ԱՐԱ ՍԱՆՃԵԱՆ
Մանուէլ Ադամեանի մահուան անդրադառնալը, թէկուզեւ՝ քիչ մը ուշացումով, ինծի համար հոգու պարտք է։
Զինք տեսած եմ պատանեկութեան ու թերեւս նաեւ մանկութեան տարիներէս։ Դպրոցական մտերիմ դասընկերներէս մէկուն մօտիկ ազգականն էր ու իրեն քանի անգամներ հանդիպած էի այդ տան մէջ։ Մեր առաջին զրոյցները տեղի ունեցած էին այնտեղ։
1985-1986-ին, երբ ընտանիքէս ներս որոշում կայացուեցաւ, որ համալսարանական կրթութիւնս փորձեմ շարունակել այդ ժամանակ տակաւին սովետական Հայաստանի մէջ, գիտէինք թէ լիբանանահայութեան յատկացուած տեղերը Լիբանանի մէջ խորհրդային դեսպանատան կողմէ անպաշտօն կը բաշխուէին հնչակեան, ռամկավար ու Լիբանանի Կոմունիստական Կուսակցութեան հայկական հատուածին, ինչպէս նաեւ խորհրդային իշխանութեան համար ընդունելի համարուող մի քանի այլ հայկական հաստատութիւններու միջեւ։ Հայրս, որ իբրեւ արհեստաւոր մի քանի անգամ ելեկտրական շարժիչի նորոգութիւններ կատարած էր խորհրդային դեսպանատան համար եւ այդ ընթացքին ծանօթացած այնտեղ պաշտօնավարող մի քանի հայ եւ ռուս պաշտօնեաներու հետ, լաւագոյնս համարած էր նախ հարցնել անոնցմէ մէկուն խորհուրդը։ Վերջինս յանձնարարած էր, որ դիմեմ հնչակեաններուն միջոցով։ Հօրս յանձնարարութեամբ գացի Պարոն Ադամեանին մօտ՝ իր տնօրինած Սահակ-Մեսրոպեան վարժարանին (Պէյրութի Նոր Հաճըն թաղամաս) մէջ իր գրասենեակը։ Առաջին անգամ է, որ կը հանդիպէինք պաշտօնական միջավայրի մէջ, ու այդ հանդիպումով սկսաւ Հայաստանի մէջ ուսումնառութեանս հնգամեայ ճանապարհը։
Սակայն, Պարոն Ադամեանին եւ իր ընտանիքին հետ սերտ ծանօթութիւնս իրականացաւ Լոնտոնի մէջ ուսումնառութեան տարիներուս՝ 1991-1994-ին։ Հայաստան ուսանած տարիներուս, որոնք միաժամանակ Լիբանանի մէջ քաղաքացիական պատերազմի ամենաթէժ տարիներէն էին, Ադամեաններն ալ՝ տասնեակ հազարաւոր լիբանանահայերու նման, արտագաղթած էին ու հաստատուած Լոնտոն։ Իմացած էր, որ ուսումս պիտի շարունակեմ Լոնտոնի մէջ ու լուր ուղարկած որ հասնելէս ետք կապուիմ հետը։ Այդպէս ալ ըրի. երբ քեզի համար ամբողջովին նոր քաղաք մը տեղափոխուիս, յատկապէս՝ սկզբնական շրջանին, ծանօթ մարդու կարօտը ամենաշեշտուած զգացումներէն կ’ըլլայ։ Շատ ուրախացաւ, որ համալսարանին կողմէ ինծի առաջարկուած ուսանողական կացարանը իրենց տան մօտ էր։ Ատկէ ետք, երեք տարի շարունակ, իրենց տան հաւատարիմ «յաճախորդներէն» էի։ Այդ ընթացքին, ծանօթացայ ընտանիքի միւս անդամներուն, ներառեալ՝ որդին՝ վաղամեռիկ Յակոբը, որ ինծի տարեկից էր։ Նոյնիսկ, մի քանի անգամ հեռաձայնած է ու յորդորած, որ «փիժամաս» հետս տանիմ։ Սովորաբար, այն պարագաներն էին, երբ այլ հիւրեր ալ կ’ունենային, յաճախ՝ Հայաստանէն։ Այդ հանդիպումներուն ընթացքին առաջին անգամ մօտիկէն տեսած եմ հանրածանօթ անձինք։
Կը յիշեմ նաեւ, որ Պարոն Ադամեանը պնդեց, որ անպայման ինք գրէ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութենէն կրթանպաստ ստանալու համար դիմումնագրին հետ պահանջուած երկու յանձնարարագիրներէն մէկը՝ իբրեւ համոզիչ փաստարկ ներկայացնելով Զաւէն Եկաւեանին հետ իր անձնապէս ծանօթ ըլլալուն փաստը։
Լոնտոնի մէջ ուսումնառութեանս շրջանն աւարտելէս ետք, հանգամանքները ձեռնտու չեղան, որ կանոնաւորաբար շարունակուի այդ երեք տարիներուն ընթացքին ստեղծուած կապը, բայց այդ տարիներու յուշերը տակաւին ջերմ կը մնան յիշողութեանս մէջ։
* * * * * *
Այս գրութեանս աւարտին, եւ միայն պատմութեան համար, թուղթին յանձնեմ նաեւ այդ երեք տարիներէն յուշի պատառիկ մը, որ կը վերաբերի Պարոն Ադամեանին եւ խորհրդային գաղտնի սպասարկութիւններուն՝ KGB-ին․․․
KGB-ի արխիւներէն գաղտնաբար արտագրուած եւ յետոյ բրիտանական հետախուզութեան յանձնուած Վասիլի Միթրոխինի նիւթերուն մասին առաջին հրատարակութիւնները լոյս տեսան 1999-ին, իսկ իսկ ռուսերէն բնագրին վերծանումը հանրութեան մատչելի դարձաւ 2014-ին։
Այդ ցուցակներուն մէջ յիշատակուած են նաեւ Տէր եւ Տիկին Ադամեանները՝ կազմակերպութեան ներքին օգտագործման համար իրենց ծածկանուններով հանդերձ։ Օրին, Պարոն Ադամեանին ներկուսակցական հակառակորդները Լոնտոնի մէջ փորձեցին հանրայնացնել այս փաստը՝ իրենց մրցակիցը վարկազրկելու համար։
Անկախ այդ հանգամանքէն, ես ալ՝ իբրեւ Պաղ Պատերազմի ժամանակաշրջանով հետաքրքրուած անձ, որոշ ժամանակ տրամադրեցի՝ փորձելով հասկնալ Միթրոխինի ցուցակներուն վրայ իրենց անուններով յիշատակուած սփիւռքահայերուն դերը, ինչպէս նաեւ բացայայտել այնտեղ անուղղակիօրէն յիշատակուածներուն ինքնութիւնը։ Գոնէ ինծի համար, կարեւորագոյնն էր այդ անուններուն ընդմէջէն փորձել կռահել թէ KGB-ն՝ սփիւռքահայերու միջոցով, ի՛նչ տեսակ տեղեկութիւն կ’ուզէր ձեռք ձգել եւ ըստ այնմ՝ ենթադրել թէ, ո՛րն էր KGB-ին սփիւռքահայերու միջոցով հետապնդած նպատակներուն տրամաբանութիւնը։ Շատ օգտակար եղան նաեւ այս կապակցութեամբ Ֆելիքս Քորլիի հետ անհատական քննարկումներս։ Ան կը շեշտէր թէ այս ցուցակը KGB-ի մոսկովեան կեդրոնինն է, իսկ KGB-ի երեւանեան մասնաճիւղը կրնար հետաքրքրութիւններու քիչ մը տարբեր շրջանակ եւ ըստ այնմ տարբեր ցուցակներ ունենալ։ Եզրակացութիւններէս մէկն այն է, որ այդ մոսկովեան ցուցակներուն մէջ տեղ գտած բոլոր սփիւռքահայերը պէտք չէ՝ ինչպէս արեւելահայերը կ’ըսեն, նոյն արշինով չափել․ այնտեղ յիշատակուած անձինք յաճախ իրարմէ շատ տարբեր ծաւալի գործակցութեան մէջ եղած են KGB-ի հետ՝ ձեւական-անցողիկէն շատ խոր։
Ադամեաններուն պարագային, ցուցակին վրայ արձանագրուած իրենց կեղծանունները ենթադրել կու տան թէ կապը անցողիկ չէ եղած, ինչպէս կրնայ ըլլալ նոյնտեղ յիշատակուած այլ անձանց պարագային։
Բայց այս բոլորը նախաբան է միայն, որ պատմեմ վերեւ ակնարկած դրուագս, որ կարճ զրոյց մըն է, որ տեղի ունեցաւ Ադամեաններու Լոնտոնի բնակարանին մէջ, հաւանաբար 1991-ի վերջաւորութեան կամ 1992-ին, երբ տակաւին Միթրոխինը իր տուեալները չէր յանձնած բրիտանացիներուն։
Պարոն Ադամեանին հետ այդ տարիներուն քննարկած ազգային, պատմական ու քաղաքական թեմաներս բազմազան եղած են։ Այսօր յստակ չեմ յիշեր թէ ճիշդ ի՛նչ կապակցութեամբ իրմէ լսեցի այն խրատը, որ պիտի վերարտադրեմ այստեղ։ Յաճախ խօսած ենք սփիւռքահայ քաղաքական շրջանակներու տարբեր երկիրներու պետական մարմիններու հետ ունեցած առնչութիւններուն մասին։ Երեւի այս ծիրէն ներս թեմա մըն էր, երբ – կ’աւելցնէի՝ հօրեղբօր մը բնորոշ հոգածութեամբ – զիս զգուշացուց, որ հեռու մնամ Հնչակեան Կուսակցութեան մօտիկ համարուող երկու հոգեւորականներէ․ անոնց KGB-ի հետ կապերը, ըստ իրեն, պէտք եղածէն աւելի սերտ էին։ Ասոնք իր ճշգրիտ բառերը չեն։ Ատոր համար ալ չակերտներ չօգտագործեցի։ Բայց կը վստահեցնեմ թէ լրիւ արտայայտեցի իր խօսքին ոգին։ Երբ տարիներ ետք Միթրոխինի ցուցակները մատչելի դարձան, այդ երկու հոգեւորականներուն անուններն ալ այնտեղ կային։ Անոնցմէ մէկը տակաւին ողջ է ու մէկ-մէկ հարցազրոյցներ ալ կու տայ հայաստանեան լրատուամիջոցներուն։
Աւելի պիտի չմեկնաբանեմ այս միջադէպը։ Չունիմ յաւելեալ եզրակացութիւններ, զորս գաղտնի կը պահեմ։ Պարզապէս այս շատ փոքրիկ փաստն ալ թող տեղ մը արձանագրուած ըլլայ։ Չեմ գիտեր եթէ օր մը պատմաբանի մը կրնայ օգտակար ըլլալ։
Ինծի համար համոզում կը մնայ, որ Պարոն Ադամեանը միշտ անկեղծ եղած է Հայաստանին ու հայութեան օգտակար ըլլալու իր ցանկութիւններուն եւ արարքներուն մէջ, բնականաբար՝ իր գաղափարական համոզումներուն պրիսմակէն ըմբռնելով ու մեկնաբանելով հայկական իրականութիւնը։