Գրող՝ ճարտարագէտ Թադէոս Եսայեան
Բարի բարի շա՜տ բարի
Ցորենագոյն սեւաչեայ
Մայրս վտիտ ու յոգնած
Մայրս գարուն չունեցաւ
Բայց գարուններ գծգծեց
Ճամբուն վրայ իմ երթին
Որ ծաղիկներ ունենամ …
Ու ծաղիկներ բացուեցան
Ցորենաշատ մաղթանքի
Արտերուն մէջ իմ կեանքի …
Ես սիրեցի իմ ճամբուն
Կակաչները հոն նստած
Կարծես մէն մի կակաչի
Շափրակին մէջ թարթիչուող
Մօրս սեւուկ աչքը կար …
Ես իմ ճամբուս սիրայուշ
Բիւր վարդերն ալ սիրեցի
Բայց ամէնէն աւելի
Դեղին վարդը սիրեցի
Ա՜խ այդ վարդը այդ դեղին
Կարծես թոշնած երեսին
Մօրս դէմքը կար վրան …
Գրող՝ ճարտարագէտ Թադէոս Եսայեան
Պատկերի ձեւաւորում՝ Շաքէ Մանկասարեան