութեամբ եւ մարդասիրական ծառայութիւններով, որոնց մէջ ան կը ցուցաբերէր բացառիկ եւ վարակիչ եռանդ, կատարեալին ձգտում եւ պահանջկոտ բծախնդրութիւն՝ խանդավառելով եւ աշխատանքի մղելով իր գործակիցները: Ան իր մնայուն դրոշմը ձգած է յատկապէս ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանին եւ անոր լայն շրջանակին վրայ, հոգաբարձական կազմէն ներս աւելի քան քսան տարիներու իր ծառայութեամբ եւ ներդրումներով, ինչպէս նաեւ՝ ուսումնական մակարդակի մշակման եւ բարեկարգումին ուղղութեամբ իր հետեւողական ճիգերով:

Վիգէնին անակնկալօրէն ընդհատուած կեանքը իր արդիւնաւորութեամբ եւ իրագործումներով, լիովին ապրուած եւ ապրող յիշատակներով, իր ետին կը ձգէ բեղմնաւոր, հայեցիութեամբ առլի եւ երախտաշատ ժառանգ մը, որով ան պիտի յիշուի մի՛շտ, բոլոր անոնց կողմէ, որոնք զինք ճանչցած ու հաղորդակցած են իրեն հետ: Այս առթիւ, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան անունով եւ իմ ու կնոջս՝ Վերային կողմէ, ձեզի եւ ձեր զաւակներուն՝ Նարին ու Լարին, Վիգէնի վշտահար մօր՝ տիկին Սոնիային, եւ ձեր հարազատներուն կը փոխանցենք մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները: Աստուած լուսաւորէ Վիգէնի ազգանուէր ու մարդասէր հոգին եւ իր բարի յիշատակներով մխիթարէ ձեզ:

Վշտակցութեամբ՝

ՊԵՐՃ ՍԵԴՐԱԿԵԱՆ

Previous Post

Դամբանական Վիգէն Կիւլվարդեանի

Next Post

ՀԱՅ ԸԼԼԱԼԸ ՆԱԽԱՊԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ Է, ԻՍԿ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՓՈԽԱԴԱՐՁ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.