ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Այո՛, այս զգացումով ապրեցանք եւ կ՛ապրինք մեր օրերը:
Չէին բաւեր`4 օգոստոսի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը, տնտեսական տագնապը, քաղաքական ծանր վիճակը, Հայաստանի եւ Արցախի խոր վէրքը, անցնող շաբաթներուն բոլորիս դռները թակեց մահը, որ առաւ-տարաւ շատեր:
«Քորոնա» եղանք կամ ոչ, մահը շրջեցաւ մեր չորս կողմը: Մեզի սիրելի անձեր առյաւէտ հեռացան, ամէն օր տեսակ մը ցաւ եւ յուզմունք ունեցանք: Կորուստները շատ էին ու ցաւալի: Ամէն տեղ` սուգ, թախիծ, մտահոգութիւն եւ արցունք:
Իւրաքանչիւր տան ճրագ ձեւով մը մարեցաւ: Իւրաքանչիւր տան անդամի կորուստ ընտանիքին համար շատ ծանր ազդեց:
Աւելի՛ն. գաղութ մը ամբողջ ունեցաւ կորուստներու շարք մը, որուն պատճառած մեծ ցաւը դժուար է բառերով սփոփել, խօսքերով մխիթարուիլ, վնասուց հատուցում փնտռել, առյաւէտ գացողին տեղ փոխարինող գտնել:
Գառնիկ Մկրտիչեանը, Յովսէփ Մարգարեանը, Բիւզանդ Պետոյեանը, Հրայր Սողոմոնեանը, Միսաք Ներսէսեանը, Ֆիմի Աղասարգիսեանը, Լիւսի Թիւթիւնճեանը, Մեղրիկ եպս. Բարիքեանը, Տիգրան Գալայճեանը, Կարօ Սվագճեանը, Գէորգ Թֆրանեանը, Վազգէն Ժամկոչեանը, Տիգրան Գալուստեանը, Մոսին Չավտարեանը, Յակոբ Չիլինկիրեանը… Այո՛, ասոնցմէ իւրաքանչիւրը տան ճրագ էին, իւրաքանչիւրը իր ձեւով մեր կեանքին մէջ բան մը կ՛աւելցնէր, իւրաքանչիւրը տակաւին տալիք ունէր իր ընտանիքին, շրջապատին, ազգային, եկեղեցւոյ եւ ընկերներուն…
Մահը մեր դուռը կը զարնէ, եւ իւրաքանչիւրս պէտք է պահ մը գիտակցինք, որ չ՛արժեր այս կեանքին մէջ տեղ տալ սրտնեղութեան, անհանդուրժողականութեան, բամբասանքներու եւ վիրաւորանքներու:
Մեր ժամանակը աւելի լաւ բաներով անցընելու կարեւորութիւնը զգանք: Մնայուն ճիգ ընենք` մեր սէրն ու ակնածանքը իրարու փոխանցելու, իրարու կողքին ըլլալու եւ իրարու հասնելու, բարիք ու առողջութիւն մաղթելու: Իւրաքանչիւր տան ճրագը վառած պահելու համար հանդուրժողականութիւնն ու սէրը պէտք է մեծնան մեր հոգիներուն մէջ:
Մահը մեր դուռը կը զարնէ, պէտք է մեր դռները ամուր եւ գոց պահենք: Իւրաքանչիւր տուն բերդի վերածենք եւ իւրաքանչիւր ճրագ անմար պահենք: