Մահ Ոչ Իմացեալ Մահ Է, Մահ Իմացեալ Անմահութիւն Է
ԵՂԻՇԷ
Յակոբ Չոլաքեան
ԿԸ ՆԵՐԷՔ, ՅԱՒԵՐԺԻ ՃԱՄԲՈՐԴՆԵՐ, որ լեզուս կարկամեցաւ պահ մը, փայտացաւ մնաց՝ ձեր նահատակութեան բօթերուն պատճառած լեռնակուտակ ցաւին տակ:
Կը ներէք, որովհետեւ թերահաւատութեան ծանրագոյն մեղքը ծանրացած էր սրտիս վրայ, ու մահուան ուրուականը կ՛ոռնար գլխուս մէջ:
………………………………………………………………………………………………………….
Ո՛չ, նահատակին համար չե՛ն սգար, չե՛ն ողբար, նահատակը մեռել չէ՛,
Իւրաքանչիւր նահատակ տասի, հարիւրի, հազարի, միլիոնի յարութիւն է,
Արթնութիւն է անտարբերին,
խիզախում է վախկոտին,
վերադարձի թռիչք է հեռացածին,
Վերածնունդ է այլասերածին…
Նահատակը իր արիւնով կը սրբէ մեր արատաւոր հոգիները. թերահաւատութիւնը կը սատկեցնէ, անտարբերները, նենգամիտները, սադրիչները, պոռոտախօսները, դէսէն դէնէն ճամարտակողները, մեծխօսիկները, եսաապաշտներն ու բոլորը, բո՛լորը ապաշխարութեան բերելով կը մղէ ի մարտ, դէպի մեր նահատակներուն դիրքերը, որ երբեք, երբե՛ք պիտի չպարպուին:
Նահատակութիւնը յաւերժացում է, յաւերժացումն է Ազգիս եւ Հայրենիքիս:
Փառք մարտիրոսաց:
Փառք զինուորեալ մանկանց հայոց: