ԵՐԵՒԱՆ.- 2 Յուլիսին, երկարատեւ ծանր հիւանդութենէ ետք, մահացաւ սիրուած երգչուհի, Հայաստանի մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Նադեժտա Սարգսեան:
Երգչուհին աւարտած է Հայֆիլմի դերասանական բաժինը, այնուհետեւ Մոսկուայի թատերարուեստի ուսումնարանը: Ղեկավարած է «Սերպանթին» ձայնային-գործիքային անսամպլը, եղած է Հայաստանի պետական էստրատային նուագախումբի մենակատար, «Հայեր» անսամպլի եւ մշակութային կեդրոնի գեղարուեստական ղեկավար, «Էնի Բի» կեդրոնի տնօրէն, «Տօ-ռէ-մի» մրցոյթի եւ ձայնային արուեստանոցի հիմնադիր եւ գեղարուեստական ղեկավար, Երեւանի մշակոյթի պետական քոլեճի տնօրէն:
1995-1999 թուականներուն եղած է Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր, ֆինանսավարկային, պիւտճէտային եւ տնտեսական հարցերու մշտական յանձնաժողովի անդամ: 2008-2009 եղած է «Մանկական Եւրոտեսիլ» եւ «Նոր Ալիք» երգի միջազգային մրցոյթներու Հայաստանը ներկայացնող բեմադրիչ, եղած է Հանրային խորհուրդի «Կրօնի, սփիւռքի եւ միջազգային ընդելուզման» յանձնաժողովի անդամ: