«Ազդակ»-ի 41-րդ առցանց լսարանը, այս տարուան վերջինը, տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 16 դեկտեմբերի երեկոյեան: Լսարանը յատկացուած էր կրթական եւ լեզուական հարցերու, դասախօս` Երեւանի պետական համալսարանի եւ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի դասախօս, լեզուագէտ դոկտ. Յակոբ Չոլաքեանին, նիւթ` Սփիւռքի մէջ արեւմտահայերէնի դասաւանդման նոր ուղղութիւններու խնդիրը: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:
Դասախօսը նախ իրաւամբ իր հիասթափութիւնը փոխանցեց, որ զանազան հարթակներու վրայ նման կրթական խնդիրներու քննարկման կը նկատէ բացակայութիւնը մեր ուսուցիչներուն, որոնք լուռ են նման քննարկումներու եւ բացակայ մեր հանրային հրապարակագրական մարզերուն մէջ:
Դոկտ. Չոլաքեան խօսեցաւ արեւմտահայ նոր դպրոցի ձեւաւորման գործընթացի կարեւորագոյն փուլերուն մասին` վանական բնոյթէն յարանուանական, միաբանական, անհատական եւ միութենական, դպրոցական հաստատութիւններու կայացման հոլովոյթը ներկայացնելով: Դպրոցները եղած են մանչերու, աղջկանց եւ երկսեռ: Ունեցած են նախակրթարանի բաժին, ապա ծաղկոցներ, որոնք վերածուած են մանկապարտէզի. հետագային` միջնակարգ, երկրորդական բաժիններ:
Քոլեճական համակարգը հայկական իրականութիւն ներմուծուած է աւետարանական կրթական պատասխանատուներուն կողմէ: Իսկ արեւմտահայ նոր դպրոցի ծրագիրները ընդհանրապէս ազդուած են եւրոպականէն:
Կրթակարգի առումով սկզբնական շրջանին ներառուած էին դպրոցական կայքին առընթեր տնային ուսուցումը (ամիրաներու ընտանիքներ) եւ հեռակայ ուսուցումը` նամակագրական ձեւով:
Դասախօսը յատկապէս կեդրոնացաւ հայր Արսէն Այտընեանի քննական քերականութեան գիտաշխատութեան վրայ, որ հիմնովին նպաստեց աշխարհաբառին գրական լեզու դառնալուն:
Տրուած ըլլալով, որ դպրոցները ունին տարբեր պատկանելիութիւններ, ազգային դաստիարակութեան մէկ բանաձեւ գոյութիւն չունի: Կան տարբեր մօտեցումներ այս ուղղութեամբ, սակայն բոլորը համաձայն են, որ գլխաւոր միջոցը հայերէն լեզուն է:
19-րդ դարու աւարտին մեր դպրոցներուն մէջ տիրական էր թրքերէնը: Սփիւռքի մէջ նպատակ էր արդէն թրքախօսութիւնը, քրտախօսութիւնը եւ բարբառախօսութիւնը փոխարինել արեւմտահայերէնով: Ուրեմն սփիւռքահայ դպրոցական համակարգը դարձաւ արեւմտահայ նոր դպրոց:
Դոկտ. Չոլաքեան կեդրոնացաւ սփիւռքի արեւելեան գաղութներու առաջին 30-ամեակի ժամանակահատուածին վրայ: Հաստատեց, որ Ցեղասպանութենէն առաջ իսկ, օրինակ Սուրիոյ պարագային, կը գործէին 54 հայկական վարժարան:
Առաջին 30-ամեակի երեւոյթներէն էր գիշերօթիկի դրութիւնը` Նշան Փալանճեանի, Մելքոնեանի եւ Մուրատ Ռաֆայէլեանի օրինակները նկատի ունենալով: Աւելցնել, որ դասաւանդման նոր մեթոտներ չկային:
Դասախօսը դիտել տուաւ, որ 1950-ական թուականներուն այս առումով կը փոխուին միջոցները. մրցունակ ըլլալու պարտաւորութիւնը կը ստիպէ գիտական եւ յարակից նիւթերը տեղական (ոչ հայերէն) լեզուով դասաւանդելու ոչ պետական եւ պետական վարժարաններու մէջ: Ըստ անոր, հայերէնը փաստօրէն կորսնցուց գիտելիքներու ուսուցման լեզուի իր հանգամանքը:
Այստեղ դասախօսը օրինակներ տուաւ սուրիահայ վարժարաններուն կողմէ որդեգրուած մեթոտական միջոցներու` գրաճանաչութեան եւ եզրաբանութեան հայացման աշխատակարգի առումով:
Դոկտ. Չոլաքեան հաստատեց, որ արեւմտահայերէնը ծայրայեղօրէն աւանդապաշտ լեզուի հանգամանքը պահեց` ուղղագրութեան եւ քերականութեան մէջ:
Շատ կարեւոր դիտարկումներ կատարելով` դասախօսը ներկայացուց համակարգչային եւ համացանցային համակարգը մեր դպրոցական ծրագիրներուն մէջ թերի ներառումին մասին: Ան անհրաժեշտ նկատեց հայերէն ստեղնաշարի օգտագործման, թուային հաղորդակցութիւնը հայերէնով կատարելու վարժութիւններու դասաւանդումը` դիտել տալով, թէ ինչ որ տեղի կ՛ունենայ այս առումով ինքնուսուցման սահմաններուն մէջ է:
Դոկտ. Չոլաքեան ողջունեց ներկայ պայմաններուն մէջ արեւմտահայերէնի հեռավար ուսուցման երեւոյթը. միաժամանակ մտավախութիւն յայտնեց, որ չզարգանայ այն մտածումը, որուն համաձայն, եթէ կայ հեռավար արեւմտահայերէնի ուսուցման կարելիութիւն, ապա ինչո՛ւ աշակերտը պիտի յաճախէ հայկական վարժարան, այս առումով ան շեշտեց, որ դպրոցը իբրեւ միջավայր, կառոյց եւ հաւաքավայր անփոխարինելի է:
Հրատապ, այժմէական եւ գործնական ուղիներ մատնանշելու բազմաթիւ օրինակներով յագեցած դասախօսութեան հետեւեցաւ շատ հետաքրքրական քննարկում:
Դասախօսութիւնը կարելի է դիտել «Ազդակ»-ի լսարաններու «Եութուպ»-ի էջին միանալով https://www.youtube.com/watch?v=3wQV0vYoTJs