Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Մայիս 28-ի անկախութեան տօնը նշուեցաւ Մեսրոպեանի մէջ

May 28, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Գաղութահայ Կեանք
0
Մայիս   28-ի անկախութեան տօնը  նշուեցաւ  Մեսրոպեանի մէջ

27 Մայիս 2022-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտները նշեցին Մայիս 28-ի Հայաստանի անկախութեան տօնը եւ ոգեկոչեցին յիշատակը այն հերոսներուն, որոնք իրականութիւն դարձուցին հայ ժողովուրդի դարաւոր երազը` վերահաստատելու անկախ պետականութիւնը մայր հայրենիքին մէջ:

Առաւօտեան աղօթքէն ետք, Մեսրոպեանի աշակերտները, վարժարանի շրջափակին մէջ՝ Սուրբ Մեսրոպի յուշակոթողին առջեւ եւ Եռագոյնի հովանիին տակ, համախումբ կատարեցին Սարդարապատ յաղթերգը, որպէս փառաբանութիւն Մայիս 28-ը կերտած հերոսներուն եւ զանոնք ծնած հայ ժողովուրդին, որպէս յարգանքի տուրք՝ հայրենիքին համար ինկած անցեալի եւ մերօրեայ բոլոր նահատակներուն։ Անոն իրենց ձեռքերուն մէջ բռնած էին օրուան խորհուրդը արտայայտող նկարներ ու նշանախօսքեր։

Այս առիթով աշակերտներուն ուղղած իր պատգամին մէջ Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ ըսաւ․ «Վեց դար իր պետականութիւնը կորսնցուցած եւ օտար լուծի տակ ապրած հայ ժողովուրդը Ցեղասպանութենէն հազիւ երեք տարիներ ետք փիւնիկի նման կը յառնէր ու անկախութիւն կը կերտէր։ Ցեղասպան թուրքին դէմ տարուած Մայիսեան յաղթանակներով` Սարդարապատի, Ղարաքիլիսայի եւ Բաշ Ապարանի ճակատներուն վրայ, 28 Մայիս 1918-ին կը ստեղծուէր անկախ Հայաստանի առաջին հանրապետութիւնը, որ հայ ժողովուրդը կը հանէր դարերու իր ստրկութենէն, կը վերականգնէր անոր արժանապատուութիւնը, զայն կը դարձնէր ինքնիշխան եւ կ’ապահովէր անոր գոյատեւումը հայրենի հողին վրայ։» Պարոն տնօրէնը դիտել տուաւ, որ թէեւ Հայաստանի առաջին հանրապետութիւնը կարճատեւ կեանք ունեցաւ, սակայն անիկա հիմք հանդիսացաւ մեր անկախ երկրորդ հանրապետութեան։ «Հայ ժողովուրդը պիտի ամրապնդէ այսօրուայ Հայաստանը` ի խնդիր մեր անկատար մնացած տենչերուն, եւ իրականութիւն դարձնէ Միացեալ Հայաստանի երազը, որուն համար հազարաւորներ նահատակուեցան` Սարդարապատէն մինչեւ Արցախ», եզրափակեց պարոն Գալուստ։

Հաւաքը փակուեցաւ Մեսրոպեան վարժարանի հոգեւոր տեսուչ Տէր Ռաֆֆի քահանայ Յովհաննէսեան օրհնութեան աղօթքով։

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

 

Previous Post

«Փիւնիկ Երեւան»ը՝ Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան

Next Post

Մհեր Գրիգորեան յանձնաժողովներու առաջին հանդիպումը կառուցողական կը համարէ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.