Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտ ակումբը դատական հայց պիտի բարձրացնէ փորթուգալացի յարձակող Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի դէմ: Վերջինս, հարցազրոյցի մը մէջ քննադատած էր ակումբի ղեկավարութիւնը, աւելցնելով նաեւ, որ չէր յարգեր խումբի գլխաւոր մարզիչ Էրիք Տէն Հաակը:
Ակումբին կողմէ տարածուած յայտարարութեան մէջ ըսուած է.« Մանչեսթըր Եունայթըտ համապատասխան քայլերու ձեռնարկած է՝ կապուած Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի վերջին հարցազրոյցին հետ: Ակումբը ոչ մէկ մեկնաբանութիւն պիտի կատարէ, մինչեւ դատական գործընթացին աւարտը»:
Ռոնալտօ այս օրերուն Փորթուգալի հաւաքականին հետ կը պատրաստուի Մոնտիալ 2022-ին: