Յ. ՊԱԼԵԱՆ
«Մամուլ» եւ մենք` ծերացած մոլորակի բնակիչներ` բոլոր միջօրէականներու եւ զուգահեռականներու, կարեւորներ եւ շարքայիններ, ղեկավարներ եւ մի ոմն lamda քաղաքացիներ:
Ամէն օր, որ կ’անցնի, կը շեշտուին լայն առումով «մամուլ»-ի դերը եւ ազդեցութիւնը ընկերային-քաղաքական կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ, լրատուամիջոցը ըլլայ` դասական տպագիր, ձայնասփիւռ, հեռատեսիլ, ելեկտրոնային-համացանցային:
Ազատութիւն, այլազանութիւն, չարախօսութիւն, որակ եւ անորակ` կը գոյակցին խառնիճաղանճային կացութեան մը մէջ, յաճախ շուարումի կը մատնեն քաղաքացին, ընտրողը, գնողը, թոշակառուն կամ տանտիկինը: Այսինքն սկզբունքային օգտակար իրատեսութեան կողքին կը գտնենք` շահախնդրութիւնը, քարոզչութիւնը, աննպատակ ցնցողը եւ ուշագրաւը:
«Մամուլի դեր»-ի մասին ո՛չ առաջին եւ ո՛չ ալ վերջին կարծիք յայտնողը պիտի ըլլամ: Մէկ բան որոշ է. ներկայ դրութեամբ հանրային ծառայութեան իր իրաւ կոչումէն հեռանալու մնայուն փորձութեան ենթակայ է «մամուլ»-ի մէկ թեւը` դեռ հասկնալի թիւրէն եւ թերիէն անդին, գիտակցաբար շահախնդրութիւններու եւ կողմնակալութիւններու տիղմին մէջ խրելու համար:
Այս հարցով ֆրանսացի մեծ գրողը` Ալպեր Քամիւ հետաքրքրական միտքեր յայտնած է, որոնք մտածելու պէտք է մղեն ընթերցողը, ձայնասփիւռի լսողը եւ հեռատեսիլի դիտողը, նաեւ` նոյնինքն մամուլի աշխատաւորները: Առանց լուսաբանուելու եւ մտածելու, ինչ որ կը քարոզենք որպէս ազատութիւններ եւ ժողովրդավարութիւն, կը դառնան փուչիկ: Մեր նմանները կը խաբենք, կամ ուրիշներ մեզ կը խաբեն` հաւասարութեան եւ ազատութեան կրկներեւոյթին մառախուղին մէջ:
Իմաստուն դատումներու եւ միտքերու հետ հաղորդուելով` կրնանք մեր ճամբան աւելի լաւ լուսաւորել, իրատես ըլլալ, մենք մեզի խնայել սխալելու տխրութիւնը: Քայլ մըն ալ անդին երթալով` մեր հաւասարները եւ հեռուի ու մօտի բարեկամները եւ նուազ բարեկամները կրնանք լուսաբանել: Այս ընթացքը հանրային դաստիարակութիւն է, յառաջդիմութեան ազդակ, թերեւս նաեւ` խաղաղութեան:
Կ’ուզեմ խորհրդածել` ընթերցողն ալ հրաւիրելով նոյնը ընելու, Ալպեր Քամիւի երկու միտքերուն շուրջ: Ան մեր օրերու «մամուլ»-ի «ազատութեան», անիշխանութեան եւ խառնիճաղաճանճային պատկերը չէր տեսած, բայց իրաւ իմաստունի պէս նախազգացած էր:
Կ’ըսէ. «Թերթ մը ազգի մը խիղճն է»:
Թերթը պէտք է հասկնալ «մամուլ»` իր բոլոր արտայայտութիւններով:
Այս խիտ տարազումը կարելի է ընդհանրացնել եւ ըսել, որ թերթը մարդու խիղճի արտայայտութիւնն է պատմութիւն հիւսող անմիջական ներկայ ժամանակին մէջ, ուր կան` մարդը, ազգը, ընկերութիւնը, հեռուի եւ մօտի միւս ժողովուրդները, ներառեալ` կրօնները, կուսակցութիւնները, պետութիւնները, բոլոր այն կազմակերպութիւնները, որոնք թերթ կը հրատարակեն, որոնք կը ձգտին լուսաբանել կամ առաջնորդել:
Երբ մամուլը դադրի մարդու խիղճի արտայայտութիւն ըլլալու իր կոչումին հնազանդելէ, կը դառնայ ապատեղեկատուութիւն, այսինքն կը դադրի ծառայելէ ճշմարտութեան եւ հանրութեան, կը ծառայէ չարաշահումներու, կեղծիքի, չի յարգեր ընթերցողը եւ մարդը ընդհանրապէս:
Թերթը խիղճ ըլլալու համար մարդկային եւ համամարդկային որոշ արժէքներու բեմ պէտք է ըլլայ եւ անոնց զինաթափ չեղող պահակը` այդ նպատակի իրականացման մօտեցնելով ընթերցողը, ազգը, մարդը, որոնք ըսուածը որպէս իրենց հարազատութիւնը պէտք է ընդունին, իրենք զիրենք տեսնեն անոր մէջ` իրենց յարգելի տարբերութիւններով:
Երկու պարզ ակնկալութիւններ. հասկնալ եւ հարազատ: Ալպեր Քամիւ ինք մեծ մտաւորական էր եւ հասկցած էր որ բոլոր ընթերցողները մտաւորականներ չէին, ինչ որ յաճախ կը մոռնանք, երբ էջ կը սեւցնենք կամ հերցեան ալիքները կը զբաղեցնենք:
Ալպեր Քամիւ կ’ըսէ հետեւեալը. «Անոնք, որոնք յստակութեամբ կը գրեն, ընթերցողներ ունին, անոնք, որոնք խրթնութեամբ կը գրեն մեկնաբանողներ ունին»: Այսինքն խրթնութիւնը կը համարուի բանգիտութեան դրօշակ, եւ մեկնաբանողները կը ծուարին անոր տակ:
Շաւարշ Նարդունի աւելի պարզութեամբ կ’ըսէր, որ կատուին կատու պէտք է ըսել:
Այսինքն որպէս խիղճի արտայայտութիւն` պէտք է ըլլալ ուղղամիտ, առարկայական, անխարդախ ունենալով ճշմարիտը եւ հանրային ծառայութիւնը որպէս նպատակ, չըլլալ «տէրերու ձայն»-ը, միաժամանակ ընդունելով, որ ոչ ոք ճշմարտութեան մենաշնորհը ունի, այսինքն պէտք է գիտնալ հանդուրժել ուրիշներու կարծիքը, քաջութիւնը ունենալ ըսելու մեր խօսակիցին կամ ընդդիմախօսին` «Դուն ալ իրաւունք ունիս», կամ` «Ես ալ կրնամ սխալած ըլլալ»:
Վոլթեր կ’ըսէր, որ կրնամ համաձայն չըլլալ քեզի հետ, բայց պատրաստ եմ կեանքս տալու, որ Դուն կարծիքդ յայտնես:
Ամէն անգամ որ մամուլի մէջ` թերթ կամ հեռատեսիլ, կարդամ կամ լսեմ ազատօրէն արտայայտուող տարբեր կարծիքներ, կը խորհիմ, որ ընկերութիւնը ինքզինք կը մաքրէ եւ կը յառաջդիմէ:
Որպէսզի Ալպեր Քամիւի խօսքը գեղօր չըլլայ աւուր պատշաճի ճառեր զարդարելու, ըլլայ իրապէս ազգի կամ հաւաքականութեան խիղճ, մամուլին եւ լրագրողին պէտք է ընձեռել իր անկախութիւնը, ազատութիւնը: Երբ «մամուլ»-ը կը հակակշռուի զանազան ուժերու կողմէ` պետութեան, դրամատէրերու, քաղաքական այս կամ այն ուժին կողմէ, ենթակայ կ’ըլլայ կորսնցնելու իր խիղճը, հետեւաբար կրնայ ինքզինք դատապարտել անվերականգնելի հակասութեան:
Այս մտածումներու լոյսին տակ, մեր պատմութեան վերականգնումներու ներկայ փուլին, Հայաստան եւ սփիւռքներ «մամուլ»-ը պէտք է վերանուաճէ իր խիղճ ըլլալու ազգային եւ մարդկային դերը, եթէ խոշոր բառերը կը սիրէք` նախախնամական դերը կամ առաքելութիւնը…
Խիղճ ըլլալու համար հոգեպէս ազատ պէտք է ըլլալ եւ ազատութեան հաւատալ: Ազատութեան սահմանափակումը ստրկատիրութեան սկիզբն է:
13 յունիս 2018, Աթէնք