Եթէ Աստուած մարդը ստեղծած է ջուրով շաղախուած հողէն, ապա այն հողը, որմէ ստեղծուած են Տիգրան եւ Արաքս Մանսուրեանները՝ վերցուած է Հայաստանի խորքէն եւ շաղախուած է երաժշտութեամբ…
Շատ դժուար է գրել այս երկու անհատականութիւններու մասին. խանգարողը ակնածանքն է, սակայն, կու գայ նաեւ պահ մը, երբ անոնց պարգեւած հոգեպարար ապրումներուն շնորհիւ` հոգիդ այնքան կը հարստանայ, որ այլեւս չգրելը անհնար է…
Մայիս 4-ին, երբ Կամերային երաժշտութեան տան մէջ ելոյթ ունեցաւ ճաբոնցի դաշնակահար Թաքահիրօ Ագիպան, իբրեւ օրուան պատուաւոր հիւր՝ ելոյթ ունեցաւ նաեւ օփերային աշխարհահռչակ երգչուհի, սոփրանօ Արաքս Մանսուրեան…
Համերգասրահ փութացող հանդիսատեսի մեծ մասը մեծահասակներ էին, որոնց աչքերուն մէջ անցած օրերու կարօտ կար. անոնք եկած էին հանդիպելու իրենց անցեալի բեղուն օրերուն՝ Արաքս Մանսուրեանի անկրկնելի կատարումներուն հետ…
Ուրախալի էր նաեւ երիտասարդ սերունդի ներկայութիւնը՝ երազանք իրականացնողի հայեացքներով եւ չզսպուող արցունքներով…
Արաքս Մանսուրեանի բեմ յայտնուելու առաջին քայլն անգամ, իւրաքանչիւր շարժումը, հայեացքը, շունչը երաժշտութիւն էր՝ կարօտաբաղձ հանդիսատեսի հիացումի լռութեան մէջ… Հնչեց “Մանի ասեմ ծաղիկ ասեմ”-ը, զոր կատարողը ամենաչքնաղ ծաղիկն էր, “Մարոն ա Կայնել” իր հոգիի մէջ պատող ողջ խաւարով, հնչեց “Կանչէ կռունկ”-ը եւ այնպէ՛ս կանչեց, որ ամենահին օրերն անգամ փութալով եկան… եկան արարչական ձայնով, կատարումի գերվարպետութեամբ… “Քուն եղիր բալաս”-ը այնքան գնգոյշ էր եւ զգայացունց, որ հանդիսատեսը տեսաւ կատարողի գիրկը մուշ մուշ քնացող մանկիկը, մօր նուրբ հպումներն ու մայրական զգացումը … Իսկ “Գարունա”-ն կատարելու ժամանակ՝ Արաքսը իր ողջ էութեամբ այնքան տրուած էր երգին, որ հանդիսատեսի աչքին պատկերուեցաւ մեր ազգի ողջ տառապանքը, կարծես անոր Աստուածային ձայնին մէջ միաձուլուած էին մի քանի սքանչելի ձայներ…
Արաքսի կատարումներով հիացած էր նաեւ Տիգրան Մանսուրեանը, մեր օրերու ամենամեծ ՄԱՐԴն ու ԵՐԱԺՇՏԱՀԱՆ-ը։ Աւագ եղբօր թաց աչքերը կը վկայէին, որ ան իր քրոջ եդեմական ձայնին ուղեկցութեամբ իյնկած է յիշողութեան գիրկը՝ վերապրելով անցեալի դժուար եւ այնուամենայնիւ քաղցր օրերը … Անոր աչքերուն առջեւ անկասկած Ցեղասպանութեան սարսուրը տեսած ու մանկատան դառնութիւնը ապրած ծնողներն էին…
Ինչ խօսք, դաշնակահար Թաքահիրօ Ագիպայի կատարումները սքանչելի էին եւ շատ հայեցի, սակայն մեր եւ Թաքահիրոյի հոգիները հարստացնողը Մանսուրեանական արարչական շունչն էր…
***
Մայիս 12-ը եւս հոգին հարստացնող սքանչելի առիթ էր, երբ Հենրիկ Մալեանի անուան թատրոնէն ներս տեղի ունեցաւ Արաքս Մանսուրեանի երեք ձայնասկաւառակներու շնորհանդէսը։
Ձայնասկաւառակներէն մէկը հայ հեղինակներու երգերն են՝ Կոմիտաս, Սայաթ Նովա, Ա. Տիգրանեան, Ա. Խաչատրեան, Խ. Աւետիսեան, Գ. Երանեան, Բ. Կանաչեան, Հ. Պէրպէրեան, երկրորդ ձայնաւկաւառակը Տիգրան Մանսուրեանի հեղինակած «Ոկալ շարքեր»-ն են, որոնց մէկ մասը հեղինակը նուիրած է իր քրոջը եւ վերջինս եղած է նաեւ ա՛յդ երգերու առաջին ու անկրկնելի կատարողը։
«Հոգեւոր երգեր»-ու ձայնասկաւառակը, նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին, յատկապէս Ցեղասպանութեան ականատեսներ՝ Մանսուրեաններու հօրը Եղիա Մանսուրեանին եւ մօրը Աննա Փամբուկեանին… “Սուրբ- սուրբ”, “Տէր ողորմեա”, “Միայն Սուրբ”, “Ուր ես մայր իմ” եւ ոչ միայն…
Երեք ձայնաւկաւառակ, որոնք ստեղծագործ ողջ կեանքի մը արգասիքն են, մեր ազգի հարստութեան մէկ մասնիկը, մեծ ժառանգ, զոր մեզ նուիրեցին Ցեղասպանութեան ականատես ծնողներու զաւակները՝ հաստատելու համար, որ մենք կանք՝ Մանսուրեանական երկնային հոգեպարար շունչով, որ մեր ազգի յաւերժական յաղթանակներէն մէկն է…
Յ. Գ. Արաքս Մանսուրեան առ այսօր որեւէ կոչում չունէր, Հայաստանէն ստացած իր միակ պարգեւը ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կողմէն տրուած “Կոմիտաս”-ի անուան մետալն էր, որուն համար ժամանակին ան այնքա~ն յուզուած էր, որովհետեւ նախ մետալի անունուանումը՝ Կոմիտասը Արաքսի համար իր ողջ աշխարհն ու էութիւնն է,- “ես միշտ Կոմիտասի հետ եմ”,- ըսաւ ան իր հրեշտակային ժպիտով եւ ցոյց տալով Կոմիտասի նամականիներու գիրքը, որ միշտ իր հետ է։ Արաքս Մանսուրեան յուզուած էր նաեւ, որովհետեւ վերջապէս եղաւ պետական կառոյց մը, որ զինք գնահատել գիտցաւ:
Այսօր` 13 Մայիս 2015-ին, Կոմիտասի անուան երաժշտանոցի տնօրինութիւնը Արաքս Մանսուրեանին շնորհեց պատուաւոր փրոֆեսըրի կոչում. երգչուհին որեւէ այլ կոչում չունի, որուն համար երկրի համապատասխան մարմիններու փոխարէն ու երկրի համար ցաւ կ’ապրի երգչուհին, այո երկրի համար, որովհետեւ որեւէ կոչում այլեւս Արաքս Մանսուրեանի բարձրագոյն արժէքին վրայ բան աւելցնելու ի զօրու չէ… “Վաստակաւոր արտի՞ստ”, ստացողներէն ո՞վ ունի այն վաստակը, որ ունի եւ կը շարունակէ ունենալ Արաքս Մանսուրեանը, որուն արհեստավարժ վարպետութիւնն ու հայեցի ոգին, շունչը օտարն անգամ կը հայացնէ։ “Ժողովրդական արտի՞ստ”, Սերգէյ Փարաջանով, Համօ Սահեան, Հենրիկ Մալեան, Թաթուլ Ալթունեան, Սոս Սարգսեան, մի՞թէ այս եւ այլ հեղինակութիւններու տուած կարծիքը՝ Արաքս Մանսուրեանը ամենաժողովրդական երգչուհին դարձնելու ի զօրու չեն, մի՞թէ այս հեղինակութիւններուն եւ երգչուհիի բազմահազար հայ եւ օտար հանդիսատեսի երբեմն պաշտամունքի հասնող սէրն ու ակնածանքը իրեն համար վեր չեն որեւէ կոչումէ…
Երբ “Մալեան” թատրոնի մուտքի սրահին մէջ Արաքս Մանսուրեանը նկատեց Հենրիկ Մալեանի լուսանկարը, ուզեց նկարուիլ լուսանկարին հետ, իսկ դիմացը կեցած էր Հենրիկ Մալեանի արժանաւոր դուստրը՝ Նարինէ Մալեանը։ Միայն այդ պահը այնքան “ժողովրդական էր”, որուն համար կ’արժէ անտեսել համաշխարհային կոչումներն անգամ… Արաքս Մանսուրեանի հայեացքին մէջ պատկառանք կար վարպետի նկատմամբ, իսկ Նարինէ Մալեանի թաց աչքերուն մէջ …
Արաքս Մանսուրեանին ամենաբարձր կոչում տալը մեր երկրի համար է անհրաժեշտ, որպէսզի երբ երգչուհին զինք այնքան սիրող ու յարգող օտար աշակերտներուն կամ հանդիսաետեսին ներկայանայ իր երկրի բարձր կոչումով, անոնք հասկնան, որ մենք մեր արժանի զաւակները ճիշտ գնահատող երկիր ենք: