Փարիզեան Շրջան – Նէոյի – ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ
Ֆրանսահայ նախկին ռազմիկներու եւ դիմադրականներու ազգային ընկերակցութեան երկար տարիներու նախագահ Անթուան Պաղտիկեան երբ 1980-ականներու սկիզբը կը ծանօթանար Միսաք Մանուշեանի այրիին՝ Մելինէ Մանուշեանի հետ՝ կ՚անդրադառնար, որ Մանուշեանի խումբի հերոսներու յիշատակը ըստ արժանւոյն, տարեկան պատշաճ արարողութեամբ ոգեկոչելու պահանջը կայ։ Եւ կը սկսէր այդ ուղղութեամբ աշխատանքները, որոնք տուին իրենց պտուղները։ Այսպէս, Պաղտիկեան նաեւ մտածած էր, որ Մանուշեանի խումբի 23 անդամներուն գրեթէ կէսը ըլլալով Հրեաներ՝ ամէնէն ճիշդ ճամբան է աւանդական յատուկ արարողութիւններու հիմքը դնել հրեայ համայնքին հետ գործակցաբար։ Եւ երբ քանի մը տարի առաջ կը ծանօթանար այն ատեն Ֆրանսայի բանակի հրեայ զինուորներու հոգեւոր հովիւ, իսկ ներկայիս Ֆրանսայի ռաբունապետ Խաիմ Գորսիայի հետ, ձեւ կը ստանար այդ երազանքը եւ 2011-ին տեղի կ՚ունենար ոգեկոչման հայ-հրեայ միացեալ առաջին արարողութիւնը։ Այդ թուականէն ի վեր ամէն տարի կը կազմակերպուի ոգեկոչման սոյն հանդիսութիւնը, փոխն ի փոխ՝ Փարիզի Ս. Յովհաննէս-Մկրտիչ մայր տաճարին եւ սինակոկի մը մէջ, Մանուշեանի եւ իր ընկերներու գնդակահարման՝ 21 Փետրուարին մօտ թուականի մը։
Ոգեկոչման այս տարուան հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի,20 Փետրուարին, Նէոյիի սինակոկին մէջ, ներկայութեամբ բազմաթիւ անձնաւորութիւններու, ինչպէս՝ Փարիզի 8-րդ եւ 16-րդ թաղամասերու քաղաքապետերը, ՀՀ դեսպանուհի տիկ. Յասմիկ Տոլմաջեան, Ֆրանսայի մէջ Արցախի մնայուն ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան, CCAF-ի համանախագահ Արա Թորանեան, Հայց. առաքելական եկեղեցիէն Գէորգ սրկ. Ալեքսանեան, Փարիզի մեծ մզկիթէն Սլիման Նատուր, Ֆրանսայի կիպրական համայնքի նախագահ Եւակորաս Մաւրոմաթիս եւ բազմաթիւ ընկերակցութիւններու պատասխանատուներ ու ներկայացուցիչներ։
Բացումը կատարեց ռաբունի Մոիզ Թայէպ, որ արարողութեան հանդիսավարն էր։ Ապա խօսքը տուաւ Անթուան Պաղտիկեանին, որ յուզիչ ելոյթ մը ունեցաւ, շեշտը դնելով Հայոց ցեղասպանութենէն Դիմադրական շարժում երկարող ճամբուն եւ անոնց առնչութեան վրայ։ Յիշեց Մանուշեանի խումբի վերջին վերապրող Արսէն Չաքարեանի թարմ յիշատակը։ Ելոյթներով յաջորդեցին տիկին Տոլմաջեան եւ ռաբունապետ Գորսիա, որոնք դրուատեցին օրուան մեծարեալ 23 նահատակ հերոսներուն վճռակամութիւնն ու անձնուրացութիւնը։
Մանուշեանի եւ ընկերներուն համար Արակոնի յօրինած՝ «Տուներ՝ յիշելու համար» («Strophes pour se souvenir») հիանալի բանաստեղծութեան ընթերցումէն ետք՝ հնչեցին հայերէն եւ եբրայերէն սրտայոյզ աղօթքներ. «Տէր, ողորմեա՜»-ն երգեց պարիթոն-պաս Ատամ Պառօ։
Արարողութիւնը վերջ գտաւ Մանուշեանի խումբի 23 անդամներու անուններուն մէկ առ մէկ յիշատակումով։ Յաջորդեց աւանդական աղօթքը՝ ի փառս Ֆրանսայի Հանրապետութեան։
Աւարտին, շուրջ 200 ներկաները առաջնորդուեցան կողքի սրահը՝ ընդունելութեան, բարեկամութեան բաժակով մը փակելու համար այս տարուան ձեռնարկը։
Թ.Շ. ■