Նկատի առնելով Ֆրանսայի նախագահին 18 Յունիս 2023-ին տուած որոշումը, որ իր գնդակահարութենէն 80 տարի ետք՝ Միսաք Մանուշեանի եւ իր կնոջ՝ Մելինէի աճիւնները ամփոփուին Պանթէոնին մէջ՝ 21 Փետրուար 2024-ին, Արարատ Գիտութեանց Միջազգային Ակադեմիան յարմար կը դատէ հրատարակել ոչ-սպառիչ ցուցակ մը ժամանակակից եւ այժմէական հայ անձնաւորութիւններու, որոնք սատարած են Գիտութեան եւ Մշակոյթի յառաջդիմութեան՝ իրենց մասնագիտական բնագաւառներուն մէջ.
ԱԼԹՈՒՆԵԱՆ Յովհաննէս…………… Գիւղատնտեսութիւն
ԱԼԻԽԱՆԵԱՆ Աբրահամ………………. Տիեզերական ճառագայթներ
ԱԼԻԽԱՆԵԱՆ Արտեմ………………… Տիեզերական ճառագայթներ
ԱՃԵՄՕՂԼՈՒ Տարօն…………………. Տնտեսագիտութիւն
ԱՅՎԱԶՈՎՍԿԻ Յովհաննէս…………. Ծովանկարչութիւն
ԱՐԱՄ Ա. Կաթողիկոս………………. Համաեկեղեցականութիւն
ԲԱՐՍԵՂՈՎ Եուրի………………….. Միջազգային իրաւաբանութիւն
ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ Գաբրիէլ……………….. Ձեւակերտական վիրաբուժութիւն
ԳԱՐԱԽԱՆԵԱՆ Եդուարդ……………. Գործարանային տարրաբանութիւն
ԳՈՐԿԻ Արշիլ………………………… Վերացական արտայայտութեան նկարչութիւն
ԳՐԳԵԱՇԱՐԵԱՆ Յակոբ………….… Գիտութիւն, խաղաղութիւն եւ ազգագրութիւն
ԳՐԳԵԱՇԱՐԵԱՆ Սերժ..……………. Դարմանական տարրաբանութիւն
ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ Արամ…………….. Երաժշտութիւն
ԿԻՒԼՊԵՆԿԵԱՆ Գալուստ………….. Քարիւղ եւ մարդասիրութիւն
ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄԵԱՆ Վիկտոր……… Աստղաբնագիտութիւն
ՄԵՐԿԵԼԵԱՆ Սերգէյ……………….., Ուսողութիւն
ՄԻԿՈՅԵԱՆ Արտեմ……………………. Օդագնացութիւն
ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆ Արթուր…………… Ովկիանոսագրութիւն եւ շրջավայր
ՍԱՐՈՅԵԱՆ Ուիլիամ……………… Գրականութիւն
ՏԱՄԱՏԵԱՆ Ռէյմոն…………………. Մագնիսական Արձագանգային Նկարահանում
ՓԱԹԱՓՈՒԹԵԱՆ Արտեմ………… Բնախօսութիւն-բժշկութիւն
ՓԱՐԱՋԱՆՈՎ Սերգէյ……………… Շարժանկար
ՕՀԱՆՆԷՍԵԱՆ Եուրի…………….. Կորիզային բնագիտութիւն
Այս ցանկը պիտի ամբողջացուի հետագային։
Փարիզ, 26 Յունուար 2023
Ընդհանուր քարտուղարութիւն