Հայկական երեսփոխանական պլոքի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրեց հետեւեալ գրառումը.
«Ան հարուստ էր իր գիրքերով… սակայն ըստ երեւոյթին այս օրերուն արգիլուած է նման հարստութիւն մը ունենալ:
Մաղրիպիի գրադարանին հրկիզումը ամօթանք է իւրաքանչիւր քաղաքացիի համար, եւ մեզ կը վերադարձնէ խաւարամտութեան ու Ճենկիզ Խանի դարաշրջանը:
Նոյնիսկ ընթերցումի եւ զարգացումի հաճոյքը արգիլուա՞ծ է աղքատին համար»: