Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Մամուլ, լրատուամիջոց, հարցախոյզ՝ սուտի, ճշմարիտի եւ սխալի ցանցին մէջ

April 27, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
Ո՞ւր Կը Տանինք Հայաստանը. Հանդիսատես Ե՞նք, Թէ Դերակատար

ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ

Թերթ, լրատուամիջոց, ընկերային ցանցեր մաս կը կազմեն մեր առօրեային, ըլլանք անհատ, հաւաքականութիւն, պետութիւն, թէ միջազգայնացած համայնք՝ հեռուի եւ մօտի: Մարդիկ բռնուած են անոնց ցանցին մէջ, անոնք կարծէք կը մտածեն մեր փոխարէն, կ՛առաջնորդեն մեր միտքերը, կ՛ազդեն մեր որդեգրելիք ուղղութիւններուն եւ որոշումներուն վրայ:

Ողջմիտ մարդը,- ընթերցող, քաղաքացի, պատասխանատու,- երբ փորձէ պահ մը դուրս գալ անոնց ցանցէն եւ ինքնուրոյն մտածել եւ դատել, ինքզինք կը գտնէ շփոթեցնող հարցականներու առջեւ. ըսուածները եւ գրուածները ճի՞շդ են, սո՞ւտ են, ձեւափոխուա՞ծ են, կարելի՞ է վստահիլ անոնց դատումներուն եւ ճշմարտութիւններուն: Մանաւանդ երբ ուշադրութիւն գրաւելու համար կը դիմուի ամբոխին կողմէ անմիջականօրէն ակնկալուող եւ չարաշահուող ուշագրաւին, ցնցողին: Հանրութիւնը, իր մեծամասնութեամբ, շատ ալ չի զբաղիր ստացուած լուրերու եւ մեկնաբանութիւններու դատաստանով, կը տպաւորուի եւ համոզում կը գոյացնէ: Այդ կ՛ընեն նաեւ հարցախոյզները, որոնք միշտ ալ ճիշդ չեն, եթէ խարդախուած ալ չըլլան:

Մեծ իրատեսութեան կարիք չկայ հասկնալու, որ ուշագրաւը, ցնցողը, արտառոցը, աւելի ուշադրութիւն կը գրաւեն Նարեկացիի կամ Կոմիտասի մասին գրուածէն եւ խօսուածէն, նոյնիսկ երբ գիտենք, որ անոնք սխալ են, անհաւանական, հնարուած են, բայց տրամադրութիւն կը ստեղծեն, հետաքրքրութիւն կը սրեն, թերթ կը սպառեն, ունկնդիրի ուշադրութիւն կը գրաւեն:

Ուշագրաւը եւ ցնցողը հիմնականէն կը հեռացնեն ընթերցողի, լսողի եւ դիտողի ուշադրութիւնը: Բեմէն խօսող մը, եթէ կարմիր եւ արտառոց փողկապ կը կրէ, հանդիսատեսին ուշադրութիւնը տեւաբար այդ կարմիրին կ՛երթայ: Հայհոյախառն էջ մը, նոյնիսկ եթէ անընդունելի համարուի, աւելի ընթերցող կ՛ունենայ, քանի որ տարբեր է: Ասոր համար ալ լուրջ լրատուամիջոց մը կ՛ունենայ խմբագրական խորհուրդ, ուղղութիւն ճշդելու, տեղեկութեան ճշդութեան եւ ներկայացման հսկելու: Տեղեկութեան վստահելիութիւնը կախում ունի լրատուամիջոցի որակէն, ինչպէս ընդհանրացած է ըսել, որ կը հակակշռէ fake news-ը: Բայց միշտ եղած է եւ կայ թերթին, ձայնասփիւռին եւ հեռատեսիլին ուշադրութիւն գրաւելու, տպաւորելու կամ առաջինը ըլլալու փորձութիւնը:

Մեր օրերուն լրատուամիջոց են նաեւ ընկերային ցանցերը, որոնք կ՛օգտագործուին ընկերութեան բոլոր խաւերուն կողմէ: Մեր պարագային՝ Հայաստան եւ Սփիւռք: Ընկերային ցանցերուն վրայ ամէն բան կարելի է ըսել, արտայայտուողները ամէն բանի մասին կարծիք կը յայտնեն, կը քննադատեն, իրաւ կամ կեղծ դէպքեր եւ «ճշմարտութիւններ» կը գաղտնազերծեն, առանց ճշդումներ կատարած ըլլալու: Լուրջ լրատուամիջոցի «խմբագրական կազմի» հսկողութիւն չկայ: Կ՛աճի հանրային կարծիքի շփոթը, կը յառաջանայ ապակողմնորոշում: Ընկերային ցանցերը իսկական Կափառնայում են, հոն կը յայտնուին ամէն տեսակ յայտարարութիւններ, հակասական կարծիքներ, հակասական ճշմարտութիւններ, բոլոր հարցերու մասին: Ո՛չ կարգ կայ, ո՛չ կանոն, ո՛չ հսկողութիւն:

Իր համակարգիչին առջեւ նստած ամէն անձ ինքնիրեն կրնայ թոյլ տալ ամէն կարգի վերլուծում, ըսել ինչ որ տուեալ պահուն իր խելապատիկէն կ՛անցնի, կրնայ աշխարհի ճակատագիրը որոշել, փոխարինել ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովը:

Ընկերային ցանցերէն առարակայականութիւն պէտք չէ սպասել: Անոնց վրայ սուտը, իրաւը, արդարը, ճիշդը, տրամաբանականը, ակնկալուածը, առարկայականը, վկայութիւնը, իրարմէ ջոկել անկարելի է, քանի որ ամէն անհատ իր ճշամարտութեամբ եւ սխալելու իրաւունքով հոն քառասմբակ կ՛արշաւէ: Արշաւ՝ որուն համար կ՛ըսեն կարծիքի ազատութիւն, ժողովրդավարութիւն:

Նախ պէտք է ուզել fake news-ի զոհ չըլլալ: Թիրախ չըլլալու ազատութիւնը չունինք: Սահմանափակումներ չկան: Եւ կը կանգնինք ընկերային, քաղաքական, մշակութային եւ դաստիարակչական լուրջ խնդրի առջեւ:

Ի՞նչ ընել, երբ ընկերային ցանցեր մուտքը եւ ելքը չեն հակակշռուիր:

Պատասխանը մէկ է. խօսիլ եւ դաստիարակել, ճարտարագիտութեան ընծայած դիւրութիւնը չչարաշահել: Հարցը ընդհանուր է, բայց մենք մեր փոքր ածուին համար կրնա՞նք այդ դաստիարակութիւնը տալ: Անմիջապէս կը հետեւի ինչպէ՞ս հարցումը: Համախոհութեամբ, պէտք է այս դաստիարակչական գործին իրենց մասնակցութիւնը բերեն դպրոցը, եկեղեցին, բոլոր տեսակի լրատուամիջոցները, պետութիւնը, քաղաքական գործիչը, արուեստագէտը, գրողը, ակումբը: Այս ընելով կը նպաստենք ներազգային կեանքի որակաւորման, որպէսզի սուտէն եւ կեղծէն հեռու մնանք:

Ճիշդ է, ընկերային ցանցերը հզօր են, անմիջական են եւ անսահմանափակ: Գիտակցութիւն եւ բարոյականութիւն զարգացնելով միայն առաջքը կ՛առնուի դիւրին ձեռք բերուող բացասականութեան, որուն կ՛ենթարկուինք կրաւորականութեամբ:

Ինքզինք յարգող եւ առարկայական լրատուամիջոցը պէտք չէ ենթարկուի ընկերային ցանցերու գայթակղեցնող ազդեցութեան, զայն չհամարէ արդիականութիւն եւ նորաձեւութիւն: Սուտի եւ կեղծի դէմ պայքարը պիտի մղեն յարգելի լրատուամիջոցները, վասն դիւրութեան եւ ուշագրաւի չըլլան տարածման օղակը ընկերային ցանցերուն, առանց անոնց արդէն, ընկերութիւնները եւ մարդիկ յարաբերելու եւ փոխադարձ հասկացողութեան հարց ունին:

Վարժապետութիւն չէ ինչ որ կ՛առաջարկուի, այլ՝ անհատի եւ ընկերութեան բարոյականացում: Այս պայքարը մնայուն եւ ամենօրեայ պէտք է ըլլայ, որակ տալու համար մարդկային յարաբերութիւններուն:

Ընկերային ցանցերը յառաջդիմութեան չարաշահման բեմ ըլլալէ պէտք է դադրին: Դադրեցնել. ինչպէ՞ս: Այս պատասխանատուութիւնը պէտք է ստանձնեն ծնողները, մտաւորականութիւնը եւ քաղաքական ղեկավարութիւնը:

Եւ տեւաբար պէտք է խօսիլ, լուսաբանել, հսկել, չենթարկուիլ:

Պարզ է. ընկերային ցանցերը կը շահագործուին մեքենայութիւններ («մանիպուլացիա»ներ) սարքողներու կողմէ եւ դարձած են միամիտներու եւ դժգոհներու խաղադաշտը: Անոնց մէջ ճշմարտութիւն պէտք չէ փնտռել:

Ողջախոհ քաղաքացին եւ ղեկավարը պէտք է հասկնան, որ եթէ մէկ կամ հարիւր անձեր նոյն տխմարութիւնը ըսեն, անոնց ըսածը տխմարութիւն ըլլալէ չի դադրիր: Բոլոր մեծ եւ պզտիկ ժողովներու մէջ ըսուածները, յաճախ՝ ուշագրաւ պոռչտուքները, եթէ այսպէս դիտենք եւ դատենք, պառակտումները կը նուազին:

Նուազի-լը-Կրան

Previous Post

Britain’s ‘Hunger Games’ see food becoming a symbol of inequality

Next Post

Demographics push China-India-Russia triple entente

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.