«Ինչո՞ւ խռոված էք եւ ինչո՞ւ սրտերնուդ մէջ խորհուրդներ կ՛ելլեն: Տեսէ՛ք ձեռքերս ու ոտքերս, որ ես ինքս եմ. շօշափեցէք զիս ու տեսէ՛ք…»
Ղուկ. 24. 38-39
Վերջին շրջանի մեր կեանքին մէջ շրջապատուած ենք մահուան անխուսափելի իրականութեամբ: Մահուան ահազանգը աւելի շեշտակի կը հնչէ մեր անձնական թէ հաւաքական կեանքին մէջ: Ոչ միայն որպէս կեանքի իրականութիւն, այլ շատերու տարաժամ մահով մահը «աւելի մօտիկ» եկած է մեզի. Պէյրութի նաւահանգիստի ահաւոր պայթիւնով, Արցախի անհաւասար պատերազմով եւ «Քորոնա»-ի համավարակ սպառնալիքով իրենց «բնական» ժամանակէն առաջ մահացան շատ շատեր, ինչ որ վախի, անորոշութեան եւ յուսահատութեան մթնոլորտի մէջ դրաւ մեզ:
Տէր Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան տօնը դարձեալ կը հրաւիրէ մեզ դուրս գալու մահուան ստեղծած մթնոլորտէն, դիմաւորելու կեանքը, որ շատ աւելին է, քան ինչ որ մեր աչքերը կը տեսնեն: «Կեանքը իր ճամբով` մահը իր ճամբով» ժողովրդական հասկացողութեան մէկ արտայայտութիւնը չէ այս, այլ` Տէր Յիսուս Քրիստոսի վերջնական յաղթանակը մահուան վրայ: «Աշխարհի մէջ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջասիրտ եղէք, ես աշխարհին յաղթեցի», կ՛ըսէ Տէր Յիսուս իր աշակերտներուն: Եւ Յաղթական Յարուցեալը մեզի կու գայ մահէն անդին:
Մեր հաւատամքին մէջ կը յայտարարենք. «Չարչարեալ, խաչեալ, թաղեալ, յերրորդ աւուր յարուցեալ, ելեալ յերկինս նովին մարմնովն` նստաւ ընդ աջմէ Հօր»: Տէր Յիսուսի աշակերտները իրենց Վարդապետին տարաժամ եւ չարչարալից մահով մատնուած էին վախի, անորոշութեան եւ յուսահատութեան: Հաւաքուած էին տեղ մը, թերեւս` զիրար մխիթարելու համար, եւ գոցած դռները` վախով (Յովհ. 20. 19), երբ Տէր Յիսուս Քրիստոս եկաւ եւ կանգնեցաւ անոնց մէջտեղը` դարձեալ ասպարէզ կարդալով մահուան: Անոնք տեսան Խաչեալը Իր կենդանի մարմնով, թէեւ` ստացած վէրքերով: Եւ Իր աշակերտներուն ալ ասպարէզ կարդալու պէս, Տէր Յիսուս կը հրաւիրէ զիրենք մօտենալու եւ շօշափելու իր վիրաւոր, սակայն յարուցեալ մարմինը:
Մեր բոլոր վիճակներուն մէջ Տէր Յիսուս մեզ եւս կը հրաւիրէ, որ Իրեն նայինք եւ տեսնենք, թէ մահուան դիմաց` կեանքին նշանով, կեանքին լուրով կը հաստատուինք: Մահուան իրականութիւնը ընդունելու եւ անոր հետ հաշտուելու հրաւէր մը չէ այս, այլ, մահէն անդին, կեանքին նայելու եւ յաղթանակի յոյսով վերականգնելու գրաւական: Քանդուած բաները կը վերաշինուին, վէրքերը կը սպիանան, անորոշութիւնները կը փարատին եւ կեանքը կը վերանորոգէ մեզ: Տէր Յիսուս Քրիստոս` մեր Յարուցեալ Փրկիչը այսօր եւս մեզի հետ է, ինչպէս խոստացաւ (Մատթ. 28. 20), իմաց տալու մեզի, որ կեանքը մահէն եւ մեր տեսածներէն շատ աւելին է: Կեանքը Իրմով է:
ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
ՎԵՐ. ՄԿՐՏԻՉ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ
Նախագահ, Մ. Ա. Հ. Ա. Ե. Միութեան
Ապրիլ 2021