14 Փետրուարին Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կը նշէ Տեառնընդառաջի տօնը, որ կը խորհրդանշէ 40-օրեայ մանուկ Յիսուսի ընծայումը տաճարին:
Բերքառատ տօնի սկիզբն ազդարարուեցաւ 13 փետրուարի երեկոյեան: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին օրհնութեամբ, Սուրբ Գաիյանէ վանքին մէջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանութեան մասնակցութեամբ կատարուեցաւ Երեկոյեան ժամերգութիւն:
Յաւարտ ժամերգութեան, հանդիսապետութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարարապետ Գերաշնորհ Տ․Մուշեղ եպիսկոպոս Բաբայեանի, տեղի ունեցաւ նախատօնակ, ապա կատարուեցաւ նաեւ տարուայ առաջին Անդաստանի արարողութիւնը, որուն ընթացքին օրհնուեցան աշխարհի չորս կողմերը:
Արարողութենէն յետոյ եկեղեցականաց թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Մայր Աթոռի միաբանական շէնքին շրջափակը, ուր, ներկայութեամբ բազում հաւատացեալ հայորդիներու, ձեռամբ Մուշեղ Սրբազանի վառուեցաւ Տեառնընդառաջի խարոյկը, որուն շուրջ համախմբուած Գէւորգեան հոգեւոր ճեմարանի սաները հանդէս եկան հոգեւոր եւ ազգային երգերու կատարումներով:
Տեառնընդառաջի տօնը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ հռչակուած է որպէս նորապսակներու օրհնութեան օր: Այս կապակցութեամբ 14 փետրուարին, եկեղեցիներուն մէջ մատուցուող Սուրբ Պատարագի աւարտին, կը կատարուի նորապսակ զոյգերու օրհնութեան կարգ: