Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Մայիս 9-ին շնորհաւորական ուղերձ մը յղած է Յաղթանակի տօնին, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակին եւ Շուշիի ազատագրման 26-րդ տարեդարձին առիթով: Այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութենէն:
Ուղերձին մէջ ըսուած է.
«Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Հայրենական մեծ պատերազմի եւ Արցախեան ազատամարտի թանկագի՛ն վեթերաններ,
Պաշտպանութեան բանակի յարգարժա՛ն զօրավարներ, սպաներ, զինուորներ,
Հանրապետութեան իշխանութիւններու եւ անձամբ իմ անունով՝ ի սրտէ կը շնորհաւորեմ ձեզ Յաղթանակի տօնին, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակին եւ Շուշիի ազատագրման 26-րդ տարեդարձին առիթով։
Մայիս 9-ը շատոնց արդէն դարձած է մեր հերոս ժողովուրդի յաղթանակներուն խորհրդանիշը։ Պատմութիւնը մէկ անգամ չէ, որ ապացուցած է, թէ տարբեր ժամանակահատուածներու մէջ հայրենիքի համար վճռորոշ պահերուն մենք կրցած ենք համախմբուիլ եւ պաշտպանել համազգային շահը, մեր հողն ու օճախը, ընտանիքն ու փոքրիկները։ Մեր ժողովուրդը յաջողած է այդպէս ընել իր խիզախութեան ու արիութեան, հայրենիքի հանդէպ անսահման սիրոյ եւ նուիրուածութեան, իր միասնականութեան ու անսասան կամքին շնորհիւ:
Մենք միշտ կը յիշենք մեր հերոս հայրերու եւ պապերու սխրագործութիւնները Մեծ Հայրենականին, մենք դաստիարակուած ենք անոնց օրինակով ու նաեւ այդ օրինակով ալ ոգեշնչուած ազատագրած ենք Շուշին, հայկական հինաւուրց բնակավայրերը եւ կերտած ազատ ու անկախ պետականութիւն:
Մեր ժողովուրդի հերոսական աւանդոյթները այսօր կը շարունակէ անկախութեան սերունդը, կը շարունակէ պատուով ու վստահօրէն՝ հարստացնելով մեր տարեգրութեան յաղթական էջերը։
Թանկագի՛ն հայրենակիցներ,
Այս տօնական օրուան առիթով կը շնորհաւորեմ մեր բոլոր քոյրերն ու եղբայրները Արցախի, Մայր Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ: Թող մայիսեան նուիրական յաղթանակները միշտ ուղենիշ ըլլան մեր ժողովուրդին համար եւ տանին դէպի նոր նուաճումներ ու ձեռքբերումներ։ Բոլորիս կը մաղթեմ խաղաղութիւն, բարօրութիւն ու ամենայն բարիք»: