ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»․- Մահացաւ նշանաւոր տուտուկահար եւ երգահան Ջիւան Գասպարեան։ Այս մասին Facebook-ի իր էջին վրայ կը յայտնէ տուտուկահարին թոռնիկը՝ Ջիւան Գասպարեան կրտսերը։
«Շատ մեծ ցաւով կը գրեմ մեծ կորուստիս մասին։ Աստուած հոգիդ լուսաւոր երկնքի մէջ պահէ», գրած է Ջիւան Գասպարեան կրտսերը։
Գասպարեան արտադրած է առաւել քան երկու տասնեակ ձայնասկաւառակներ, նուագած է հազարաւոր համերգներու մէջ եւ մասնակցած է համաշխարհային ճանաչում վայելող ֆիլմերու երաժշտութեան յօրինման: Ան արժանացած է միջազգային հեղինակաւոր մրցանակներու։
Հայաստանի նախագահը եւ վարչապետը իրենց ցաւակցութիւնները յղած են այս առիթով։ «Գասպարեանը կախարդական սրինգին տիրապետելու իր անկրկնելի վարպետութեամբ մեր ժողովրդական երաժշտութիւնը դուրս հանեց միջազգային բեմահարթակ, աշխարհի բեմեր եւ համաշխարհային ֆիմլեր` տասնամեակներ շարունակ մեր ազգային մշակոյթը հասանելի ու հասկանալի դարձնելով նաեւ օտար հանդիսատեսին», կ՛ըսուի նախագահ Արմէն Սարգսեանի հեռագիրին մէջ: